ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՍՈՂԻԿ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԴԷՊԻ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին վեր­ջերս Հին տո­մա­րի հա­մա­ձայն նշեց Տի­րոջ Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րը։ Այս առ­թիւ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Իս­թան­պու­լէն դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ կազ­մա­կերպո­ւե­ցաւ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն։ Պէ­յօղ­լուի Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը այս տա­րի Ս. Ծննդեան առ­թիւ մեկ­նե­ցաւ Սուրբ Քա­ղաք, ուր ի­րա­կա­նա­ցուց եր­գե­ցո­ղու­թիւն­ներ, Նշան Չալ­կը­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բը գլխա­ւո­րեց դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, ո­րու կող­քին էր նաեւ Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան։ Ասողիկ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ուխ­տա­ւո­րաց խում­բին կո­րի­զը կը կազ­մէին, այս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին՝ շնոր­հիւ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ըն­ձե­ռուած մի­ջոց­նե­րուն։ Ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս խրա­խու­սե­ցին նման կա­րե­ւոր ծրա­գիր մը։

Երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ իս­թան­պու­լա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը Սուրբ Երկ­րի մէջ մաս­նակ­ցե­ցան բո­լոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն եւ շրջե­ցան Տէ­րու­նա­կոխ սրբա­վայ­րե­րը, ինչ որ հո­գե­ւոր մեծ հրճուանք առ­թեց ի­րենց։ Հա­յոց վան­քէն ներս ալ ա­նոնք ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քի ար­ժա­նա­ցան Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ սա­ղի­մա­հա­յու­թեան կող­մէ։ Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ, Ծննդեան Այ­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր ա­նոնք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րի մը։ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս պոլ­սա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ։

Ա­սո­ղիկ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ իս­թան­պու­լա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձան քա­ղաքս։   

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016