ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Հոգեւորականի արժանիքը յաճախ տարբեր գաղափարներու արտայայտութեան առիթ կ՚ընծայէ, անորոշութեան կը մատնէ շատերը։ Արդարեւ ոմանք հոգեւորականի արժանիքի ստուգանիշը կը տեսնեն գիտութեան աստիճանին մէջ, ուրիշներ որպէս չափանիշ կ՚ընդունին անոր մարդկային կարողութիւնները։ Բայց պէտք է ընդունիլ, որ հոգեւորականի արժանիքը՝ իսկական եւ որոշիչ արժէքը ո՛չ իր գիտութեան, ո՛չ իր կարողութիւններուն եւ ո՛չ իսկ մարդոց կողմէ իրեն տրուած զանազան հանգամանքներու՝ դիրքերու, աստիճաններու մէջ է, քանի որ բոլոր այդ հանգամանքները, անունները, տիտղոսները ի վերջոյ մարդկային-աշխարհային են եւ արտաքնապէս ստացուած առաւելութիւններ։
Հոգեւորականի մը իսկական արժանիքը՝ իր մտածումները եւ ապրելակերպն է, որ իւրայատուկ է, ի՜նքն է, եւ ինք իր մտածումներով, խօսքով, կեցուածքով եւ մէկ խօսքով՝ իր կեանքո՛վ եւ իր կեանքին մէջ՝ ուր Աստուա՛ծ կը յայտնուի։ Այն՝ ի՛նչ որ Աստուած իր ստեղծած առաջին մարդուն տուաւ. Իր պատկերով եւ Իր նմանութեամբ ստեղծելով զայն։
Ուրեմն հոգեւորականին արժանիքը՝ իր Աստուծոյ նմանութիւնը եւ Անոր պատկերը ներկայացնելն է։
Հոգեւորականի բնորոշիչ արժանիքը՝ անոր աստուածանմանութիւնն է։ Այնպէս, որ անոր մէջ յայտնուի եւ տեսնուի Աստուած՝ Բարին, Իմաստունը, Սէրը եւ բոլոր առաքինութիւնները։ Հոգեւորականի ճշմարիտ արժանիքը՝ մարդոց կողմէ, Աստուծոյ նմանութեան եւ աստուածայինին յայտնութեան պատճառով սիրուիլ, փառաւորուիլ է։ Մարդը երբ կը սիրէ մարդը, կը փառաւորէ մարդը այն պատճառով, որ ան Աստուծոյ մէկ արտայայտութիւնն է, Աստուծոյ պատկերը կը ներկայացնէ, ահաւասիկ անիկա իրաւ հոգեւորական է եւ արժանաւո՛ր։
Մարդ մարդուն մէջ երբ Աստուած կը տեսնէ, այդ կը նշանակէ որ անիկա հոգեւորականի արժանիք ունի։ Երբ մարդ՝ մարդուն մէջ կ՚աճի հոգիով, այդ պարագային ան աստուածային արժանիք ունի եւ իրա՛ւ հոգեւորական մըն է։ Եւ ո՜րքան դժուար է, եւ շատ անգամ անկարելի՝ ապրիլ աշխարհի վրայ, այսինքն իր լայն իմաստով «աշխարհական» ըլլալ եւ հոգեւորականի արժանիք ունենալ։
Ուստի հոգեւորականը այն է՝ որ աշխարհայինը, նիւթականը եւ մարմնականը չի գերադասեր հոգիին, հոգեկանին, արժէք կու տայ հոգեւոր ճշմարտութեան եւ կը նմանի իր Արարչին։
Արդարեւ հոգեւորականի արժանիքը կը յայտնուի այն ատեն, երբ կենդանի վկայութեամբ կը դառնայ «պատկեր Աստուծոյ», իր աստուածատիպ բնութեան հարազատ արտայայտութեամբ, եւ գործնական կենսաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս (1995-1999)։
Մարդ այս հանգամանքով՝ երկնքի ու երկրի միջեւ կամուրջ մըն է՝ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան նուիրուած։
Եւ ճշմարիտ հոգեւորականին համար ի՛նքն է, որ կը բացակայի, ինք՝ որպէս միա՛կ անհատ անձնափակ դիմագծով։ Ուստի ի՛նք կայ այն ատեն երբ իւրայատուկ կեանքով մը կը խորհի, կը զգայ եւ կը գործէ թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ իր նմաններուն՝ մարդոց համար։ Եւ եթէ այդ հանգամանքը չունի, եթէ այդ առաքինութիւնը չունի, այլապէս հոգեւորական չէ՛։ Եւ իր կոչումին անհաւատարմութիւնը իր մա՛հն է արդէն։
Արդարեւ, «Աստուծոյ մարդ»ը դէտ մըն է, «ա՛չք» մը վերէն կարգուած՝ ժողովուրդի մը վե՛ր բարձրացման համար։ Ուրիշ խօսքով՝ հոգեւորականը վերէ՛ն կ՚առնէ՝ վե՛ր բարձրացնելու համար մարդը։ Կ՚առնէ ժողովուրդէն, Աստուծոյ ընծայելու, ներկայացնելու համար։ Պատի՛ւ եւ պարտք. տալու համար Աստուծոյ, քանի որ պատիւը պարտքէն կ՚առնէ իր էութիւնը։
Ուրեմն, հոգեւորականը Աստուծոյ առջեւ կեցած է՝ իբրեւ պատասխանատու մարդոց՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ յանձնուած են իրեն։
Ուստի «հոգեւորական ըլլալ» իսկական կոչո՛ւմ մըն է. ըսենք՝ առաւելութիւն մը, յատկութիւն մը, որ բնածին է, եւ ո՛չ ստացական։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդ հոգեւորական կը ծնի, յետոյ այդ «հոգեւորական»ը կը յայտնուի, հետզհետէ կը զարգանայ։
Եւ այս յայտնութիւնը մարդկային յարատեւ ու աննկուն ճիգի մը կը կարօտի՝ որուն շնորհիւ հոգեւորականի առաքելութեան յատուկ պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնը իրագործման կը կոչուին։ Սակայն կեանքը այս կոչումին դիմաց անվերջ ու յաճախ անյաղթահարելի խոչընդոտներ, արգելքներ կը յարուցանէ, կարծես հեռացնել կ՚ուզէ հոգեւորականի կոչումէն ենթական։ Աշխարհ եւ կեանք միաբերան՝ կ՚ուզեն հրաժարելու ստիպել հոգեւորականի կոչում ունեցողը. փորձութիւններ ցանց մը կը կազմեն նպատակէն հեռացնելու համար զայն՝ որոնցմով կրնայ հոգեւորականը յաճախ անգիտակցօրէն եւ դիւրութեամբ շեղիլ իր ճամբու գիծէն անզգալիօրէն։ Կարծես մութը կը պատէ եւ կոչումի լոյսը կը կորսուի պահ մը. ահաւասիկ, փորձութեան յաղթութեան պա՛հն է այդ, եւ եթէ տեւականանայ, խաւարը կը յաղթահարէ, եւ հոգեւորականը բոլորովին կը շեղի իր ճամբէն եւ կը կորսնցնէ իր նպատակը, հոգեւոր կեանքի իմաստը…։
Հոգեւորականի կոչումը ի՞նչ է, ո՞վ է իսկական կոչում ունեցողը եւ կոչումը զգացողը։
Այս հարցումներուս պատասխան գտնելու համար պէտք է լաւ հասկնալ, թէ ի՞նչ է «կոչում» ըսուածը։
«Կոչում»ի ամենագեղեցիկ բացատրութիւնը կու տայ Երեմիա մարգարէ երբ կ՚ըսէ.
«Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.- Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի…» (ԵՐԵՄ. Ա 4-5)։ Մարգարէական այս խօսքը, իրաւ հոգեւորականութեան, իսկական ու անկեղծ հոգեւորականի ամենագեղեցիկ սահմանումն է։
Այս կը նշանակէ, որ իրաւ հոգեւորականը տակաւին չծնած, արդէն «հոգեւորական» է, եւ երբ կը ծնի, լոյս աշխարհ կու գայ, ան արդէն հոգեւորական է, ասկէ վերջ կը սպասուի անոր հոգեւորականութեան յայտնութեան, պատեհ ժամանակին։ Այս պատճառով է, որ հոգեւորականութիւնը ստացական յատկութիւն մը չէ՛, այլ՝ բնածին։ Ուստի սխալ է ըսել. «Կոչում զգացի» եւ կամ «Կոչում ստացայ», այլ ճիշդ է ըսել. «Կոչումս յայտնուեցա՛ւ» եւ կամ «Կոչումիս անդրադարձա՛յ»։ Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ այդ «կոչում»ին սխալ ըմբռնումը, իմաստը փոխելով գործածութիւնը ի՛նչ վնասներու պատճառ է դարձած՝ թէ՛ անհատական կեանքը, թէ՛ ընկերայինը եւ թէ եկեղեցին վնասելով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 10, 2016, Իսթանպուլ