Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110-րդ Տարեդարձի Սեմին (1906-2016)
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 110 տարիներու ընթացքին անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պահպանման ու մայր հայրենիքի բարգաւաճման համար: Ներկայ ժամանակներու դժուարին պայմաններու-պահանջքներու ճնշումին տակ կը յուսանք, որ մեր ազնուասիրտ ժողովուրդը իր անվերապահ նեցուկ-օժանդակութիւնը չզլանայ մեր մեծ Միութեան՝ որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել գալիք բոլոր մարտահրաւէրները, ինքնավստահօրէն շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի երիտասարդութեան հզօրացման՝ դարեր շարունակ:
«ՀԲԸՄ-ը վաղանցիկ կառոյց մը չէ, պայմանաւորուած անձերով կամ հատուածային տեսակէտներով. անիկա աւելի վսեմ մարմնացումն է ազգային գերագոյն ծառայութեանբ զտուած, բիւրեղացած-սահմանուած գոյատեւելու»։
Տեղին է յիշել, թէ նախագահ Պերճ Սեդրակեան խոհուն իմաստութեամբ, ճարտարօրէն կը շարունակէ՝ նախագահներ Պօղոս Նուպարի, Ալեք Մանուկեա-նի սրբազան առաքելութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան նպատակն էր «հայ ժողովուրդի, մասնաւորաբար արեւմտահայութեան կարիքներուն բաւարարումը, Հայաստանի ազատագրումը տիրապետութենէն:» Նախագահ Սեդրակեան «Դար մը Պատմութիւն ՀԲԸ Միութեան» գիրքի նախաբանին մէջ կ՚ըսէ հետեւեալը. «Միութեան կանոնագիրը կը նախատեսէր ստեղծումը անձեռնմխելի դրամա-գըլուխի մը կազմուած ստոյգ նպատակի համար կատարուած նուիրատուութիւններէ, որոնց վրայ պիտի աւելնային անդամավճարներ, այլ մուտքեր»։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան արդարացիօրէն կը շեշտէ, թէ արտասահմանի մէջ կազմակերպութեան մը յաջողութիւնը, բարգաւաճումը կ՚ապահովուի իր նիւթականով, անդամներով։ Անդամներն են, որոնք կ՚արժեւորեն, կ՚իմաստաւորեն միութեան մը գոյութեան իմաստը: ՀԲԸՄ-ի կանոնագիրի յօդուած III-ը կը վերաբերի անդամակցութեան, որ հիմնական-կարեւորագոյն առաջին երեք հատ-ւածներէն մէկն է: Առաջինը՝ ըլլալով Միութեան անունը, երկրորդը՝ Նպատակը, իսկ երրորդը՝ Անդամակցութիւնը: Այստեղ անհրաճեշտ է ի մտի ունենալ այն ասացուածքը, թէ «Առանց զինուորի՝ բանակ կարելի չէ ունենալ:»
Ի միջի այլոց հարկ է շեշտել, թէ յետ Եղեռնի «արեւմտահայութիւն» կը նշանակէ արտասահման, որ կը պարփակէ այսօրուան անկախ Հայաստանէն դուրս գտնուող գաղութները՝ ներառեալ Ռուսաստանը:
Ներկայ պայմաններով, հայրենի կառավարութեան պարտաւորութիւնն է ապահովել հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճումն ու գոյատեւումը: ՀԲԸՄ-ի, Հայ Եկեղեցւոյ, ազգային կազմակերպութիւններուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է արտասահմանի մէջ ապահովել ազգապահպանումը իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային, ընկերային ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ մարզական, սկաուտական -երիտասարդական արդիական գործունէութիւններով: Քաղաքակիրթ երկիրներ միլիառներ կը ծախսեն վերոյիշեալ գործունէութիւններով դաստիարակելու համար նոր սերունդները: Անհրաժեշտ է, որ մենք ալ միջակութենէ բարձրանանք, որպէսզի արդիական միջոցներով եւ գործելակերպով կարենանք դաստիարակել, խանդավառել եւ հրապուրել մեր նոր սերունդները՝ պահպանելու համար մեր մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, կերտելով անոնց մէջ ազգային ինքնութեան հպարտ գիտակցութիւնը:
Նախագահ Սեդրակեան կը յայտարարէ հետեւեալը. «Անհը-րաժեշտ է որ ուսումնասիրուին նպատակասլաց ծրագիրներ եւ գործադրուին բարձրորակ յայտագիրներ, որոնք կ՚ամրապնդեն կապը՝ օտար երկնակամարներու տակ հասակ նետող սերունդներուն եւ անոնց հայրենաբնակ սերնդակից հարազատներուն միջեւ, ինչպէս ՀԲԸՄ-ի հայկական համացանցային համալսարանը, ասպարէզային միջազգային ծրագիրները եւ այլն:
Հայրենիքը՝ իբր անկախ պետականութիւն, պէտք է գործնականապէս զօրավիգ կանգնի արտասահմանի իր հայրենակիցներուն, եթէ կ՚ակնկալէ, որ գալիք սերունդներն ալ օժանդակեն հայրենիքի բարգաւաճման:
Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, ՀԲԸՄ-ի հիմնուած է 1906-ին արտասահմանի մէջ, Եգիպտոս: Իր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը եղած է ծառայել արտասահմանի գաղութներուն՝ որպէսզի գաղութներն ալ իրենց կարգին, մեր Միութեան նման, կարելի եղած չափով օգտակար դառնան հայրենի ժողովուրդին եւ օժանդակեն հայրենիքի բարգաւաճման՝ քանզի զօրաւոր արտասահմանը գրաւականն է հայրենիքի հզօրացման:
Պատմութեան առջեւ պատասխանատու պիտի ըլլանք, եթէ անտեսենք արտասահմանի կարեւորութիւնը: Նաեւ կարելի չէ մոռնալ արտասահման ապրող նոր սերունդները, եթէ կը սիրենք եւ կ՚ուզենք օգտակար ըլլալ մայր հայրենիքի բարգաւաճման:
Արտասահմանի աւանդական կազմակերպութիւնները անհրաժեշտ է որ զօրանան, վասնզի անգնահատելի են անոնց ծառայութիւնները մեր ժողովուրդին: Անոնք, դար մը ամբողջ անսակարկ նուիրումով կենսունակ պահեցին մեր գաղութները ու հայրենասիրութեամբ ներշնչեցին մեր բոլորը: Որեւէ աւանդական կազմակերպութեան տկարացումը խորապէս ցաւ պէտք է պատճառէ բոլորիս:
Մեծապէս փափաքելի եւ քաջալերիչ է տեսնել արտասահմանի ազնուական եւ ազգասէր բարերարներ ու մեծահարուստներ՝ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւններով զօրացնեն ազգային կազմակերպութիւնները, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին կարենան յաջողութեամբ նաւարկել ուծացումի փոթորկալի ովկիանոսին մէջ:
Կ՚ուզենք շեշտել, թէ ՀԲԸՄ-ը կը պատկանի հայութեան՝ անխտիր: Հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա կը յայտարարէ հետեւեալը. «Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը իր զօրութիւնը կ՚որոնէ մեր ազգին բոլոր տարրերու միացումին մէջ, առանց կրօնական կամ կուսակցական խտիրի…»։
Յարգարժան նախագահ Պրն. Պերճ Սեդրակեան, այժմ ժամանակն է, որ ՀԲԸՄ-ը Հայաստանի մէջ ունենայ իր մասնաճիւղերը՝ կիրարկելով Միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որդեգրելով միութեանս գործելակերպը եւ յայտնաբերելով հայրենաբնակ բարերարներ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին նպաստեն հայրենիքի մարդասիրական ծրագիրներուն: Թելադրելի է հայրենի մասնաճիւղերէն եւս ունենալ ազգա-նըւէր ու արժանաւոր ներկայացուցիչներ Կեդրոնական վարչութեան մէջ: Այս գաղափարին գործադրութիւնը ձեր նախագահութեան շրջանին՝ պատմական կարեւոր իրագործում մը պիտի նկատուի ՀԲԸՄ-ի 110-րդ տարեդարձին առիթով:
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ