ԱԴԱՄԻՆ ԵՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
Առաջին մարդը՝ Ադամ, եդեմական դրախտին մէջ երանական կեանք մը ունէր եւ ինչպէս Շարականագիրը կ՚ըսէ՝ «Այնտեղ ան կը ցնծար՝ առանց տխրութեան կը զուարճանար տրտմութիւն չճանչցող խնդութեամբ»։ Եւ երբ կը սկսինք Մեծ պահոց շրջանին, ինչպէս նախապէս ըսինք, այս երկար շրջանը կը սկսի «Բուն Բարեկենդան»ով, այսինքն Ադամի երանական կեանքի յիշատակութեամբ։ Արդարեւ, Մեծ պահոց ամէն մէկ Կիրակին՝ մարդուն ճամբորդութիւնն է հոգեւոր ճանապարհին վրայ։
Բուն Բարեկենդանի առիթով հաւատացեալ մարմնով եւ հոգիով, մարդիկ, կը պատրաստուին դիմագրաւելու գալիք օրերու դժուարութիւնները։ Այդ օրը անոնք հոգեպէս կը սնանին առաւելագոյն չափով, որպէսզի պահքի շրջանին փորձութեան չմատնուին, աւելի զօրաւոր եւ հոգեպէս զինուած ըլլան։ Այսպէս, հաւատացեալներ հոգեպէս կը զինուին՝ պատրաստուելով յառաջիկայ օրերու փորձութիւններուն դէմ։
Պօղոս Առաքեալ Կողոսացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զԻնք ճանչնալ…» (ԿՈՂՈՍ. Գ 9-10)։
Այսինքն մեր մէջէն հին մեղաւոր «մարդ»ը դուրս վանենք եւ աղօթքի, ապաշխարութեան ու զոհողութեան միջոցով Քրիստոսը ընդունինք մեր մէջ եւ Անով հիմնովին նորոգուինք՝ «նոր մարդ» ըլլանք։ Ուստի Բուն Բարեկենդանի այս օրը, իսկութեանը մէջ անդրադարձի, ինքնաքննութեան, ուխտի, նուիրումի եւ մէկ խօսքով՝ հոգեկան վերանորոգման օր է։ Եւ ա՛յդ օրն է, որ մարդ կ՚որոշէ Քրիստոսով ապրիլ եւ Քրիստոսը իր մէջ ընդունիլ։
Բուն Բարեկենդանի օրն է, որ մարդ կ՚ուխտէ եւ կ՚որոշէ պահեցողութեան շրջանին զոհողութիւններ, զրկումներ յանձն առնել եւ այդ որոշումը հաստատ պահել ու երբեք չդրժել։ Այդ օրն է դարձեալ, որ մարդ հաստատակամ եւ հոգեպէս զօրացած կը սկսի բոլորովին նոր կեանքի մը՝ նորոգուած եւ բարեփոխուած։ Այդ օրն է, որ մարդ վատ ու յոռի սովորութիւններէն ու բարքերէն ձերբազատուելու ուխտ կը կատարէ, ինքզինք հեռո՛ւ կը պահէ խառնակութիւններէ, պղծութիւններէ, լեզուին սանձ կը դնէ, որ այլեւս չչարախօսէ, չանիծէ եւ չբամբասէ։
Ուստի Բարեկենդանի ներշնչած ոգիով, մարդ կ՚որոշէ «մարդասէր» ըլլալ, ողորմած, գթած, բարեսէր, անյիշաչար, ներողամիտ եւ քաղցրաբարո՛յ։ Այսպէս ուրեմն, մարդ պէտք է փորձէ իր մէջէն վանել մարդկային բոլոր թերութիւններն ու տկարութիւնները եւ առաքինութիւններով լեցուն՝ ազնիւ «Նոր մարդ»ը կերտել իր մէջ։
Քրիստոնէական կեանքին մէջ՝ առանց ադամական մեղքէն ձերբազատուելու կարելի չէ՛ փրկութեան հասնիլ։
Բայց մկրտութեան խորհուրդին միջոցով ադամական սարսափելի՜ մեղքէն սրբուելէ յետոյ, կարեւո՛ր է, որ մարդ իր անձին մէջ ապրեցնէ ու աճեցնէ իր հաւատի առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիսոտսի անձը եւ կեանքը։
Պատմութիւնը կը վկայէ իրողութիւններու՝ երբ մեղաւոր մարդիկ այս ամէնը կատարելով քաւութեան արժանացած եւ «Նոր մարդ» դարձած են։ Զոր օրինակ՝ յիշենք Պօղոս Առաքեալի կեանքը։ Պօղոս Առաքեալի կեանքի պատմութիւնը իրական տիպա՛ր մըն է հրաշալի՜ քաւութեան եւ բարեբեր դարձի՝ քրիստոնեաներու նախկին հալածիչը, անոնք ձերբակալողը, բանտարկողը եւ դատապարտողը Սողոսի դարձը եւ քրիստոնէութեան քաջագործ կտրիճ Պօղոսի վերածուիլը։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ յանկարծ անոր աչքերը «երկնային լոյս»ի ցոլքէն շլացած եւ կուրացած էին չարին։ Յետոյ երբ ան անդրադառնալով ճշմարտութեան լոյսին՝ բացուեցան անոր աչքերը եւ ան դարձաւ քրիստոնէութեան մեծագոյն ջատագովներէն ու պաշտպաններէն մէկը՝ իր քարոզութեամբ ու գործունէութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ իրեն տրուած Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսը հասցնելով աշխարհի տարբեր կողմերը։
Եւ հայոց Տրդատ Գ. թագաւորի պարագան ալ նոյն զարգացումը ցոյց տուած է ըստ պատմական վկայութիւններու։ Արդարեւ Տրդատ Գ. թագաւոր, 290 թուականին, յատուկ հրովարտակով, այսինքն արքունի հրամանագրով հալածանքի ենթարկեց հայոց քրիստոնեաները եւ սրախողխող ընելով, այսինքն զանոնք սուրով սպաննելով իր թշնամութիւնը ցոյց տուաւ քրիստոնեաներու նկատմամբ, եւ ասիկա ըրաւ մանաւանդ Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց կոյսերուն։
Տրդատ Գ. թագաւոր մահուան դատապարտեց նաեւ Գրիգոր Պարթեւը՝ զայն բանտարկել տալով Խոր Վիրապի գետնափոր արգելանոցը՝ զնտանը։ Սակայն անոր հոգիին մէջ խղճահարութիւնը, մեղքի անդրադարձը եւ ապաշխարութեամբ քաւութեան հասնելու եւ փրկուելու պահանջը հրա՛շք գործեցին։
Եւ Տրդատ Գ. թագաւոր՝ եղաւ «Նոր մա՛րդ»։
Հիւանդացած «հին մարդ»ը՝ հալածող, սպաննող թագաւորը առողջացաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղօթքով, բարեխօսութեամբ եւ միջնորդութեամբ։
Ուստի «հին» Տրդատ թագաւորը՝ որ հեթանոս էր՝ կրապաշտ եւ բարբարոս, վայրագ ու բիրտ, դարձաւ «Նոր» Տրդատ թագաւորի մը՝ բարեսէր, ողորմած ու գթասիրտ։ Եւ այս հրա՛շք մըն էր…։
Այսօր ալ սիրելի՜ բարեկամներ, մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ այսպիսի հրաշքներ կը կատարուին եւ մենք շատ անգամ չենք անդրադառնար անոնց։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ մեղաւորներու առջեւ կը բացուի երկնքի ողորմութեան դռները, եւ այնտեղէն սրբութեան, մաքրութեան, փրկութեան լոյսը մեզ կը հրաւիրէ դէպի վե՜ր, միշտ դէպի բարձեալն Աստուած՝ որ պատրաստ է ամէն ատեն ներելու, հայրաբա՛ր դիմաւորելու բոլորս, առանց խտրութեան, առանց տարբերութեան, առանց աչառութեամբ, քանի որ Ան Սէ՛ր է, եւ Հա՛յր…։
Արդարեւ ճիշդ է, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճամբան նեղ է եւ փշոտ, դժուարին եւ թէ՛ քարքարուտ, եւ սակայն կեանքի ամէն դժուարութիւններուն յաղթողներն են որ միշտ կը հասնին իրենց նպատակին։
Այս պատճառով է, որ կ՚ըսենք. ամէն մութ, ամէն խաւար դատապարտուած է ի վերջոյ լուսաւորուելո՛ւ։ Եւ ուրեմն ամէն պահ կեանքի մէջ՝ ա՛յն պահն է, որ հասած է զղջումի, ապաշխարութեան՝ մեր յանցանքներու համար ներողութիւն ե՛ւ թողութիւն խնդրելու ժամանակը։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ զղջումի եւ ապաշխարութեան համար նախապայմանն է. անդրադառնալ իր սխալին եւ ընդունիլ զայն, եւ ապա հաստատամտօրէն որոշել չկրկնել այդ սխալը։ Ուեմն, սիրելի՜ներ, աղօթքի եւ բարեգործութեան միջոցով եւ միշտ անկեղծութեա՛մբ ջանանք մեր ներաշխարհը, խոհերն ու մտածումները մաքրել, ազատել զանոնք մեղքերու կապանքներէն եւ ստանանք Աստուծոյ լոյսի եւ շնորհներու փունջը։
Արդիւնաբեր թող ըլլայ Մեծ պահքի շրջանը բոլորիս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 6, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024