ԻՆՔՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
Ինքնատիրութիւնը՝ ինքնագիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Այն անձը՝ որ իր արժանիքին, իր մտային ու հոգեւոր կարողութիւններուն գիտակից է եւ ըստ այնմ կը վարուի, ան տէ՛րն է իր անձին։ Անձ մը՝ որ ինքն իրեն տէրը չէ, այդ կը նշանակէ, որ ան ո՛չ չափ ունի, ո՛չ կշիռ եւ ոչ ալ սահման իր կիրքերուն, եւ կը վարուի բոլորովին ինքնակեդրոն կեանք մը՝ ուրիշներուն նկատմամբ վանողական եւ իրմէ տարբերը մերժող ընթացքի մը մէջ։ Եւ անշուշտ, որ այս անհատական մտածելակերպը ներհակ է, հակառակ է հաւաքական, հասարակական կեանքին՝ որ կոչուած է ու պարտաւո՛ր է մարդ, քանի որ ան ընկերային կեանք ապրելու ստիպուած է։
Այս խորհրդածութիւններէն կը հետեւի, թէ մարդ, որպէս անհատ, կարօտ է միշտ «ուրիշ»ին, այսինքն իւրաքանչիւր անհատ պահանջքը ունի ուրիշ անհատի մը օգնութեան, որեւէ մարզի մէջ։
Եւ այս կը նշանակէ, որ անհատը պէ՛տք է ապրի ընկերային կեանք մը՝ ուր իւրաքանչիւրը պիտի օգնէ միւսին, փոխադարձ աջակցութեամբ։
Ուստի մա՛րդ ինքնաբաւ, այսինքն ուրիշին անկարօտ չի կրնար ըլլալ։ Արդարեւ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ ալ, «մարդ»ը տարբեր կարողութիւններով ստեղծուած է, իրարու հաւասար չէ ստեղծուած, որպէսզի մէկը միւսին օգնէ, մէկը միւսին տկարութիւնը զօրացնէ՝ պակասը ամբողջացնէ։ Մարդ, ուրեմն կատարելութեան կրնայ հասնիլ «ուրիշ»ին աջակցութեամբ, ընկերակցութեամբ։ Սապէս ըսենք. մարդու մը իր թեւերով շրջանակ մը կարենալ կազմելու, ամբողջացնելու համար անպայման եւ ստիպողաբար «երկու թեւ»երու պահանջքը ունի, մէկ ձեռքով կամ մէկ թեւով ամբողջ շրջանակ մը չի՛ կրնար կազմել մարդ։
Եւ մարդիկ՝ մէկը միւսին կապող ուժը ի՞նչ է։
Ահաւասիկ հո՛ս է սիրոյ կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Բայց շատ անգամ սէրն ալ բաւարար չի կրնար ըլլալ, եթէ ան գործնականի չէ վերածուած։ Միայն շըր-թունքի վրայ, միայն լեզուի մէջ մնացած սէրը ո՛չինչ կ՚արժէ, քանի որ ան միայն շըր-թունքին վրայ կամ լեզուի մէջ կը մնայ։
Սիրոյ պէտք է միանայ անկեղծութիւն, գործ եւ արտայայտութիւն։ Եթէ ընկերդ կը սիրես, բայց անոր չե՛ս օգներ իր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն մէջ, ապա ուրեմն «խօսք»ը ի՛նչ կ՚արժէ։
Ուրեմն ո՞ւր պէտք է զետեղել «ինքնատիրութիւն»ը այս յարաբերութեան, այս հաղորդակցութեան մէջ։ Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ սիրոյ չափ կարեւոր է անկեղծութիւնը՝ որ արտայայտութիւնն է ինքնագիտակցութեան։
Իսկ ինքնագիտակցութեան յստակ ու բացայայտ արտայայտութիւնը կը տեսնուի «ինքնատիրութեան» մէջ, այսինքն՝ իր կամքին, իր կիրքերուն, հոգեկան շարժումներուն, անսանձ հակումներուն եւ մղումներուն չափ ու կշիռ, սահման կարենալ դնելու մէջ, ի՛նչ որ առաքինութիւն մըն է։
Առաքինի մարդը, արդարեւ ազնիւ մարդ է, այն որ իրաւունք եւ արժէք կը ճանչնայ, եւ գիտէ, թէ ինք որչափ որ իրաւունքի տէր է, նո՛յնքան իրաւունքի տէր է նաեւ իր նմանը, եւ ինք ո՛րքան արժէք ու արժանապատուութիւն ունի, ունի նաեւ «ուրիշ»ը՝ իր ընկերը, իր դրացին կամ ոեւէ անձ։ Մէկ խօսքով՝ առաքինի է այն մարդը՝ որ արդա՛ր է եւ ո՛չ երբեք ինքնակեդրոն։
Արդարեւ մարդ շա՜տ բաներու տէր կրնայ ըլլալ, բայց երբ իր անձին տէրը չէ, ո՛չինչ կ՚արժէ իր տիրութիւնը, իր բոլոր ստաց-ւածքը՝ ո՛չ միայն նիւթական, այլ եւ մանաւանդ մտային եւ բարոյական ժառանգութիւնը, հարստութիւնը…։
Եկէ՛ք սիրելի բարեկամներ, առակով մը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները։ Առակը կը պատմէ Սմբատ Սարկաւագ Խանուէլեան՝ «Օրուայ առակը» շարքէն։
Հինգ իմաստուններ կը կորսուին անտառի մը մէջ։
Առաջինը կ՚ըսէ. «Ես պիտի երթամ դէպի ձախ՝ այսպէս կ՚ըսէ իմ ներքին զգացողութիւնը»։
Երկրորդը կ՚ըսէ. «Ես պիտի երթամ դէպի աջ, քանի որ ի զուր չեն կարծեր, որ -յաջողիլ- բառը կը ծագի -աջ- բառէն»։
Երրորդը կ՚ըսէ. «Ես ետ կ՚երթամ՝ մենք այնտեղէն եկանք, այնպէս որ ետ երթալով անպայման դուրս կու գանք անտառէն»։
Իսկ չորրորդը կ՚ըսէ. «Ես պէտք է առաջ երթամ, մենք պէտք է դէպի առաջ շարժինք եւ անտառը անպայման կը վերջանայ ու կը բացուի նոր բան մը»։
Վերջապէս հինգերորդը կ՚ըսէ. «Դուք բոլորդ կը սխալիք ձեր կարծիքներուն մէջ։ Աւելի լաւ միջոց մը կայ։ Սպասեցէ՛ք ինծի»։ Եւ բոլորը հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոր շարժումներուն, որ կ՚ըսէր, թէ ամենալաւ ճամբան պիտի գտնէ անտառէն դուրս գալու համար։
Ուստի ան գտաւ անտառին ամենաբարձր ծառը եւ բարձրացաւ անոր վրայ։ Քանի ան տակաւին կը բարձրանար, մնացեալ իմաստունները ցրուեցան իրենց նշած ուղղութիւններով։ Վերէն ան տեսաւ՝ ո՛ւր պէտք է երթալ, որպէսզի արագ դուրս գան անտառէն։ Այդ պահուն իսկ ան կարող էր նոյնիսկ ըսել, թէ ի՛նչ կարգի համեմատ անտառի եզերքին կը հասնին միւս իմաստունները։ Ան բարձրացաւ վեր, եւ կարողացաւ տեսնել ամենակարճ ճամբան։ Ան տեսաւ հարցը, հետազօտեց խնդիրը եւ լուծեց զայն բոլորէն աւելի լաւ։ Գիտէր, որ ինք ճի՛շդ ըրաւ, իսկ միւսները՝ ո՛չ։ Բայց անոնք յամառ էին եւ կամապաշտ եւ անոր ըսածները չլսեցին իսկ, ան՝ որ իսկապէ՛ս իմաստուն մարդ էր…։
Բայց սա տակաւին ամէնքը չէ՛, քանի որ ան սխա՛լ էր։ Բոլորը ճիշդ էին։
Ան որ ձախ ուղղուած էր՝ թաւուտ (=անտառին թաւ մասը, մացառաշատ վայր, խիտ՝ փշոտ թուփեր անտառի պէս) մտաւ։ Ան ստիպուած էր պայքարիլ վայրը գազաններու հետ եւ անշուշտ պէ՛տք էր, որ ընդդիմանար անօթութեան դէ՛մ։ Բայց ան վարժուեցաւ այդ բոլորին եւ յաջողեցաւ գոյատեւել անտառին մէջ, դարձաւ անտառի մը մասնիկը եւ այլեւս կարող էր սորվեցնել իր փորձառութիւնները ուրիշներուն։ Իր ընտրած ճամբով ստացաւ մեծ փորձառութիւն եւ հմտութիւն այդ մասին։
Ան, որ աջ կողմը ուղղուեցաւ, հանդիպեցաւ աւազակներու։ Անոնք յափշտակեցին, բռնագրաւեցին ինչ որ ունէր եւ ստիպեցին զայն՝ իրենց հետ թալանել ուրիշները։ Բայց որոշ ժամանակ յետոյ, ան աստիճանաբար յիշեցուց աւազակներուն, այն ի՛նչ որ մոռցած էին՝ մարդկութեան եւ կարեկցութեան, գութի մասին։ Ուստի աւազակներէ ոմանց մասին զղջումը եւ ապաշխարութիւնը այնքան ուժեղ էր, որ իր մահէն յետոյ անոնք իմաստուններ դարձան։ Եւ նոր կեանքի մը սկսան…։
Իմաստուններէն ան՝ որ ետ գնաց, իրենց եկած ծառուղին հարթեց, ճամբան բացաւ դէպի անտառ, որ շուտով հնարաւորութիւն տուաւ բոլորին վայելել անտառը, առանց կորսուելու վտանգին ենթարկուելու։
Ան, որ գնաց առջեւէն՝ բացայայտող դարձաւ։
Ան եղաւ այն վայրերուն մէջ՝ ուր ոչ ոք ոտք դրած էր, ուստի մարդոց առջեւ ան բացաւ հրաշալի՜ կարելիութիւններ, երեւան բերաւ զարմանալի դեղաբոյսեր, հիասքանչ կենդանիներ։
Իսկ ան, որ բարձրացած էր ծառ, դարձաւ կարճ ուղիներ գտնելու մասնագէտ։ Անոր մօտ կու գային բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզէին արագ լուծել իրենց խնդիրները, նոյնիսկ եթէ ան չէր տաներ զարգացման կամ յաջողութեան։
Այնպէս որ բոլոր հինգ իմաստուններն ալ կատարեցին իրենք առաքելութիւնը իմաստութեամբ։
Ուստի կարողանանք բարձրանալ վե՛ր եւ տեսնել ամենակարճ ճամբան։
Կարողանանք, սիրելի՜ բարեկամներ, թոյլ տալ ուրիշներուն երթալ իրենց սեփական ճամբաները, իրենց ազատօրէն ընտրած ուղղութիւնները չարգիլե՛նք։ Քանի որ ամէն անձ իր գործէն պատասխանատու է, եւ ո՛ւր որ ազատութիւն կայ, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութիւն։
Կարողանանք արժէ՛ք գնահատել, գիտնանք, որ իւրաքանչիւր անձ իր տարողութեան չափով կրնայ մասնակցիլ մարդկային ընդհանուր կեանքին եւ օգտակար ըլլալ անոր դիւրատար տեւողութեան։
Ուստի ճանչնա՛նք որպէս խելացի բոլոր մարդիկը, առանց խտրութեան, անշուշտ իրենց կարողութեան չափով եւ աստիճանով, բայց անպայմա՛ն խորհող, դատող, որոշող բանաւոր էակներ…։
Իւրաքանչիւր անձի ուղին կարեւոր է, եւ արժանի յարգանքի։ Վերջապէս, կարողանանք տեսնել եզրագիծէն այն կողմը՝ ուր միշտ շարունկութիւն կա՛յ։
Այո՛, սիրելինե՜ր, կարեւոր են գիտութիւն, հմտութիւն, իմաստութիւն, փորձառութիւն, բայց անպայմա՛ն ինքնագիտակցութիւն, որ կը կանոնաւորէ այդ բոլորը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 1, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024