ՎՐԱՑ ԹԱՄԱՐԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ (1184-1212)

12-րդ դա­րու վեր­ջե­րուն՝ Վրաց թա­գա­ւո­րա­կան գա­հը բարձ­րա­ցաւ Թա­մա­րա թա­գու­հին՝ որ իր գոր­ծե­րով մե­ծա­պէս սի­րե­լի ե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դին, եւ բազ­մա­թիւ եր­գե­րու եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռար­կայ հան­դի­սա­ցաւ։ Թա­մա­րա թա­գու­հիի իշ­խա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Վրաս­տան իր քա­ղա­քա­կան ու մտա­ւո­րա­կան զար­գաց­ման բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նին հա­սաւ։ Ա­նոր զի­նուո­րա­կան ու­ժի փառ­քը եր­կու հա­յազ­գի իշ­խան­ներ՝ Զա­քա­րէ եւ Ի­ւա­նէ եղ­բայր­ներն էին, ո­րոնք տէ­րու­նա­կան սահ­ման­նե­րը ըն­դար­ձա­կե­ցին դէ­պի ա­րե­ւելք ու հա­րաւ։ Այս­պէս՝ Հա­յաս­տա­նի մեծ մա­սը Վրաց ձեռ­քը ան­ցաւ։

Թա­մա­րա թա­գու­հիի շրջա­նին ա­մէն տեղ խա­ղա­ղու­թիւն տի­րեց, եւ այս մի­ջո­ցին վան­քեր ու ե­կե­ղե­ցի­ներ հաս­տա­տուե­ցան եւ գրա­կա­նու­թիւնն ալ ինչ­պէս Վրաս­տա­նի, այն­պէս նաեւ Հա­յոց երկ­րին մէջ մե­ծա­պէս զար­գա­ցաւ։

Սա­կայն քա­ղա­քա­կան եւ զի­նուո­րա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րով ո­գե­ւո­րուած ու ար­բե­ցած վրա­ցի­նե­րը սկսան կրօ­նա­կան թշնա­մու­թեամբ վա­րուիլ հա­յե­րու հետ։

Ա­նոնց ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ սկսաւ քա­րո­զուիլ հա­յե­րու հա­կա­ռակ եւ հա­մո­զել ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը՝ թշնա­մա­կան զգա­ցում­ներ ու­նե­նալ հա­յե­րու նկատ­մամբ։

Տգէտ ու ան­գի­տա­կից ամ­բո­խը՝ տա­րուած այս քա­րոզ­չու­թիւն­նե­րէն, սկսան հա­յե­րու կանգ­նած խա­չերն ալ կոր­ծա­նել, հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը քան­դել, եւ զա­նոնք ա՛լ ա­ւե­լի ա­նար­գած ըլ­լա­լու հա­մար, այն­տեղ շու­ներ մոր­թել։

Ամ­բո­խի հա­ւա­քա­կան հո­գե­բա­նու­թե­նէն ազ­դուած ժո­ղո­վուր­դը կը ծաղ­րէր հա­յոց միւ­ռո­նը, թէ ան ան­կա­տար պատ­րաս­տու­թեամբ ձեռք ձգուած է, եւ թէ Սուրբ Խա­չը բե­ւեռ­նե­րով միաց­նե­լով՝ հա­յե­րը, Քրիս­տո­սը կրկին կը խա­չեն, թէ՛ հրեա­նե­րու նման մա­տաղ կ՚ը­նեն, զան­գակ­նե­րով բուր­վառ կը գոր­ծա­ծեն, թէ՛ հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րը միս կ՚ու­տեն, թէ՛ հա­յե­րը չե՛ն տօ­ներ Ա­ւե­տու­մը եւ Քրիս­տո­սի ծնուն­դը, դպի­րով, սար­կա­ւա­գով ու զգեստ­նե­րով չե՛ն պա­տա­րա­գեր, այն ալ՝ ո՛չ ա­մէ­նու­րեք, եւ թէ կը պա­տա­րա­գեն մի­միա՛յն ննջե­ցեալ­նե­րու, այլ ո՛չ նաեւ կեն­դա­նի­նե­րու՝ այ­սինքն ապ­րող­նե­րու հա­մար։ Այս­քա­նով, այս կար­ծիք­նե­րով չէին բա­ւա­կա­նա­նար ա­նոնք, այլ եւ կար­հա­մար­հէին սուր­բե­րու նկար­նե­րը՝ սրբա­պատ­կեր­նե­րը եւ այլ սրբու­թիւն­նե­րը։

Բնա­կա­նա­բար հա­ւա­տա­փոխ հա­յեր կրկին կը մտնէին վրաց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, կը մաս­նակ­ցէին ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Այս եւ ա­սոր նման մե­ղադ­րանք­ներ եր­բեմն յոյ­ներն ալ կը բար­դէին հա­յե­րու վրայ։

Հեր­ձուա­ծող հա­յե­րը վրաց ե­կե­ղե­ցիին հետ միաց­նե­լու հա­մար ժա­մա­նա­կի վրաց կա­թո­ղի­կո­սը աշ­խա­տե­ցաւ ժո­ղով գու­մա­րել, ինչ­պէս եր­բեմն Դա­ւիթ Գ. Վե­րա­նո­րո­գիչ թա­գա­ւորն ալ (1089-1125) փոր­ձած էր։ Բայց պարզ էր, որ կա­րե­լի չէր եր­բեք գլուխ հա­նել միու­թիւ­նը։ Եւ այս կրօ­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րուն ա­կա­նա­տես նշա­նա­ւոր հայ վար­դա­պետ­նե­րէն մէ­կը՝ Մխի­թար Գօշ, ա­ռան­ձին գրու­թեամբ բա­ցատ­րեց վրաց կա­թո­ղի­կո­սին, թէ ժո­ղով գու­մա­րել ու եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն միու­թիւ­նը գլուխ բե­րել՝ «ա­պար­դիւն ջանք» է. թէ եր­կու ազ­գե­րու մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն կը հաս­տա­տուի, երբ ի՛ն­քը՝ կա­թո­ղի­կո­սը եւ Թա­մա­րա ու Դա­ւիթ թա­գա­ւոր­նե­րը ի­րենց իշ­խա­նու­թեամբ՝ վրա­ցի­նե­րու ա­տե­լու­թիւ­նը սան­ձեն։

Նոյն ի­մաս­տով, Մխի­թար Գօշ ըն­դար­ձակ թուղթ մը եւս գրեց Զա­քա­րէ եւ Ի­ւա­նէ իշ­խան­նե­րուն՝ 1204 թուա­կա­նին, եւ յայտ­նե­լով իր սրտի վիշ­տը՝ որ ա­նոնք «հայ» ըլ­լա­լով վրաց ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն կը հա­ւա­տան, խնդրեց կար­դալ իր նա­մա­կը, ի­րենց գայ­թակ­ղած միտ­քը բժշկել ու ըն­թաց­քը շտկել, եւ եր­կու ազ­գե­րու մէջ յու­զուած կրօ­նա­կան ա­տե­լու­թիւ­նը թա­գա­ւոր­նե­րու շնոր­հիւ վերց­նել։

Բայց եւ դժբախ­տա­բար այս հայ իշ­խան­նե­րը՝ Զա­քա­րէ եւ Ի­ւա­նէ ո՛չ միայն չաշ­խա­տե­ցան Մխի­թար Գօ­շի տուած խոր­հուր­դին ու ա­ռա­ջար­կին հա­մե­մատ եր­կու ազ­գե­րու թշնա­մու­թիւ­նը վերց­նե­լու խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով, այլ եւ ի­րե՛նք կրօ­նա­կան խռո­վու­թեան պատ­ճառ դար­ձան։ Ի­ւա­նէ իշ­խա­նը, Թա­մա­րա թա­գու­հին եւ վրաց ժո­ղո­վուր­դին ա­ւե­լի՛ հա­ճո­յա­նա­լու ու հա­մակ­րե­լի դառ­նա­լու հա­մար վրաց դա­ւա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նեց։

Իսկ Զա­քա­րէ իշ­խա­նը դա­ւա­նա­փոխ չե­ղաւ, բայց հե­տամ­տե­ցաւ հա­յոց ե­կե­ղե­ցիի մէջ այն­պի­սի փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցնել, որ վրա­ցի­ներ այ­լեւս ա­ռիթ չու­նե­նան հա­յե­րը բամ­բա­սե­լու եւ հա­լա­ծե­լու, եւ այս հան­գա­ման­քը ա­հա­ւա­սիկ գժտու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դար­ձաւ։

Զա­քա­րէ իշ­խան իր մտադ­րած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը նա՛խ Մխի­թար Գօ­շի եւ այլ վար­դա­պետ­նե­րու ձեռ­քով ու­զեց կա­տա­րել, բայց երբ ա­նոնք մեր­ժե­ցին վա­ւե­րաց­նել այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, այն ժա­մա­նակ ան Յով­հան­նէս Կա­թո­ղի­կո­սին (Յով­հան­նէս Զ. Սսե­ցի. 1203-1221) եւ Լե­ւոն թա­գա­ւո­րին դի­մեց, որ հա­ճին իր խնդի­րը կա­տա­րե­լու եւ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել հայ ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Այս խնդի­րը, ու­րեմն Կի­լի­կիա հա­սաւ այն ժա­մա­նակ՝ 1206 թուա­կա­նին, երբ ար­դէն Լե­ւոն թա­գա­ւո­րի եւ Յով­հան­նէս Կա­թո­ղի­կո­սի մի­ջեւ գժտու­թիւն սկսած էր, եւ Լե­ւոն թա­գա­ւոր 1207 թուա­կա­նին Սի­սի ժո­ղո­վը գու­մա­րած էր։ Ա­հա այս ժո­ղո­վի մէջ Զա­քա­րէ (կամ Զա­քա­րիա) սպա­սա­լա­րի (սպա­սա­լար=հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­պետ, սպա­րա­պետ) խնդի­րը եւս քննու­թեան առ­նուե­ցաւ։

Ի­ւա­նէ իշ­խա­նի նման ե­րե­ւե­լի մէ­կու մը դա­ւա­նա­փոխ ըլ­լա­լը ծանր տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած էր եւ Սի­սի ժո­ղո­վը վախ­նա­լով, որ մի գու­ցէ Զա­քա­րէ իշ­խա­նը եւս իր եղ­բօր օ­րի­նա­կին հե­տե­ւի, ո­րո­շեց ա­նոր ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նիլ եւ սահ­մա­նեց.

Ա.- Ս. Պա­տա­րա­գը դպիր­նե­րով ու սար­կա­ւա­գով մա­տու­ցա­նել նաեւ բա­ցօ­թեայ վրա­նի տակ՝ ինչ­պէս վրա­ցիք կ՚ը­նէին։

Բ.- Տօ­նել Ա­ւե­տեաց տօ­նը Ապ­րի­լի 6-ին, Վե­րա­փո­խու­մը՝ Օ­գոս­տո­սի 15-ին, ո՛ր օրն ալ եւ հան­դի­պին. իսկ Խաչ­վե­րա­ցը տօ­նել Սեպ­տեմ­բե­րի 14-ին՝ վրաց նման։

Գ.- Զատ­կի եւ Ծննդեան ճրա­գա­լոյց­նե­րը մի­միա՛յն ձէ­թով ու ձու­կով լու­ծել՝ վրա­ցի­նե­րու եւ յոյ­նե­րու նման։

Դ.- Ըն­դու­նիլ բո­լոր սուր­բե­րու եւ Փրկչի սրբա­պատ­կեր­նե­րու յար­գան­քը։

Ե.- Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել ո՛չ միայն ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գիի փրկու­թեան, այլ եւ կեն­դա­նի­նե­րու՝ ապ­րող­նե­րու հա­մար, այս ալ յու­նաց, ա­սո­րի­նե­րու եւ վրաց սո­վո­րու­թեան հա­մե­մատ։

Զ.- Ար­գի­լել հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րուն միս ու­տել՝ վրաց մե­ղադ­րան­քը կար­ճե­լու հա­մար։

Է.- Նա՛խ դպիր կար­գել, ա­պա սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րել եւ յե­տոյ միայն՝ քա­հա­նա՛յ։

Ը.- Պա­տուի­րել հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րուն վան­քե­րու մէջ ապ­րիլ ու ա­ռան­ձին սե­փա­կա­նու­թիւն չու­նե­նա՛լ։

Այս ո­րո­շում­նե­րը, Լե­ւոն թա­գա­ւոր եւ Դա­ւիթ Կա­թո­ղի­կոս ու­ղար­կե­ցին Զա­քա­րէ իշ­խա­նին…։

- Պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով պի­տի թղթա­տենք Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան է­ջե­րը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 5, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016