ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Ռաֆայէլ Ճանիկեանի «Խոտորջուր․ հայրենաբաղձ ուղեւորի մը ճանապարհորդութիւնը» հատորը, հրատարակուած «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ, նախընթաց երեկոյեան հանրութեան ծանօթուեցաւ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։ Այս առթիւ նախ արտայայտուեցաւ գրքին թարգմանիչը՝ Սերհան Ատա եւ ապա Ռաֆայէլ Ճանիկեանի որդին՝ իտալահայ Փրոֆ․ Ճորճիօ Ճանիկեան։ Անոնք պատմեցին Ռաֆայէլ Ճանիկեանի եւ այս գրքին ստեղծման պատմութիւնը։ Ապա հատուածներ ընթերցուեցան գիրքէն՝ դերասան Շերիֆ Էրօլի (թրքերէն) եւ Սեւան Տէյիրմենճեանի (հայերէն) կողմէ։
Խոտորջուր, այսօրուան անունով Սարըքոնաք (Իսփիր), Էրզրումի պատմական նահանգի զուտ հայաբնակ գաւառակներէն մէկն էր։ Պատմական ուրոյն անցեալի տէր այս գեղատեսիլ բնավայրը, ինչպէս հայաբնակ միւս գաւառները, 1915-ին դատարկուեցան իրենց բնակչութենէն։ Ռաֆայէլ Ճանիկեան, 1915-ին դեռ 9 տարեկան մանուկ մըն էր թէեւ, սակայն իր գաւառն ու տեսածները կը պատմէ ականատեսի մը վառ գոյներով։