ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուած նարտի մրցաշարքին աւարտականը։ Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած մրցաշարքին առաջինը եղաւ Աւետիս Տեմիրճի, որուն յաջորդեցին՝ Մուրատ Պալ եւ Եըլմազ Եափսաքլը։
Մէկուկէս ամիս տեւեցին խաղերը, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրում։ Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին՝ յանուն միութեան վարչութեան, ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ եւ Արտա Մելէք, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի որդին՝ Պատրիկ Կիւնթէր։
Ծափողջոյններու միջեւ յատուած կարկանդակը բնորոշեց հերթական մրցաշարքին աւարտը։