ՅԱԿՈԲԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յայտնի ուտահարներ՝ հայր ու որդի Ռիչըրտ եւ Հերոլտ Յակոբեանները, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Իսթանպուլ։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ, բարեկամական շրջանակէ ներս մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր Ռիչըրտ Յակոբեանի համար։ Թուրք երաժիշտներու հետ նուագած եւ մեներգներով ալ հանդէս եկած էր Ռիչըրտ Յակոբեան։
Այդ ձեռնարկին յաջորդած քանի մը օրերուն ընթացքին Ռիչըրտ եւ Հերոլտ Յակոբեանները ժամանակ անցուցին քաղաքիս մէջ՝ շփուելով իրենց բարեկամներուն հետ։ Այս շրջագծով անոնք երէկ յետմիջօրէին փութացին նաեւ խմբագրատունս՝ հաշուի առնելով, մանաւանդ, որ թերթս լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած էր մեծարանքի հանդիսութեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին իրենց ընթացիկ գործունէութեան շուրջ եւ ընդգծեցին Իսթանպուլ այս վերջին այցելութեան վերաբերեալ իրենց դրական տպաւորութիւնները։