«ՍԱՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՍԿԻԶԲԸ
«Չըփլաք այաքլար քումփանեասը»ն երէկ երեկոյեան Թոփհանէի իր աշխատանոցի երդիքին տակ գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց արդի պարի նոր ելոյթ մը։ «Սար» կոչուած է այս ներկայացումը, որու համահեղինակները կը հանդիսանան Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուստա։ Միհրան Թովմասեան մենապարով մը հանդէս կու գայ «Սար»ին մէջ, իսկ Սարօ Ուստա կը վերահսկէ երաժշտութիւնը։ Հարկ է նշել, որ «Սար»ի երաժշտութիւնը ձեւաւորուած է Վաչէ Երամեանի, Գագիկ Մուրատեանի, Քլոտ Չամիչեանի, Նաիրուհի Ալավերտեանի եւ Ռիչըրտ Յակոբեանի ստեղծագործութիւններէն զանազան հատուածներու համադրութեամբ։ Ծրագրի ամբողջին մէջ լուսախաղերն ալ ունին կարեւոր նշանակութիւն, իսկ անոնք կը կատարուին Ճէմ Եըլմազէրի եւ Իրէմ Աւճըի պատասխանատուութեան տակ։
«Սար»ին մէջ կը պատմուի լերան մը պատմութիւնը։ Հեղինակներու բանաձեւումով, ան խարսխուած է աշխարհը, մարդկութիւնը, երկրագունդն ու երկինքը թիւր ընկալելու վրայ։ Ներկայացման ամբողջին մէջ եզակի ձեւով կը ցոլանայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, հայութեան անցած ուղին՝ արմատներէն սկսեալ մինչեւ ստեղծագործութիւնները եւ ապագայի յոյսերը։
«Սար»ի ներկայացումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ շրջանին։