Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան։ Սա Մեծ պահոց շրջանի երրորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչա։ Ներկայ էին նաեւ Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ ուրարակիր Գարեգին Աւետիքեան։ Տասնչորս ուխտաւոր դպիրներ կատարեցին հոգեպարար արարողութեան երգեցողութիւնները։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արեւագալի արարողութիւնը աւարտին հասաւ «Տէր ողորմեա»ի երգեցողութեամբ եւ խաչահանգիստով։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Տեղւոյն տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած պահքի սեղանը օրհնեց Ընդհանուր Փոխանորդը։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք Մեծ պահոց նուիրական շրջանին բնորոշ մթնոլորտի մը մէջ անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։