Ս. ԶԱՏԻԿԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Երեքշաբթի առաւօտ վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր զատկուան իր յատուկ հիւրերը: Բեմին վրայ ճուտիկներ, նապաստակներ, ստեպղիններ եւ գոյնզգոյն հաւկիթներ իրենց արտակարգ գրաւչութեամբ աչք կը քթթէին հանդիսականներուն:
Եւ սկիզբ առաւ հանդէսը: Տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով: Անոնք նախ իրենց գոյնզգոյն զգեստներուն մէջ կատարեցին Ս. Զատկի արտասանութիւններ եւ երգեցին զատկուան գողտրիկ երգեր թէ՛ հայերէնով, թէ անգլերէնով: Ապա սկսաւ հոյակապ պարերու շարք մը: Կային մեղուներու, թիթեռնիկներու, հաւերու, աքլորներու եւ ճուտիկներու պարերը: Այս սիրուն պարերը, որոնց հերոսներն էին դարձեալ բնութեան ամենասիրուն ներկայացուցիչները, կ՚աւետէին գարունը իր ամբողջ կենսունակութեամբ:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն այս մեծ տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ժրաջան ուսուցչուհիներուն՝ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արշալոյս Ունճուի, Սիպիլ Աւագօղլուի, Ռեհան Եաղեազանի, Տալիլա Պաքքալօղլուի, Մելիսա Իփէքլիի, Մարալ Կիւլպայծառի, Միրելլա Կիւլէրի, երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի եւ անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի և Բոլին Մավունաճըի, որոնք միասնաբար պատրաստած էին սոյն հանդէսը: Իսկ պարային աշխատանքներուն բծախնդրօրէն հսկած էր վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազան:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Շիշլի գաւառակի կրթական օգնական տնօրէններէն Էրթան Տեմիրթաշ եւ Հիւսէյին Էօզճանլար, որոնք նոյնպէս Մխիթարեան ընտանիքին փոխանցեցին այս իմաստալից տօնի առթիւ իրենց բարեմաղթութիւնները:
Շնորհաւորութիւններէ ետք տղաքը բարձրացան իրենց դասարանները, բազմելու համար իրենց համար սարքուած սեղաններու շուրջ եւ սկսաւ հաւկթամարտը: Զատկի սեղանին վրայ տեղ գրաւած էին նաեւ մանկապարտէզի աշակերտներուն իրենց փոքրիկ թաթիկներով պատրաստած անուշեղէնները: Մխիթարեան Հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան փոքրիկներուն նուիրեցին տուրմէ նապաստակներ: Իսկ վարժարանի Ծնողաց միւթիւնները տղաքը եւ ծնողները հիւրասիրեցին Զատկի խմորեղէններով: Կերուխումէն ետք փոքրիկները փութացին պարտէզ, ուր պիտի կատարուէր հաւկթորսը: Զատկի նապաստակը՝ Նապիկը նախապէս պարտէզի խոտերուն, ծառերուն, կանաչութիւններուն մէջ պահած էր գունաւոր հաւկիթներ: Տղաքը մեծ ուշադրութեամբ հաւաքեցին հաւկիթները եւ զանոնք զետեղեցին իրենց կողովներուն մէջ:
Այսպէս՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը անգամ մը եւս իրեն վայել շքեղութեամբ տօնուեցաւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ, իր շուրջ համախմբելով փոքրիկները, ծնողները եւ անոնց սրտերուն մէջ արծարծելով սիրոյ եւ ուրախութեան բարի զգացումները: