Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
«ԲԱՐԵՒ»Ի ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ, «Բարեւ» նորաստեղծ թատերախումբը թափով կը պատրաստուի իր անդրանիկ ներկայացման։ Յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի բեմադրութեամբ այս խումբը յառաջիկայ ամսուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» անուն զաւեշտով՝ հիւրընկալ միութեան բեմին վրայ։ Նախագծին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Թալին Պէրպէրեան, Ասլին Սիմոնեան, Լենա Ենիեորկան, Սեւատա Տեմիրճի, Արթուն Կեպենլիօղլու, Քեւըն Քարաքուշ, Նատին Պէրպէրեան, Արան Ենիեորկան, Լիզա Թուր, Թալիա Թուր, Սեւան Թուր եւ Սարօ Սարաֆ։
Թատերախումբի անդամները կ'երեւին երէկուան ընդհանուր փորձէն վերջ։ (Լուսանկար՝ Արի Թաշ)
Շաբաթ, Մարտ 12, 2016