ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՑՆՑՈՒՄ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ ցնցում­ներ։ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քէն ներս ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով կը պա­տա­հին գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ ծնունդ կու տան հար­ցա­կան­նե­րու։ Այս ցնցում­նե­րուն հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը այն է, որ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ներ­կա­յիս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած են շարք մը պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց ման­կապղ­ծու­թեան դէպք մը ապ­րուած է Ե­րու­սա­ղէ­մի մօտ։ Իս­րա­յէ­լի 10-րդ հե­ռուս­տաա­լի­քը վեր­ջերս ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած է այդ պնդում­նե­րուն, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի շարք մը լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս ար­ժա­նա­ցած են ու­շադ­րու­թեան։ Նախ­կին լի­բա­նա­նա­հայ, այժմ սա­ղի­մա­հայ 38-ա­մեայ Հրայր Ե­զե­կե­լեան, որ 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին ու­սա­նած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նին մէջ, վեր­ջին շրջան­նե­րուն ա­պա­ցոյց­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ, թէ տաս­ներ­կու տա­րե­կան հա­սա­կին սե­ռա­կան բռնու­թեան են­թար­կուած է հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ։ Ե­րե­ւոյ­թը այն է, որ եր­կար տա­րի­ներ լռու­թիւն պա­հե­լէ վերջ Հրայր Ե­զե­կե­լեան ո­րո­շած է բարձ­րա­ձայ­նել մա­նուկ հա­սա­կին են­թար­կուա­ծին շուրջ։ Այս զգա­յա­ցունց պնդում­նե­րը ներ­կա­յիս պատ­ճառ դար­ձած են, որ հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ լա­րուի Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քին վրայ, ուր զու­գա­հե­ռա­բար կ՚ապ­րուի նաեւ հրա­ժա­րա­կան մը։ Այս­պէս, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան դի­ւա­նա­պետ ու մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան հրա­ժա­րած է իր պաշ­տօ­նէն։ Թէ՛ վե­րո­յի­շեալ գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ պնդում­նե­րով եւ թէ սոյն հրա­ժա­րա­կա­նին նոյ­նա­ժա­մա­նակ ար­ձան­գանգ գտնե­լը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, Ե­րու­սա­ղէ­մի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը հաս­ցու­ցած է գա­գաթ­նա­կէ­տին։

Այս ա­ռա­ւօտ հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեա­նի հետ, որ բա­րի ե­ղաւ պա­տաս­խա­նե­լու մեր հար­ցում­նե­րուն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մե­զի յայ­տնեց, թէ ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին են­թար­կուած է սրտի լուրջ գոր­ծո­ղու­թեան մը։ Հիմ­նա­կան եր­կու ե­րակ­նե­րէն մին փո­խուած է։ Ան բո­լո­րած է ա­պա­քին­ման շրջա­նը ու ներ­կա­յիս բա­րե­բախ­տա­բար բնա­կա­նոն վի­ճա­կի մէջ կը գտնուի։ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան ընդգ­ծեց, որ իր հրա­ժա­րա­կա­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով եւ ը­սաւ.

«Չորս ա­միս ա­ռաջ հրա­ժա­րե­ցայ՝ ա­ռող­ջու­թեան եւ տա­րի­քի բեր­մամբ։ Տաս­նեօթ տա­րի վա­րե­ցի այդ պաշ­տօ­նը։ Ար­դէն 81 տա­րե­կան եմ եւ բնու­թիւ­նը կը շար­ժի իր օ­րէն­քով։ Ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ մէ­կը պէտք է ստանձ­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ես շատ ու­րախ եմ, որ Հայր Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեան կը յա­ջոր­դէ ին­ծի։ Ան լաւ պատ­րաս­տուած հո­գե­ւո­րա­կան մըն է, լաւ անձ մըն է, ե­ղած է իմ ա­շա­կերտս։ Ի­րեն կը մաղ­թեմ յա­ջո­ղու­թիւն ու վստահ եմ, թէ տի­րա­բար պի­տի վա­րէ ի­րեն վստա­հուած գոր­ծը»։

Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան Տնօ­րէն ժո­ղո­վը ան­ցեալ շա­բաթ ըն­դու­նած է իր հրա­ժա­րա­կա­նը, հե­տե­ւա­բար այս պա­րա­գան տա­կա­ւին նոր ար­ձա­գանգ կը գտնէ ու կը հա­մընկ­նի այլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հետ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, թէ իր տե­սան­կիւ­նէն այդ գայ­թակ­ղու­թիւ­նը ցնցիչ է։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քին գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մուած է յանձ­նա­խումբ մը, որ ներ­կա­յիս հե­տա­մուտ է այդ հար­ցի քննու­թեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ճիշդ չհա­մա­րեց այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ խօ­սիլ՝ մին­չեւ այդ յանձ­նա­խում­բին կող­մէ եզ­րա­կա­ցու­թեան հրա­պա­րա­կուի­լը։

Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան ա­ւել­ցուց, որ Հրայր Ե­զե­կե­լեան նախ­կին լի­բա­նա­նա­հայ մըն է եւ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր մաս կը կազ­մէ սա­ղի­մա­հայ հա­մայն­քին իր ըն­տա­նի­քին հետ։ «Ես տաս­նութ տա­րիէ ի վեր կը գտնուիմ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Այն ինչ, որ կը խօ­սուի այ­սօր՝ պա­տա­հած է նախ­քան իմ այս­տեղ գալս եւ ես նման պնդում­ներ ցայ­սօր չէի լսած», ը­սաւ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Տնօ­րէն ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­տե­նա­պետն է Տ. Սա­մուէլ Ծ. Վրդ. Ա­ղո­յեան, ան­ցեալ Մար­տի 16-ին գու­մա­րած էր ժո­ղով մը։ Այս նոյն նիս­տին ըն­թաց­քին թէ՛ ըն­դու­նուած է Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը եւ թէ Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեա­նի նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան վե­րո­յի­շեալ բո­լոր պաշ­տօն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լով հան­դերձ կը շա­րու­նա­կէ մնալ Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ան­դամ։ Տա­րես­կիզ­բէն ի վեր ե­րեք ան­գամ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Տնօ­րէն ժո­ղո­վի նիստ։

Մեր հարց­ման ի պա­տաս­խան՝ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան յայ­տեց, թէ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան այդ ժո­ղով­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն ըն­թաց­քին ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թիւն չէ տուած վեր­ջերս Թուր­քիա կա­տա­րած իր աղ­մկա­րար այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

ՆՈՐ ԴԻ­ՒԱ­ՆԱ­ՊԵ­ՏԸ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան նո­րան­շա­նակ դի­ւա­նա­պետ ու մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ Տ. Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեան ծնած է 1980 թուա­կա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի Աշ­տա­րա­կի շրջա­նի Սա­սու­նիկ գիւ­ղին մէջ։ Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Յով­նան, ան 1995 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նը, ա­պա Ըն­ծա­յա­րա­նը։ 2000 թուա­կա­նին ձեռ­նադ­րուած է սար­կա­ւագ։ 2003 թուա­կա­նին հո­գե­լոյս Տ. Թոր­գոմ Պատ­րիարք Մա­նու­կեա­նին կող­մէ ձեռ­նադ­րուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ։ 2004-2009 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, մաս­նա­գի­տա­նա­լով ման­կա­վար­ժու­թեամբ, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­բա­նու­թեան վրայ։ 2005-ին նշա­նա­կուած է հո­գե­լոյս Տ. Թոր­գոմ Պատ­րիարք Մա­նու­կեա­նի քար­տու­ղար։ 2008 թուա­կա­նէն ի վեր Ե­րու­սա­ղէ­մի Ըն­ծա­յա­րա­նին մէջ կը դա­սա­ւան­դէ։ 2009 թուա­կա­նին նշա­նա­կուած է տպա­րա­նի տե­սուչ։ 2010-ին ստա­ցած է մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան։ 2010-2013 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած եւ գե­րա­զան­ցու­թեամբ ա­ւար­տած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Կրթու­թեան կա­ռա­վար­ման մա­գիստ­րո­սու­թեան բա­ժի­նը։ 2012-ին նշա­նա­կուած է հա­յոց վան­քի Կա­լուա­ծոց գրա­սե­նեա­կի փոխ-տե­սուչ։ 2013-2015 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած եւ գե­րա­զան­ցու­թեամբ ա­ւար­տած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­գիստ­րո­սու­թեան բա­ժի­նը։ 2014-ին Միա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ ընտ­րուած է Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ան­դամ, ա­պա՝ նոյն ժո­ղո­վի ա­տե­նադ­պիր։ 2014-ին մաս­նակ­ցած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րուած Ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը։ Ան­ցեալ տա­րի Տնօ­րէն ժո­ղո­վին կող­մէ նշա­նա­կուած է Սուրբ Տե­ղեաց քար­տու­ղար։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016