ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ համերգ մը։ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելանին ձօնուած փառաշուք երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Երաժշտասէրները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ, որու ընթացքին Սարգսեան ամոլի կողքին պատուոյ օթեակին մէջ էին նաեւ յայտնի երաժիշտ Քրիստոֆ Պենտերեսքի եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ գերազանց յաջողութիւնով մը, Սէրկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Հարկ է նշել, որ այս առթիւ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեան արժանացաւ վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման։
Չորս ժամ տեւեց հանդիսաւոր այս համերգը, որ նուագախումբին տեսակէտէ իւրայատուկ հաշուետուութիւն մըն էր։ Ծրագրին մասնակցեցաւ նաեւ Պենտերեսքի։ Երեկոյթի ընթացքին արձանագրած յաջողութիւնով առանձնացաւ նաեւ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան։ 2005 թուականին ստեղծուած նուագախումբի այս յոբելենական համերգին շրջագծով հանդէս եկան նաեւ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան, ջութակահարներ՝ Հայկ Կազազեան եւ Եոքա Ցոպօ, դաշնակահար Ալեքսանտր Ռոմանովսքի եւ այլք։ Յայտագրին մաս կազմեցին Մոցարթի, Ռախմանինովի, Չայքովսքիի, Փիացոլայի, Փիովանիի, Խաչատուրեանի, Յարութիւնեանի եւ Պենտերեսքիի ստեղծագործութիւնները։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ նուագախումբի շուրջ տասն անդամներն ալ պարգեւատրուեցան այս յոբելեանին առթիւ։