Միքայէլ Թումանեան. Հողագործական եւ Բուսագիտական Մշակումներու Վաստակաշատ Վարպետը
Ընթերցողներու լայն շրջանակը եւ յատկապէս նորահաս սերունդը այնքան ալ ծանօթ չեն անունին եւ գործին ակադեմական Միքայէլ Թումանեանի, որ կը հանդիսանայ հիմնադիրն ու բազմավաստակ վարպետը հայկական բուսագիտութեան, նաեւ՝ գիւղատնտեսական եւ հողագործական մեծանշանակ մշակումներու։
Փետրուար 29-ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 130-ամեակը բուսագէտ եւ բուսաբոյծ, երկրագործական եւ գիւղատըն-տեսական մշակումներու գիտնական Միքայէլ Թումանեանի, որ իր անունին կապած է ոչ միայն երկրագործական ուսման ու մասնագիտացման ակադեմական դասախօսութեան պատկառազդու վաստակ, այլեւ Հայաստան աշխարհի հողին ու բնութեան բնորոշ ցորենի ու հացահատիկի գիտական ուսումնասիրման եւ մշակման բացառիկ ներդրում։
Նախորդ դարու առաջին կիսուն գործած հայ մեծ գիտնականին նուիրուած Ա. Ա. Մատթէոսեանի գիտական արժեւորումը, որ լոյս տեսած է Խորհըր-դային Հայաստանի ժամանակա-շըրջանին հրատարակուած «Հայաստանի կենսաբանական հանդէս»ի 1967 թուականի համարներէն մէկուն մէջ, ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանայ այսօրուան, ելեկտրոնային համացանցի վրայ, Միքայէլ Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին տեղեկանքի ու գնահատանքի հրապարակումներուն։
Միքայէլ Գալուստի Թումանեան ծնած է 1886-ի Փետրուար 29-ին, Խրիմի Կարասոուբազար քաղաքը: 1905-ին աւարտած Է Երեւանի Գիմնազիան, 1911-ին՝ Մոսկուայի Համալսարանը, իսկ 1914-ին՝ Մոսկուայի Գիւղատնտեսական Ինստիտուտը:
1914-ին վերադառնալով Հայաստան՝ Միքայէլ Թումանեան աշխատած է Զանգեզուր եւ այլ շրջաններ: 1924-ին ան հրաւիր-ւած է Երեւանի Պետական համալսարան՝ ղեկավարելու երկրագործութեան ամպիոնը: 1926-1927-ին, մեծ աշխատանք կատարած է՝ Հայաստանի մէջ դաշտավարութեան ուսումնասիրման ուղղութեամբ: 1929-ին Միքայէլ Թումանեանին շնորհուած է փրոֆէսէօրի կոչում: 1930-1949-ին ան եղած է Հայկական գիւղատնտեսական ինստիտուտի Բուսաբանութեան ամպիոնի վարիչ: 1934-1935-ին՝ ղեկավարած է Սեւանի աւազանի դաշտավարութիւնը ուսումնասիրող արշաւախումբերու աշխատանքները:
1937-ին, Միքայէլ Թումանեան ստացած է գիւղատնտեսական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան: 1943-ին հաստատուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս:
1944-ին, Միքայէլ Թումանեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է Խորհրդային Հա-յաստանի Գիւղատնտեսութեան երկրագործութեան գիտահետազօտական կաճառը, ուր մինչեւ 1950-ի իր մահը՝ անոր ղեկավարութեամբ իրականացուած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ զտումի ու հողագործական արհեստագիտութեան, բոյսերու ձեւագոյացման ու բոյսերու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ:
Միքայէլ Թումանեան հեղինակ է յիսուն գիտական աշխատութեանց: Անոր կարեւոր աշխատութիւններէն են. «Բամբակի մշակութիւնը» (Երեւան, 1924), «Շարքացանը եւ նրա նշանակութիւնը» (Երեւան, 1925), «Հացաբոյսերի որոշիչ հասկաւորներ» (Երեւան, 1933) եւ այլն: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգաւին ակադեմիան այդ յօդ-ւածներէն կազմուած «Հատընտիր» հատոր մը լոյս ընծայեց յետ մահու՝ ռուսերէնով։
Միքայէլ Թումանեանի ուսումնասիրութիւնները հնարաւորութիւն տուած են ճշդելու մշակովի ցորենի ծագման ու զարգացման հարցերը, նպաստելու Հայաստանի մէջ ցորենի հինաւուրց տեղական տեսակներու բարելաւման: Միքայէլ Թուման-եան ուսումնասիրած է նաեւ դաշտային բոյսերու ձեւառաջացումը, բոյսերու կենսակազմաւորումը, յայտնաբերած է անոնց կենսածինային զարգացման օրինաչափութիւնները:
Անոր բուսաբուծական աշխատանքներուն արգասիքը կը կազ-մեն Սպիտակահատ, Գալգալոս, Կարմիր Կոնդիկ, Կարմիր Սլֆահատ եւ այլ անուններով ծանօթ բոյսերը, որոնք մինչեւ այսօր Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ լայն տարածում ունեցող մշակ-ւած ցորենի տեսակներ են։
Գիտական եւ մանկավարժական իր ծառայութեանց համար, Միքայէլ Թումանեան 1935 թուա-կանին արժանացած է Խորհըր-դային Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումին՝ պարգեւատրուելով «Պատուոյ նշան» շքանշանով։ Իսկ 1943 թուականին անոր շնորհուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշ շքանշանը: Խորհրդային Հայաս-տանիԳիւղմինիստրութեան Լենինականի Դաշտավարական դպոցը կոչուած է մեծ գիտնականի անունով։
Միքայէլ Թումանեան եղած է նաեւ կուսակցական-պետական աշխոյժ գործիչ։ 1935-1937 թը-ւականներուն ան ընտրուած է Անդրկովկասեան դաշնակցու-թեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ, իսկ 1944-1947 թուա-կաններուն ստանձնած է Խոր-հըրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահի տեղակալի պաշտօնը:
Միքայէլ Թումանեան մահա-ցած է 1950 թուականի Յուլիս 25-ին, Երեւան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ