ԴԱՐԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԵՐԹԵՒԵԿ

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100» մա­տե­նա­շա­րէն հրա­տա­րա­կուած ա­ռա­ջին ե­րեք գիր­քե­րու հա­մա­տեղ շնոր­հան­դէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին բնո­րո­շեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն օ­րա­կար­գը։ Իս­կա­պէս փայ­լուն ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, որ իր ո­րա­կով ու մա­կար­դա­կով ա­ռանձ­նա­ցաւ՝ ներ­կան եւ ան­ցեա­լը ըն­դե­լու­զե­լով։ Այս շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ լոյս տե­սած ե­րեք գիր­քեր, ո­րոնք վեր­ջին շրջան­նե­րուն ար­ժա­նա­ցած են մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Այդ գիր­քերն են՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի (Քա­սիմ) «Օ­րուան մտա­ծում­ներ (1908-1913)»ը, Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեա­նի (Ե­րու­խան) «Փոքր Ա­սիոյ մէ­ջէն»ը եւ Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի «Յօ­դուած­ներ»ը։ Շուրջ դար մը ա­ռաջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րու այս ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը թէ՛ լոյս կը սփռեն ի­րենց գրի առ­նուած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վրայ եւ թէ շատ յատ­կան­շա­կան զու­գա­հե­ռա­կան­ներ ու­նին մեր ար­դի ժա­մա­նա­կի օ­րա­կար­գին հետ։ Այս հան­գա­ման­քը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րէ այս գիր­քե­րուն ար­ժէ­քը, իսկ Շա­բաթ օ­րուան ձեռ­նար­կը դա­րե­րու մի­ջեւ եր­թե­ւե­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռեց գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, յի­շեալ գիր­քե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու, ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ գրա­սէր­նե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար հա­մախմ­բուած էին հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնք իս­կա­պէս ար­դա­րա­ցու­ցին ի­րենց վրայ դրուած յոյ­սը ու շատ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ստեղ­ծել յա­ջո­ղե­ցան թէ՛ այդ ե­րեք գիր­քե­րուն եւ թէ ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ար­ծար­ծուած զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Anadolu Kültür-ի ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Ե­րե­կոյ­թին նա­խա­գա­հեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան  մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, սա­նուց միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ գրա­սէր հիւ­րեր։ Թէեւ խոր ծալ­քե­րով նիւ­թեր կ՚ար­ծար­ծուէին այս ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով, սա­կայն հա­ւա­քոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան դահ­լի­ճէն ներս տի­րեց ջերմ եւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լորտ։

Ձեռ­նար­կին յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Դա­լար Քէօ­սէօղ­լուի, ո­րու ող­ջոյ­նի խօս­քով բա­ցուե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը։ «Ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի խաչ­մե­րու­կին» խո­րագ­րեալ հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ու­րոյն կար­ծիք­նե­րու, ե­զա­կի դի­տար­կում­նե­րու տա­րափ մը ապ­րուե­ցաւ, ինչ որ իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր ու շա­հե­կան՝ հան­դի­սա­տես­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­յու­թեան ար­դի օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րուն շուրջ ո­րո­նում­նե­րու եւ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ պա­տու­հան­նե­րու ա­ռիթ ըն­ձե­ռեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս յատ­կան­շա­կան ժա­մադ­րու­թիւ­նը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը իս­կա­պէս յա­գե­ցան գա­ղա­փար­նե­րով ու մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լով մտա­յին լուրջ վար­ժան­քի մը։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, որ ը­սաւ, թէ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100»  մա­տե­նա­շա­րը ա­ռիթ մըն է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ան­տակ խոր­քե­րէն դուրս բե­րե­լու, մամ­լոյ գե­րեզ­ման­նոց­նե­րէն լոյ­սին բե­րե­լու, յա­րու­թեան շունչ տա­լու, մո­ռա­ցու­թե­նէ ա­զա­տե­լու մեր դա­սա­կան հե­ղի­նակ­նե­րուն ցի­րու­ցան գոր­ծե­րը։ Իր խօս­քե­րով, ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րուան հնու­թեամբ գրու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ամ­փո­փուած են այս ե­րեք գիր­քե­րուն մէջ, չեն կար­դա­ցուիր պատ­մա­կան երկ մը ըն­թեր­ցե­լու կամ ան­ցեա­լը քրքրե­լու, զայն պե­ղե­լու նպա­տա­կով, այլ կար­դա­լու ժա­մա­նակ իսկ ըն­թեր­ցո­ղը կ՚անդ­րա­դառ­նայ, թէ ինչ­պէս ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քէն է­ջեր կը փռուին իր առ­ջեւ։ Ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի զու­գա­հե­ռա­կան­նե­րուն, նմա­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան հե­տաքրք­րա­կան մէջ­բե­րում­ներ ը­րաւ յի­շեալ գիր­քե­րէն եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ գիր­քե­րը պի­տի չըն­թեր­ցուին մի միայն որ­պէս ըն­թեր­ցա­նու­թեան նիւթ եւ ա­նոնց է­ջե­րու թղթա­տու­մով կը պատ­կե­րա­նայ նաեւ մեր կեան­քի դառն ա­ռօ­րեան։ Ան կանգ ա­ռաւ թրքա­հա­յոց քա­ղա­քա­ցի ըլ­լա­լու վե­րա­բե­րեալ հան­գա­մանք­նե­րուն վրայ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րով եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րով։ «Կար­դա­ցէք սի­րե­լի­ներ այս գիր­քե­րը։ Ան­ցեա­լին Պո­լի­սը հա­յոց քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ նման հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ չէր կա­տա­րեր։ Կը յի­շեմ, նա­մակ­ներ կը գրէինք Պէյ­րութ եւ Զար­դա­րեա­նի հա­տո­րը կը խնդրէինք։ Բայց հի­մա Պո­լի­սը Զար­դա­րեան եւ նման այլ հե­ղի­նակ­ներ կը տպէ եւ ու­րիշ­ներ են, որ նա­մակ­նե­րով մեզ­մէ կ՚ու­զեն այս հա­տոր­նե­րը։ Գո­հու­նա­կու­թեան ա­ռիթ մըն է, որ ան­ցեա­լի թմրա­ծու­թիւ­նը կը թօ­թա­փէ այս քա­ղա­քը եւ հետզ­հե­տէ իր ան­ցեա­լէն քա­ղած հա­մար­ձա­կու­թեամբ կը տե­ղա­ւո­րուի Սփիւռ­քի ընդ­հա­նուր տա­րած­քին վրայ նաեւ այս ի­մաս­տով», ը­սաւ ան։

Ա­ՍՈՒ­ԼԻՍ

Ա­ւե­լի վերջ սկսաւ այն ա­սու­լի­սը, որ կը կազ­մէր օ­րուան ծրագ­րին ող­նա­յա­րը։ Այս ա­սու­լի­սի ա­տե­նա­խօս­ներն էին Համ­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նէն Իշ­խան Չիֆթ­ճեան, բա­նա­սէր Վար­դան Մատ­թէո­սեան եւ պատ­մա­բան Վա­հէ Թաշ­ճեան, ո­րոնք գրի ա­ռած էին Քա­սի­մի, Ե­րու­խա­նի եւ Զար­դա­րեա­նի գիր­քե­րուն յա­ռա­ջա­բան­նե­րը՝ նոյն հեր­թա­կա­նու­թեամբ։ Ա­նոնց միա­ցած էր նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­կազ­մէն պատ­մա­բան Այ­լին Գօ­չու­նեան։ Ա­սու­լի­սը վա­րեց բա­նաս­տեղծ եւ հրա­պա­րա­կա­գիր Սա­գօ Ա­րեան, որ սկիզ­բին հան­դէս ե­կաւ ամ­փոփ նե­րա­ծա­կա­նով մը։ Իր խօս­քը ա­ռանձ­նա­պէս ներ­կա­յա­ցուած է յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։ Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին խօս­քը տրուե­ցաւ Այ­լին Գօ­չու­նեա­նին, որ այս ե­րեք գիր­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կա­նով մը հան­դէս ե­կաւ՝ տուեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն շուրջ դի­տար­կում­նե­րով։ Այ­լին Գօ­չու­նեա­նի խօսքն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուած է յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

ԻՇ­ԽԱՆ ՉԻՖԹ­ՃԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԸ

Ա­պա հան­դէս ե­կաւ Իշ­խան Չիֆթ­ճեան, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն Իս­թան­պուլ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մարդ­կա­յին տա­քուկ դի­տար­կում­ներ եւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով խօ­սե­ցաւ՝ ան­մի­ջա­կա­նու­թեան կա­մուրջ մը հաս­տա­տե­լով ունկն­դիր­նե­րուն հետ։ Իշ­խան Չիֆթ­ճեա­նի խօս­քե­րով՝ թրքա­հա­յու­թիւ­նը հայ­կա­կան կեան­քին պա­տիւ բե­րող մայր գա­ղութ մը կը հա­մա­րուի։ «Պո­լի­սը մեր բախ­տին ու դժբախ­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաքն է նոյ­նա­ժա­մա­նակ», ը­սաւ ան եւ ընդգ­ծեց, թէ Պո­լի­սը, հայ­կա­կան Պո­լի­սը կը պատ­կա­նի բո­լո­րին։ Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի գիր­քին մա­սին ան խօ­սե­ցաւ բարձր գնա­հա­տան­քով ու նշեց, թէ հրա­պա­րա­կա­գի­րը այն անձն է, որ հա­սա­րա­կու­թեան, իր լսա­րա­նին ուղ­ղու­թիւն ցոյց կու տայ։ Ան այս ա­ռու­մով լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ մը հա­մա­րեց Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նը եւ ը­սաւ. «Քա­սի­մը այն հրա­պա­րա­կա­գիրն է, որ ձեռ­քէդ կը բռնէ ու կը տա­նի այն տեղ, ուր որ պէտք է»։ Իշ­խան Չիֆթ­ճեան շեշ­տեց, որ Քա­սի­մի յօ­դուած­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ ներ­կան եւ ան­ցեա­լը ի­րա­րու մէջ են, ըն­դե­լու­զուած։ Հե­տե­ւա­բար, ան խոր­հուրդ տուաւ ան­պայ­ման կար­դալ Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի այս գիր­քը ու որ­պէս հիմ­նա­ւո­րում ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով ըն­թեր­ցեց ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ ընդգր­կուած յօ­դուած­նե­րուն վեր­նագ­րե­րը, ո­րոնք ինք­նին ա­պա­ցոյց կը հան­դի­սա­նա­յին այս ուղ­ղու­թեամբ։

ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷՈ­ՍԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԸ

Ա­ւե­լի վերջ հան­դէս ե­կաւ Վար­դան Մատ­թէո­սեան, որ փու­թա­ցած էր Նիւ Եոր­քէն։ Ան ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէր Պո­լիս, իբր այդ նշեց, թէ Պո­լի­սը ճանչ­ցած էր հե­ռու­նե­րէն, գիր­քե­րու մի­ջո­ցաւ, իսկ իր այս ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է, որ ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գէ ան­ցեա­լի դէմ­քե­րուն նկատ­մամբ։ Ե­րու­խա­նի «Փոքր Ա­սիոյ մէ­ջէն» գիր­քին մա­սին խօ­սե­լով՝ Վար­դան Մատ­թէո­սեան շեշ­տեց, թէ ան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ ու ժա­մա­նա­կէն ան­դին գործ մըն է։ Շուրջ դար մը ա­ռաջ գրուած այդ յօ­դուած­նե­րով Ե­րու­խա­նի ոտ­քը ա­մուր կանգ­նած է նաեւ ներ­կա­յին մէջ։ Վար­դան Մատ­թէո­սեան ընդգ­ծեց, թէ շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած այս ե­րեք գիր­քե­րը ան­կա­րե­լի է ըն­թեր­ցել լոկ պատ­մու­թեան հա­մար։ «Այդ գիր­քե­րուն մէջ տեղ գտած յօ­դուած­նե­րը գրի առ­նուած են օ­րուան մը կեանք ու­նե­նա­լու հա­մար, բայց երբ որ կը մէկ­տե­ղուին՝ այ­լեւս մէկ օ­րուան թի­թեռ­նիկ­ներ չեն, մե­զի կը խօ­սին հա­րիւր տա­րուան խոր­քով», ը­սաւ Վար­դան Մատ­թէո­սեան, որ շեշ­տեց նաեւ, թէ լուրջ ըն­թեր­ցու­մի ար­ժա­նի գոր­ծեր են ա­նոնք։ Լե­զուա­կան հար­ցե­րուն ալ ակ­նար­կեց Մատ­թէո­սեան եւ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ կա­րե­լի էր հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ժո­ղո­վուր­դին հաս­նիլ պարզ խօս­քով։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը քա­ղա­քա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան օ­րա­թերթ մըն է։ Այդ «ժո­ղովր­դա­կան» ա­ծա­կա­նը կ՚են­թադ­րէ մատ­չե­լիու­թիւն։ Ըստ ի­րեն, այ­սօ­րուան մեր խմբա­գիր­ներն ալ պէտք է նոյն­քան ճիշդ ձե­ւով փո­խան­ցեն ի­րենց խօս­քը ժո­ղո­վուր­դին։ «Այս հե­ղի­նակ­նե­րուն ըն­թեր­ցու­մը զիս ան­գամ մը եւս կը հա­մո­զէ բարդ հա­յե­րէ­նի եւ ճիշդ հա­յե­րէ­նի տար­բե­րու­թեան մա­սին», ը­սաւ Վար­դան Մատ­թէո­սեան։

ՎԱ­ՀԷ ԹԱՇ­ՃԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԸ

Ա­ւե­լի վերջ խօ­սե­ցաւ Վա­հէ Թաշ­ճեան, որ նշեց, թէ Ռու­բէն Զար­դա­րեան ծա­նօթ է ա­ռա­ւել չա­փով իր գրա­կան ար­տադ­րու­թեամբ, իսկ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին մէջ հրա­տա­րա­կուած իր յօ­դուած­նե­րը փաս­տօ­րէն կը հա­մընկ­նէին հար­ցա­կէ­տա­յին ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը, երբ կը վե­րահռ­չա­կուէր Օս­մա­նեան սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Այդ քայ­լը նոր սկիզբ մը կու տար կայս­րու­թեան ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան ու­ղիին։ «Յօ­դուած­ներ» գիր­քը ըն­թեր­ցո­ղին կը ներ­կա­յաց­նէ հրա­պա­րա­կա­գիր-լրագ­րող Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նը, ո­րու գոր­ծե­րով մեր աչ­քի առ­ջեւ կը վե­րա­կանգ­նուի պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։ Վա­հէ Թաշ­ճեա­նի խօս­քով իր յօ­դուած­նե­րուն մէջ ար­տա­յայ­տուած գլխա­ւոր միտքն է՝ զննող միտ­քը։ Ան դի­տել տուաւ, թէ Զար­դա­րեան ըստ էու­թեան օս­մա­նեա­նա­կան մըն էր, հա­ւատք կը տա­ծէր սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րուն եւ պե­տու­թեան նկատ­մամբ հա­ւա­տա­րիմ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ու­նէր։ Զար­դա­րեան իր զննող եւ սրա­հա­յեաց միտ­քով լաւ կը նկա­տէր այդ շրջա­նի նոր կար­գե­րուն առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ա­հա­գին խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րոնք ի վեր­ջոյ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի խո­չըն­դոտ­ներ պի­տի ստեղ­ծէին նոր ու­ղիին առ­ջեւ, պի­տի խոր­տա­կէին ա­զա­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան նո­րա­ծիլ բոյ­սե­րը եւ ճամ­բայ պի­տի հար­թէին նոր չա­րիք­նե­րու հա­մար։ Վա­հէ Թաշ­ճեան դի­տել տուաւ, թէ այդ կէ­տէն սկսեալ Ռու­բէն Զար­դա­րեան սկսած էր հան­դէս գալ ա­ռա­ւել չա­փով որ­պէս հայ հրա­պա­րա­կա­գիր, որ­պէս հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ։ Ար­դա­րեւ, ան խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցէր, թէ նախ­կին վար­չա­կար­գի շրջա­նին ա­ռա­ւել չա­փով տու­ժա­ծը ե­ղած էր իր խում­բը՝ այ­սինքն ա­ռա­ւել չա­փով տու­ժած էին հա­յե­րը։ Հե­տե­ւա­բար նոր գոր­ծըն­թա­ցի ա­պա­գայ խա­փա­նու­մը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն նոր սպառ­նա­լիք­նե­րու եւ վտանգ­նե­րու դու­ռը լայն կրնար բա­նալ բո­լո­րէն ա­ւե­լի հա­յե­րուն առ­ջեւ։ Վա­հէ Թաշ­ճեան յայտ­նեց, թէ Զար­դա­րեա­նի յօ­դուած­նե­րը խարս­խուած են այս գա­ղա­փա­րա­կան են­թա­հո­ղին վրայ։ Իր խօս­քե­րով՝ Զար­դա­րեա­նի պա­հանջ­նե­րը հա­րա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են այդ տա­րի­նե­րու հայ քա­ղա­քա­կան մտքին. հա­ւա­սա­րու­թիւն օ­րէն­քի առ­ջեւ, տնտե­սա­կան ա­զա­տու­թիւն, հարս­տա­հա­րու­թիւն­նե­րու դէմ պե­տա­կան ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք, հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցու­մի եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քի մաս­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւունք։

Ա­ՐԱ ԳՕ­ՉՈՒ­ՆԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԸ

Այս իս­կա­պէս ճոխ ա­սու­լի­սի ա­ւար­տին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օր­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ար­տա­սահ­մա­նէն փու­թա­ցած մաս­նա­կից­նե­րուն՝ բարձր գնա­հա­տե­լով ա­նոնց կող­մէ ձեռ­նար­կին բե­րուած ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը։ Ա­րա Գօ­չու­նեան նշեց, թէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ու­նի ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կարգ մը, ո­րու ընդգր­կած նիւ­թե­րուն հե­տա­մուտ է սահ­մա­նա­փակ նե­րու­ժով։ Աշ­խար­հի հա­յու­թեան կող­մէ ա­ճած է հե­տաքրք­րու­թիւ­նը մեր հա­մայն­քին նկատ­մամբ, իսկ հա­մայն­քը ու­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը թէ՛ իր ըն­թա­ցիկ կամ ներ­քին կեան­քի խնդիր­նե­րու լուծ­ման վրայ կեդ­րո­նա­նա­լու եւ թէ այդ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նե­լու։ Այս բո­լո­րին հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ա­ւե­լի միաս­նա­կան մթնո­լոր­տի մը ստեղ­ծուի­լը եւ հա­մայն­քը քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն պէտք է օգ­տուի ա­ռա­ջին հեր­թին իր շա­հե­րուն գի­տակ­ցու­թեամբ։ Հա­յաշ­խար­հի ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ ան ա­ռանց­քա­յին տեղ մը վե­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, ինչ որ շնոր­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ծա­նօ­թա­ցուած ե­րեք գիր­քե­րու բո­վան­դա­կու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ալ յատ­կան­շա­կան է։ Ար­դա­րեւ, այդ գիր­քե­րուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը այժ­մէա­կան է այ­սօր՝ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն ու­նի ան­կախ Հա­յաս­տան մը, ինչ որ կը պայ­մա­նա­ւո­րէ հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր եր­թը։

Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի խօս­քի ա­ւար­տին յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ար­տա­սահ­մա­նէն քա­ղաքս փու­թա­ցած հիւր մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն։ Ա­նոնց յանձ­նուե­ցան թեր­թիս կրծքան­շան­նե­րը։ Իշ­խան Չիֆթ­ճեա­նի յու­շա­նուէ­րը յանձ­նեց յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան։ Վար­դան Մատ­թէո­սեա­նի յու­շա­նուէ­րը յանձ­նեց Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր Ա­րամ Գամ­պու­րեան, Վա­հէ Թաշ­ճեա­նի յու­շա­նուէ­րը յանձ­նեց ծա­նօթ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ Գրի­գոր Տէօ­շէ­մէ­ճեան։ Սա­գօ Ա­րեան յու­շա­նուէ­րը ստա­ցաւ ձե­ռամբ Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի։ Յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նուե­ցաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նին, քա­նի որ ձեռ­նար­կը կը զու­գա­դի­պէր իր ծննդեան 40-ա­մեա­կին։ Իր յու­շա­նուէրն ալ փո­խան­ցեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Նա­տիա Գօ­չու­նեան։

Տ. ՍԱ­ՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱ­ՇԱ­ԼԵԱ­ՆԻ ՓԱԿ­ՄԱՆ ԽՕՍ­ՔԸ

Ե­րե­կոյ­թին յայ­տա­գի­րը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հուսկ բան­քով։ Ան դի­տել տուաւ, թէ ի տար­բե­րու­թիւն հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուան կա­ցու­թե­նէն, ներ­կա­յիս թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով ա­ռաջ­նա­հերթ չեն քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րը։ Հա­մայն­քը այ­սօր ա­ռա­ջին հեր­թին կը զբա­ղի իր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րով, կրթա­կան եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման հար­ցե­րով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, որ­քան որ ալ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը փու­թա­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն թի­ւը դառ­նայ սա­կաւ, մեր վար­ժա­րան­նե­րը յա­ճա­խող ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը սա­կա­ւա­նայ կամ մեր մա­մու­լի ըն­թեր­ցող­նե­րուն թի­ւը նուա­զի՝ յա­մե­նայն­դէպս այդ բո­լո­րին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պէտք է շա­րու­նա­կուի։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ այդ բո­լո­րը կոր­սուին, ա­պա պի­տի կոր­սուի միան­գա­մընդ­միշտ, կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ վե­րա­կանգ­նել, հե­տե­ւա­բար ա­պա­գայ հա­ւա­նա­կան վե­րաշ­խու­ժաց­ման, վե­րա­կեն­դա­նաց­ման յոյսն ալ պի­տի սպա­ռի վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան շատ հա­ղոր­դա­կան ո­ճով ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Մար­դուն մէ­կը կը քա­րո­զէ ե­ղեր ճե­մա­պար­տէ­զի մը մէջ։ Սկիզ­բին ու­նե­ցեր է ո­րոշ չա­փով ունկն­դիր­ներ, ո­րոնց թի­ւը պակ­սեր են աս­տի­ճա­նա­բար։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան բնաւ ունկն­դիր չէ մնա­ցեր, բայց մար­դը շա­րու­նա­կեր է քա­րո­զել։ Ի­րեն հարց տուեր են, թէ ին­չո՞ւ կը շա­րու­նա­կէ քա­րո­զը, երբ ոե­ւէ ունկն­դիր չէ մնա­ցած։ Ի պա­տաս­խան այդ ան­ձը կ՚ը­սէ, թէ կը քա­րո­զէ, որ­պէս­զի ինքն ալ չեր­թայ»։

­Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով ող­ջու­նեց նաեւ ար­տա­սահ­մա­նէն հրա­ւի­րուած սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը  եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց, որ­պէս­զի «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100» մա­տե­նա­շա­րը շա­րու­նա­կուի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։

Ար­ձա­կուե­լէ ա­ռաջ շնոր­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րը ա­պա­հո­վե­ցին ծա­նօ­թա­ցուած գիր­քե­րը, ո­րոնք ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած էին մաս­նա­ւոր տա­ղա­ւա­րով մը։

ԱՅԼԻՆ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­կազ­մէն պատ­մա­բան Այ­լին Գօ­չու­նեա­նի՝ շա­բա­թա­վեր­ջի ե­րեք գիր­քե­րու հա­մա­տեղ շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին։

Մար­դա­բան­նե­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն կը կեդ­րո­նա­նան մշա­կոյ­թի եւ ի­րա­ւա­կան մտքի ձե­ւա­ւոր­ման յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան եւ փո­խազ­դե­ցու­թեան վրայ: Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի, Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի եւ Ե­րու­խա­նի կամ ընդ­հան­րա­պէս Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու գոր­ծե­րէն կա­տա­րուած ըն­թեր­ցում­նե­րը ա­ռիթ կու տան հասկ­նա­լու հա­մար, թէ բազ­մազգ կայս­րու­թեան մը մէջ  քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ի­րա­ւա­գի­տու­թեան եզ­րե­րը  ի՛նչ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նան իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի պա­րա­գա­յին: Մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն տո­ղե­րէն կա­րե­լի է ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­գի­տա­կան միտք մը քա­ղել եւ դի­տար­կել, թէ հա­յե­րէ­նի բնո­րոշ քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան լե­զու մը կը զար­գա­նայ:

Օս­մա­նեան եր­կու սահ­մա­նադ­րա­կան շրջան­նե­րը բաղ­դա­տե­լով՝ կրնանք ը­սել, որ երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րա­կան շրջա­նին Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը վերջ գտած է շու­տով: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի, Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի եւ Ե­րու­խա­նի պա­րա­գա­յին հա­սա­րա­կաց տրա­մադ­րու­թիւն մըն է: Այ­սօր թէեւ կը ծան­րա­նանք այս ա­նուն­նե­րուն վրայ,  բայց կի­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն կար­ծեմ, թէ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նը նոյն հո­գե­վի­ճա­կը լաւ կը նկա­րագ­րէ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ա­ռա­ջին թի­ւին մէջ. «[...] մեզ՝ Պօլ­սե­ցի­նե­րուս հա­մար ընդ­հան­րա­պէս Ա­զա­տու­թիւ­նը հա­սաւ երբ բա­ցար­ձակ ան­գի­տակ­ցու­թեան մէջ կը գտնուէինք, մենք զա­նի­կա ըն­դու­նե­ցինք իբ­րեւ պար­գեւ մը, շնորհ մը, չյու­սա­ցուած եր­ջան­կու­թիւն մը եւ ոչ թէ մեր ար­դար ի­րա­ւուն­քը [...] դեռ Ար­շա­լոյ­սը չէ ծա­գած, կաս­կա­ծոտ­նե­րը ի­րա­ւունք ու­նին դեռ երկն­չե­լու [...] ի­րենց հո­գի­նե­րը դեռ կաշ­կան­դուած են սար­սափ­նե­րու յի­շա­տա­կո­վը, ա­զա­տու­թիւ­նը մենք ինք­զինք­նուս միայն կրնանք տալ, ա­նի­կա իբ­րեւ շնորհ չ՚ըն­դու­նուիր եր­բեք [...] Ա­սոր հա­մար է որ զար­մա­նա­լի չէ կաս­կա­ծոտ­նե­րուն յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը, ա­նոնք ի­րենց մէ­ջը կը նա­յին, ի­րենց հո­գիին մէ­ջէն կը դա­տեն դէպ­քե­րը ու երկն­չե­լու ի­րա­ւունք­ներ կը գտնեն»։

Ու­րեմն կրնանք ը­սել, թէ Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը երկ­րորդ Օս­մա­նեան սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն վերջ զգա­ցա­կան տար­բեր շե­մի մը հա­սած է: Սահ­մա­նադ­րու­թեան մը հիմ­քով ստեղ­ծուած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը  բա­ւա­րար չի նկա­տեր եւ շօ­շա­փե­լի փաս­տեր կը փնտռէ Օս­մա­նեան քա­ղա­քա­կան կեան­քէն  ներս: Ա­ռա­ջին սահ­մա­նադ­րու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ ա­նոր յա­ջոր­դած բռնա­պե­տա­կան շրջա­նը պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ ա­նոնք կաս­կա­ծին երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րա­կան փոր­ձին ալ  ձա­խո­ղու­մէն: «Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը միայն ձե­ւե­րը փո­խեց, ոչ էու­թիւն­նե­րը», կը մատ­նան­շէ Զար­դա­րեան: Հին ռե­ժի­մին բո­լոր դի­ւա­նա­կալ­նե­րը ոչ միայն ան­պա­տիժ մնա­ցած են, այլ եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ստանձ­նած՝ նոր ղե­կա­վա­րու­թեան շար­քե­րուն մէջ: Զար­դա­րեան կը հար­ցաքն­նէ, թէ հին մտայ­նու­թիւն եւ ո­գին իւ­րա­ցու­ցած այս մար­դու­ժը ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նար որ­դեգ­րել նոր ա­զա­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Միսաք Գօչունեան, Ռուբէն Զարդարեան եւ Երուխան ունին բազում յոռետեսութեան պատճառներ,  որոնց վերյիշումը մեզ կը տանի  Իթթիհատական շրջա­նի մի­ջա­վայ­րը: Սահ­մա­նադ­րա­կան հիմ­քով կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մուե­լով հան­դերձ, գա­ւառ­նե­րուն ա­պա­հո­վու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէր հաս­տա­տուած: Հա­յաբ­նակ նա­հանգ­նե­րէն Պո­լիս շա­րու­նակ հարս­տա­հա­րում­նե­րու լու­րեր կը հաս­նէին: Գա­ւա­ռա­ցի հա­յե­րուն սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը կը յափշ­տա­կուին զա­նա­զան ցե­ղա­խում­բե­րու կող­մէ. «[...] դժգո­հու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան ազ­գե­րուն մէջ», կը նկա­տէ Զար­դա­րեան: Բո­լոր խնդրա­յա­րոյց ե­րե­ւոյթ­նե­րով հան­դերձ , ա­մե­նա­զար­մա­նա­լին եւ մտա­հո­գիչն էր թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն լռու­թիւ­նը եւ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը այս բո­լոր գոր­ծօն­նե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք սահ­մա­նադ­րա­կան ո­գիին կը հա­կա­սէին: Զար­դա­րեա­նի տե­սան­կիւ­նէն, թուրք տար­րին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը անվս­տա­հու­թիւն ու­նի քրիս­տո­նեա­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­յե­րու դէմ:

Իսկ Ե­րու­խան հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ան­կեղ­ծու­թեան տե­սան­կիւ­նէն կը մօ­տե­նայ: Ան կը քննա­դա­տէ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու եղ­բայ­րու­թեան ճա­ռե­րուն ան­կեղ­ծու­թեան պա­կա­սը եւ իր մտա­ծում­նե­րը կ՚ամ­բող­ջաց­նէ նա­մա­կի մը հո­գեխ­ռով խօս­քե­րով: Այդ տո­ղե­րը ի­րեն կը կար­դար բա­րե­կա­մը՝ Նշան Մագ­սուտ թրքե­րէն նա­մա­կէ մը, որ ու­ղար­կուած էր Սա­քը­զէն, տեղ­ւոյն կա­ռա­վա­րի­չը՝ Ահ­մէտ Մա­ճիտ է­ֆէն­տիի կող­մէ՝ իր դպրո­ցա­կան ըն­կերն ու բա­րե­կա­մը. «Կը յու­սամ որ ա­պա­գան գե­ղե­ցիկ օ­րեր կը վե­րա­պա­հէ մեզ...: Կրնայ պա­տա­հիլ որ հիմ­նա­դի­րը ըլ­լանք եղ­բայ­րու­թեան մը, ճշմա­րիտ եղ­բայ­րու­թեան մը ընդ­մէջ թուր­քե­րուն եւ հա­յե­րուն», կ՚ըuէր Ահ­մէտ Մա­ճիտ է­ֆէն­տին: Ե­րու­խա­նին տպա­ւո­րու­թեամբ ան­կեղծ նա­մա­կի մը մէջ, յան­կարծ յայտ­նուած այս տո­ղե­րուն բո­լոր ար­ժէ­քը կը բա­ցատ­րուէր ա­նոր պա­տա­հա­կա­նու­թիւ­նով եւ թուրք բա­րե­կա­մի մը զգա­ցում­նե­րուն բնա­կան ո­ճով ար­տա­յայ­տու­թեամբ:

Ե­րու­խան սահ­մա­նադ­րա­կան վար­չա­կար­գին եւ երկ­րի քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տի մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու վրայ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ: Այս  շար­քին մէջ ա­մե­նէն ծայ­րա­յե­ղա­կա­նը Ա­տա­նա­յի ջար­դերն են: Բայց ան նոյ­նա­ժա­մա­նակ կ՚անդ­րա­դառ­նայ հա­յու­թեան ներ­քին կռիւ­նե­րուն եւ կը շեշ­տէ ներ­քին պայ­քար­նե­րուն դե­րը Օս­մա­նեան հա­յե­րուն մատ­նուած քաո­սին մէջ: Իր կար­ծի­քով, այդ պայ­քար­նե­րուն վերջ տա­լու միակ մի­ջո­ցը հա­ւա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւնն է: Օս­մա­նեան հա­յե­րը ու­նին ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը՝ ի­րենց ներ­քին գոր­ծե­րը կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար: Բայց նա­խա­տե­սուած դրու­թիւ­նը ժան­գո­տած ա­նի­ւի մը նման կը գոր­ծէ: Ա­սոր մէկ պատ­ճա­ռը ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան պար­տա­դիր ու­ժէ զրկուած ըլ­լալն է: Իսկ միւ­սը՝ ներ­դաշ­նա­կու­թեան պա­կասն է հա­յոց հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս: Ե­րու­խա­նին Փոքր Ա­սիոյ մէջ կա­տա­րած ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն նաեւ հայ ինք­նու­թեան դժուար ճա­նա­պար­հը: Ար­դա­րեւ ան յա­րա­տեւ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կ’են­թար­կուի  ա­րեւմ­տա­կա­նա­ցու­մի ա­լիք­նե­րով եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան հաս­նե­լու կիր­քով:

Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի «Օ­րուան Մտա­ծում­ներ»ը կը խո­րաց­նէ Զար­դա­րեա­նի եւ Ե­րու­խա­նի շարք մը հար­ցում­նե­րը: Այդ շրջա­նին «Սա­պահ» թեր­թը կը քննա­դա­տէ հա­յե­րու ար­տա­սահ­ման գաղ­թե­լու հո­սան­քը՝ շեշ­տե­լով, թէ «ա­զա­տու­թեան շրջա­նը այ­լեւս հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­նե­րուն օ­տար եր­կիր գաղ­թե­լու դա­րը չէ»: Մի­սաք Գօ­չու­նեան կ’անդ­րա­դառ­նայ, թէ այս հո­սան­քին պատ­ճա­ռը երկ­րի մէջ ար­դա­րու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան պա­կասն է: Հա­յե­րը կը գաղ­թեն, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը չեն հաս­նիր գա­ւառ­նե­րը: Այս բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու հար­ցը Եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թիւն­նե­րու եւ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած է: Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով,  Մի­սաք Գօ­չու­նեան կ’ակ­նար­կէ այս ի­րո­ղու­թեան: Եւ­րո­պա­կան ու­ժե­րը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը օ­րա­կար­գի վրայ կը բե­րեն Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վրայ ազ­դե­լու նպա­տա­կով:

Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը սահ­մա­նադ­րա­կան ծրա­գի­րը քա­ղա­քակր­թու­թեան հաս­նե­լու ա­ռիթ մը նկա­տած են: Թէ՛ ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ թէ Օս­մա­նեան սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ա­նոնց կող­մէ հա­մա­րուած են կա­նո­նա­հաս­տատ մի­ջոց­ներ, ո­րոնք զի­րար կ’ամ­բող­ջաց­նեն:  Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նին տո­ղե­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նանք, թէ մաս­նա­ւո­րա­պէս երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն վերջ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը կ՚ու­զէ ջնջել ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ «պատ­րիար­քա­կան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րը գո­յու­թեան ի­րա­ւունք չու­նին այ­լեւս, քա­նի որ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում եւ սահ­մա­նադ­րա­կան հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը կը հա­կա­սեն ի­րա­րու»: Մի­սաք Գօ­չու­նեան, ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կու տայ իր յօ­դուած­նե­րուն մէջ, փաս­տե­լու հա­մար, թէ բուն նպա­տա­կը ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ պատ­րիար­քա­րա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը կոտ­րելն է:

Այս ե­րեք հե­ղի­նա­կի գոր­ծե­րը այ­սօ­րուան աչ­քով  ար­ժե­ւո­րե­լով, կ’անդ­րա­դառ­նանք, որ ի­րենց յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ար­դա­րա­ցած է: Այս ե­րեք գոր­ծե­րը լոյս կը սփռեն այդ շրջա­նի Օս­մա­նեան հա­յե­րու ներ­քին տի­նա­միք­նե­րուն, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն, Հայ հա­սա­րա­կու­թեան գո­յու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, հա­մայն­քի եւ լայն հա­սա­րա­կու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔ

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք բա­նաս­տեղծ եւ հրա­պա­րա­կա­գիր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի աշ­խա­տա­կից Սա­գօ Ա­րեա­նի բաց­ման խօս­քը՝ Շա­բաթ օ­րուան ա­սու­լի­սին առ­թիւ։

Ամ­բողջ պե­տու­թեան մէջ մի­միայն Հա­յաս­տանն է, որ կղզիա­ցած է ա­նա­պա­տի մը պէս, եւ ափ մը շո­գե­կառք իսկ չու­նի դիւ­րին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հա­մար սահ­մա­նագ­լուխ­նե­րուն կամ ծո­վե­զե­րեայ քա­ղաք­նե­րուն հետ: Մի­միայն Հա­յաս­տա­նը, ո­րով­հե­տեւ եւ­րո­պա­կան Թուր­քիան, Փոքր Ա­սիոյ մէկ մա­սը, Կի­լի­կիան, Սիւ­րիան եւ նոյ­նիսկ հե­ռա­ւոր Ա­րա­բիան ու­նին ա­ռա­ւել կամ նուազ եր­կա­րու­թեամբ եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծեր:

Հա­յաս­տա­նի հա­մար պէտք են եր­կա­թու­ղի­ներ: Բնա­կան հարս­տու­թիւ­նով օժ­տուած այդ եր­կի­րը անհ­րա­ժեշտ է, որ դուրս գար իր կղզիա­ցու­մէն, մտնէ ա­րագ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ՝ երկ­րա­կից միւս գա­ւառ­նե­րու եւ օ­տար աշ­խար­նե­րուն հետ:

Յար­գե­լի ներ­կա­ներ

27 Դեկ­տեմ­բեր 1908-ին իր «Ա­նա­պատ եր­կի­րը» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին մէջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի սիւ­նակ­նե­րուն այս­պէս կը գրէր Ռու­բէն Զար­դա­րեան:

 Խորհր­դան­շա­կան, ա­ւե­լի քան ի­մաս­տուն, օ­րուան խնդիր­նե­րուն խոր­քա­յին հա­յեացք նե­տող հրա­պա­րա­կա­գի­րը կը պար­զէր Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի այդ օ­րե­րուն բա­ւա­կան դժուա­րին պատ­կե­րը: Դառն ճա­կա­տագ­րի են­թար­կուած հայ գրո­ղը կը խօ­սէր նաեւ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րու ապ­րած թշուա­ռու­թեան մա­սին: Իր ժո­ղո­վուր­դի տագ­նա­պին մա­սին ու ա­նոր վե­րել­քին հա­մար մա­քա­ռող այս մեծ ա­նու­նը չէր սխա­լած: Ու ա­նոր բա­ռե­րուն ի­մաս­տը եւ խօս­քին հնչե­ղու­թիւ­նը զգա­լի եւ ու­սա­նե­լի են ցայ­սօր:

Ոչ թէ հռե­տո­րա­կան, այլ ներ­սէն ե­կող սի­րով մը այ­սօր հա­ւա­քուած ենք հա­յատ­րոփ Պոլ­սոյ սրտի մէկ ա­րիւ­նա­տար ե­րա­կին շուրջ: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը ա­յո ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ա­տեն այ­սօր, որ­պէս ա­րիւ­նա­տար ե­րակ կը գոր­ծէ ու շնոր­հա­կալ եւ ե­րախ­տա­պարտ պի­տի ըլ­լանք բո­լոր ա­նոնց, որ յա­նուն մեծ նուի­րում­նե­րու այ­սօր ան­կա­սե­լի կը պա­հեն թեր­թի հա­րիւ­րա­մեայ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քը:

Տա­րի­նե­րը չեն, ա­մե­կա­նե­րը չեն միայն, որ կրնան պսա­կել տուեալ գոր­ծի մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը: Ա­ւե­լի՛ն, շող­շո­ղուն բա­ռե­րը եւ փայ­լուն ա­ծա­կան­նե­րը չեն , որ պի­տի պահ­պա­նեն հա­ւատ­քի լաս­տին վրայ դրուած այս լու­սա­տու կայ­մին ան­խա­փան եր­թը:

Փո­թո­րիկ­ներ, տա­րա­ժա­մեր, մահ, ա­ւեր, գաղթ եւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց կեան­քի ա­մե­նէն ծանր փու­լե­րուն մէջ ան­գամ թեր­թը կը գո­յա­տե­ւէր: Այդ մա­քա­ռու­մը միայն մա­մու­լի ու­սե­րուն ե­ղած ա­ռա­քե­լու­թեան պա­տու­հա­նէն չէր, որ պի­տի ծլէր ու ծլար­ձա­կէր այլ հա­ւա­քա­կան գոր­ծի նուա­ճում­նե­րուն հա­ւա­տա­ցող այս յար­կին՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի յար­կին յա­ջո­ղու­թիւ­նը:

Տա­րի­նե­րուն բե­րած փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն եւ մեծ շրջում­նե­րու ա­ռա­գաստ­նե­րուն վրայ, թեր­թը նշե­լէ ետք իր հա­րիւ­րա­մեայ եր­թին յո­բե­լեա­նը ու հա­ւա­տա­լով ա­ռա­ւե­լա­բար հայ հա­սա­րա­կու­թեան նոր ի­մաս­տա­լից խօսք մը հա­ղոր­դե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան՝ հրա­պա­րակ կը հա­նէր ե­րեք հա­տոր­ներ, ո­րոնք կը տպագ­րուէին «Ժա­մա­նակ-100 տա­րի» խո­րագ­րեալ մա­տե­նա­շա­րի մը ընդ­հա­նուր խո­րագ­րին տակ: Այս­պէս լոյս կը տես­նէին թեր­թի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Մի­սաք Գո­չու­նեա­նի գրա­կան ծած­կա­նու­նով՝ (Քա­սիմ), Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեա­նի եւ Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի հեր­թա­բար «Օ­րուան Մտա­ծում­ներ» «Փոքր Ա­սիոյ Մէ­ջէն» եւ «Յօ­դուած­ներ» խո­րագ­րեալ հա­տոր­նե­րը: Հրա­պա­րա­կուած հա­տոր­նե­րու աշ­խա­տա­սի­րու­թեան կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նաու­թիւ­նը կը ստանձ­նէր թեր­թի խմբա­գիր­նե­րէն՝ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան եւ ե­րեք հա­տոր­նե­րուն նա­խա­բան­նե­րը գրե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը ստանձ­նէին՝ Իշ­խան Չիֆթ­ճեան, Վար­դան Մատ­թէո­սեան եւ Վա­հէ Թաշ­ճեան:

Հա­ւա­քա­կան կամ­քով ու մա­նա­ւանդ ո­գիով ե­ղած այս հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը յատ­կան­շուէր Պո­լիս-Հայ­կա­կան Սփիւռք բա­ցուած յոյ­սի պա­տու­հա­նի մը:

Պա­տու­հան, որ մե­զի պի­տի տար հա­ւա­տա­լու եւ մտա­ծե­լու նոր ճա­նա­պարհ­նե­րու մա­սին:

Այ­սօր ամ­բողջ սփիւռ­քը ու­շա­դիր աչ­քե­րով կը հե­տե­ւի Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող տար­բեր ո­րա­կի բա­րե­փո­խում­նե­րուն: Ա­ւե­լի՛ն, մա­նա­ւանդ Սփիւռ­քը ծա­նօթ չէ Պո­լի­սը եւ հա­կա­ռա­կը: Ժխտա­կան աչ­քե­րով խնդիր­նե­րուն նա­յող յո­ռե­տես­նե­րուն հա­մար Պո­լի­սը ան­հասկ­նա­լի վայր է (մեղմ ա­սած): Բայց վստահ ենք, որ այս հո­ղակ­տո­րին վրայ ե­ղած դան­դաղ, բայց յա­րա­ճուն քայ­լե­րը պի­տի բա­նան նոր հանգ­րուան­ներ:

 Այս պա­րու­նա­կին մէ­ջէն պէտք է նա­յիլ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ ե­թէ հայ­կա­կան աշ­խար­հին, ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին թա­գին ա­դա­ման­դը հան­դի­սա­ցող այս ե­զեր­քը այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նայ իր վա­ւե­րա­կան ձայ­նը, ա­պա բո­լորս պար­տա­ւոր ենք բռնել ա­նոր դիե­րէն եւ իւ­րա­քան­չիւրս նոր ա­ռա­գաստ մը բա­նալ գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար:

Յար­գե­լի ներ­կա­ներ,

 Նոյն Զար­դա­րեան կը խօ­սէր ա­նա­պա­տաց­ման վտան­գին մա­սին: Կղզիաց­ման ա­հին, դա­տար­կու­թեան, կտրուա­ծու­թեան եւ լքուա­ծու­թեան մա­սին: Այ­սօր հա­յու­թեան մար­մի­նը կա­րիքն ու­նի նոր ե­ռան­դի մը, որ նոր ա­րիւն պի­տի բե­րէ մեր ա­մե­նէն լքուած ու ան­տե­սուած բջիջ­նե­րուն:

Հա­յու­թիւնն ի վեր­ջոյ պո­ռո­տա­խօ­սու­թեան պա­տու­հան­նե­րէն ար­ձա­կուած ամ­պա­գոր­գոռ ճա­րե­րով չէ, որ պի­տի նա­ւար­կէ, այլ շատ պարզ ու մնա­յուն գոր­ծե­րով, ո­րոնց ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կա­նը այս հրա­տար­կու­թիւն­ներն են:

Պի­տի հա­ւա­տանք այդ կայ­մին, ո­րուն հա­մար մեր պար­տադ­րեալ հե­ռա­ցու­մը եւ աք­սո­րեա­լի կեան­քը ա­ւարտ մը պի­տի ու­նե­նայ: Այդ վե­րա­դար­ձը պի­տի ըլ­լայ ա­ռանց քան­դում­նե­րու կամ հիմ­քե­րը շար­ժե­լու: Հա­ւատ­քով ու ա­պա­գա­յի լոյ­սին բա­ցուած մեծ սրտե­րով:

 

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016