ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ ԵՐԳԵՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ շաբաթավերջին երաժշտական ոգեւոր ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ քաղաքիս Ասիական ափի համայնքային երեք վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Այսպէս, համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան եւ «Առագաստ» նուագախումբը երաժշտական յայտագիր մը գործադրեցին Արամեան-Ունճեան վարժարանի, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆաեան Տան աշակերտներուն համար։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր Մարալ Չափան-Աթաման, որ միեւնոյն ժամանակ Պարթեւին հետ միասին հանդէս եկաւ իր գեղեցիկ ձայնով։ Աշակերտները Պարթեւին ընկերացան՝ յայտնի հայերէն երգերու կատարման ժամանակ։
Ձեռնարկի աւարտին Մարալ Չափան-Աթաման յանուն միութեան յուշանուէրներ յանձնեց Պարթեւ Կարեանին եւ «Առագաստ»ի անդամներուն՝ Ռոպէր Տողանային, Արի Հերկելին եւ Արտա Ույարին։