ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՊԱՍՏԱՌԸ

Քան­նի հեր­թա­կան՝ 69-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի 11-22 թուա­կան­նե­րուն: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի այս առ­թիւ կը ներ­կա­յա­ցուի պաս­տառ մը, որ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ իր ծրագ­րին հա­ւա­սար։ Ինչ­պէս նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, այս տա­րի ալ բա­ցա­ռու­թիւն չէ ե­ղած այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Փա­ռա­տօ­նե­րու պա­լա­տի մուտ­քը այս տա­րի կը զար­դա­րուի Ժան Լիւք Կո­տա­րի «Contempt» ժա­պա­ւէ­նին մէկ տե­սա­րա­նով, որ պաս­տառ­նե­րուն վրայ յայտ­նուած է 1963 թուա­կա­նին: Ժա­պա­ւէ­նը, ո­րու մէջ Ֆրից Լանկ կա­տա­րած է իր իսկ դե­րը, իսկ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­ներն են Պրի­ժիտ Պար­տօ եւ Մի­շէլ Փի­քո­լի, նկա­րա­հա­նուած է Ալ­պեր­թօ Մո­րա­վիա­յի հա­մա­նուն վէ­պի մէջ­բե­րում­նե­րով:


Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ պաս­տա­ռի հա­մար ընտ­րուած այս ժա­պա­ւէ­նի տե­սա­րան­նե­րէն մին կա­րե­լի է հեշ­տու­թեամբ նկա­րագ­րել ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը` «Շարժա­րուես­տը մեր առ­ջեւ կը բա­ցա­յայ­տէ մեր ցան­կու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հը»:


Քան­նի փա­ռա­տօ­նի դա­տա­կազ­մի նա­խա­գա­հը այս տա­րի աւստ­րա­լիա­ցի բե­մադ­րիչ Ճորջ Մի­լըրն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016