ՀՈԳԻՆԵՐ ՄԱՀ ՉՈՒՆԻ՛Ն

«Վեր­ջա­բան»ով մը սկսինք. մեր այ­սօ­րուան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։

«Վեր­ջա­բան»ը, ի­րա­կա­նին, Պետ­րոս Դու­րեա­նին մէկ քա­ռեա­կին վեր­նա­գիրն է։ Քա­ռեա­կը յատ­կա­պէս գրուած է Մես­րոպ Վար­դա­պետ եւ Վա­հան-Աս­լա­նի պատ­րաս­տած գրա­կան գողտ­րիկ նշխար­նե­րու շար­քը՝ «Անդ­րաշ­խար­հեան Ար­ձա­գանգ»ին որ­պէս փակ­ման խօսք։

Մեր մտեր­մա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ճախ կը խօ­սինք հո­գիի, ան­դե­նա­կա­նի, եր­բեմն միտ­քի, մտա­ւո­րի մա­սին՝ ո­րոնք ան­բա­ժան են մար­դուս կեան­քէն, բայց ընդ­հան­րա­պէս ա­ռօ­րեայ աշ­խար­հա­յին զբա­ղում­նե­րու մէջ կ՚ան­տե­սուին, գո­նէ «երկ­րոր­դա­կան» կը հա­մա­րուին։ Մին­չդեռ բան մը չտես­նել, զանց առ­նել չի՛ նշա­նա­կեր, որ այդ բա­նը գո­յու­թիւն չու­նի, ե­րե­ւա­կա­յա­կան, յե­րիւ­րա­ծոյ մըն է եւ ան­գոյ։ Ու­րեմն պէ՛տք է եր­բեմն անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց, խոր­հիլ ու խորհր­դա­ծել ա­նոնց մա­սին։ Ա­հա­ւա­սիկ այս մտադ­րու­թեամբ այ­սօր կը թղթա­տենք վե­րո­յի­շեալ գրքոյ­կը՝ «Անդ­րաշ­խար­հեան Ար­ձա­գանգ»ը, յու­սա­լով որ ա­ռիթ մը կ՚ըն­ծա­յէ մտա­ծե­լու նաեւ հո­գե­կա­նի, այն կող­մի աշ­խար­հի վրայ…։

Անդ­րաշ­խար­հա­յին նիւ­թե­րու մա­սին, այս կար­գի ըն­թեր­ցում­նե­րու հա­մար ան­շուշտ Ե­կե­ղե­ցին մե­զի ուղ­ղու­թիւն կու տայ, Ա­ւե­տա­րա­նի եւ հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը լու­սա­բա­նեն մեզ այս մա­սին։ Բայց այս կար­գի նիւ­թե­րու հա­մար իբ­րեւ լա­ւա­գոյն հե­ղի­նա­կու­թիւն կ՚ար­ժէ ներ­կա­յաց­նել Յով­հան­նէս Գա­զան­ճեա­նի «Մագ­նի­սա­կա­նու­թիւն եւ Ո­գե­հար­ցու­թիւ­նը»ը եւ «Ոս­տան» ե­ռամ­սեայ պար­բե­րագ­րի ա­ռա­ջին տար­ւոյ թիւ 1-ի մէջ ե­րեւ­ցած Տի­րան Չրա­քեա­նի մէկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ «Յայտ­նու­թիւնք Անդ­րաշ­խար­հէն»։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ Պետ­րոս Դու­րեա­նի «Վեր­ջա­բան»ը։

ՎԵՐ­ՋԱ­ԲԱՆ

Յա­ռէ՛ աչ­քերդ Ան­հու­նին,

Ո՜վ նիւ­թա­պաշտ Մարդ­կու­թիւն,

Հո­գի­նե­րը մահ չու­նին,

Վկայ գրքոյկս այս սի­րուն։

Այս գրքոյ­կին մէջ կը հան­դի­պիք «Հայ­րիկ»ին, որ կ՚ը­սէ.

«Ա­րի՛, Հա­յոց ժո­ղո­վո՛ւրդ, սիրտ ա­րա՛ լսել Հայ­րի­կի ի­մաս­տուն խօս­քեր։ Ես կ՚ա­սեմ՝ քո բախ­տի ա­նիւ չի դառ­նար, մին­չեւ դու չսի­րես միու­թիւն։ Պինդ կա՛ց քո պա­պե­նա­կան լոյս հա­ւատ­քի մէջ. ի­ժիր խուն ա­րա՛ պա­հել քո օ­ճա­խի լոյսն ու ճրագ։ Թէ չա­նես իմ ա­սած­ներ, դու կը լի­նիս էա­պէս խեղճ եւ տնանկ ու կը թա­փա­ռիս աս­տան­դա­կան։ Հայ­րի­կի օրհ­նու­թիւն­նե­րէն է՛ն ժա­մա­նակ չես մնար մահ­րում, երբ դու չես լի­նիր ա­նա­ռակ որ­դու պէս խեռ եւ անզ­գամ։ Հայ­րիկ կ՚ա­ղօ­թէ քեզ հա­մար, որ դու Աս­տու­ծոյ ա­րե­ւի տակ լի­նիս օրհ­նուած տնով տե­ղով»։

(Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- «Սիրտ ա­նել»=հա­մար­ձա­կիլ, քա­ջու­թիւն ու­նե­նալ, «Ի­ժիր»=միշտ, յա­ճախ, «խուն»=քիչ, պա­կաս, նուազ, սա­կաւ, «մահ­րում»=զուրկ, զրկուած, «խեռ»=ըմ­բոստ, ան­սաստ, անհ­նա­զանդ, ան­սանձ, «անզ­գամ»=ան­պատ­կառ, ա­նա­մօթ)։­

Ուս­տի պէտք է ա­ւան­դա­պահ ըլ­լայ մարդ, բայց ո՛չ եր­բեք ա­ւան­դա­պաշտ։ Եւ ինչ­պէս կը պա­տուի­րէ Հայ­րի­կը՝ պէտք է պա­հել պա­պե­նա­կան, նախ­նի­նե­րէ ա­ւան­դուած հա­ւատ­քը, պէտք է պա­հել ըն­տա­նի­քի լոյ­սը եւ ճրա­գը։ Եւ ե­թէ մարդ չի հնա­զան­դիր այս պա­տուէր­նե­րուն՝ լքուած, ան­պատս­պար, ա­նոք, ու ան­տուն եւ ու­րեմն թշուառ ու խեղճ կը պտը­տի պա­րապ աս­դին ան­դի­ն։­

Ու­րեմն այդ հա­կիրճ այլ ի­մաս­տա­լից ու սրտագ­րաւ տո­ղե­րը կը պա­րու­նա­կեն կեն­սա­կան յոր­դոր­ներ, խրատ­ներ՝ ո­րոնք հրճուանք ու եր­ջան­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն են­թա­կա­յին։ Սի­րել իր նման­նե­րը, սի­րել ան­ցեա­լը, յոյս ու­նե­նալ ա­պա­գա­յին վրայ, բայց եր­բե՛ք ե­սա­սէր չըլ­լալ, ինք­նա­մոլ չըլ­լալ, որ կը նշա­նա­կէ հպարտ ըլ­լալ ինք իր­մով, յա­ւակ­նոտ ու մե­ծա­միտ՝ ո­րուն կը պատ­շա­ճի խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն։

Այս առ­թիւ պէտք է յի­շել նաեւ Հ. Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի գե­ղե­ցիկ տո­ղե­րը՝ ուղ­ղուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։

ԱՌ Ե­ՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴՆ

Աս­տուա­ծա­վառ յու­սովք պճնեալ

Տուր զսիրտ քո, ա՜յ իմ որ­դեակ,

Լու­սոյն բա­րի, որ փայլ ի փայլ

Յերկ­նից շո­ղայ իբ­րու պսակ։

(Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- «իբ­րու»=իբր, պէս, որ­պէս)։

­Պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ վե­րո­յի­շեալ տո­ղե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք ի­րենց լե­զուա­կան ու ուղ­ղագ­րա­կան հա­րա­զա­տու­թեան բո­լո­րո­վին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով, քա­նի որ ա­մէն մէկ հե­ղի­նա­կի հան­դէպ յար­գան­քը ա՛յդ կը պա­հան­ջէ։

Ինչ­պէս Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի տո­ղե­րուն մէջ։

ՍԻ­ՐԵ­ՑԷ՛Ք ԶԻ­ՐԱՐ

Ի բաց սրտից ձեր, եղ­բա՛րք,

Ա­տե­լու­թիւն, հեռ, նա­խանձ,

Ի՞նչ ան­վա­յել քան այն բարք,

Որք նա­խա­տինք են ազ­գաց։

*

Մի՛ յոյս եր­բէք տա­ծէք դուք

Ա­զա­տու­թեան եւ փա­ռաց,

Ցոր­քան մը­տօք պիղծ, ան­ձուկ

Զայ­րաց­նէք ձեր Աս­տուած։

Իսկ Ա­շուղ Ջի­ւա­նի սա­պէս կ՚եր­գէ.

Բա­ցի ցա­ւից աշ­խար­հի վրայ չը տե­սայ բան,

Նոր նոր ցա­ւեր նո­րից կու գան ձիւ­նի նման,

Մարդ­կանց հո­գուն չը­կայ մի այլ ե­րա­նաս­տան

Էս լու­սա­շող եւ փա­ռա­ւոր երկ­նից զատ։

Վա­հան Վար­դա­պետ Պար­տի­զակ­ցիի յե­տա­գայ տո­ղե­րը ար­դեօք կեն­դա­նու­թեան ար­ժէ­քը չգնա­հա­տուած մար­դո՞ց կ՚ակ­ներ­կէ։ Եւ կամ շա­հա­մո­լու­թեան մատ­նան­շո՞ւմ մըն է։

Ա­ՌԱԿ

Կար ու չի կար մարդ մի կար,

Գի­նով, խնլոտ ու ան­ճար,

Ով որ տես­նէր խե­ւու­կը

Կը դարձ­նէր կռնա­կը։

*

Օր մը մե­ռաւ մար­դու­կը,

Ժա­մուն ձգեց մեծ ար­տը,

Տէր­տէր ժա­մկոչ մէկ ե­ղան,

Ը­սին՝ Կեց­ցէ՜ հա­ճա­ղան։

Խեղ­ճը ե­թէ իր մեծ ար­տը գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցիին ձգած չըլ­լար, «տէր տէր եւ ժամ­կոչ» միա­բե­րան. «Կեց­ցէ՜», ար­դէն մե­ռած խե՜ղճ մար­դուն պի­տի պո­ռա­յին…։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս­պէս աշ­խարհ մը կ՚ապ­րինք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016