ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ աշակերտները լիուլի ապրեցան Ս. Զատկի շրջանի ոգեւորութիւնը։ Դպրոցի աւանդապահ ընտանիքները այս առթիւ կազմակերպեցին փառատօն մը, որ ունէր ճոխ յայտագիր։ Տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով, տօնին բնորոշ ստեղծագործութիւններ ներկայացուցին, ինչպէս նաեւ գծագրութեան աշխատանքներ տարին։ Արդէն բոլոր աշակետրները դասերու ընթացքին իրենց մակարդակին յարմար տեղեկութիւններ ստացած էին Յիսուսի վերջին օրերուն մասին, Աւագ շաբթուան մթնոլորտին բնորոշ։
Նախակրթարաններու չորս դասարանները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս փառատօնին առթիւ։ Անոնք աշխատանոցի գործունէութիւն մը իրականացուցին դպրոցի սրահին մէջ։ Փոքրիկները ներկեցին զատկուան հաւկիթներ, պատրաստեցին զանազան թագեր եւ զարդեր։ Աւելի վերջ անոնք ուրախ տրամադրութեամբ վարժարանի պարտէզի ծառէն կախեցին գոյնզգոյն հաւկիթները ու որպէս յիշատակ նկարուեցան անոր տակ։ Վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ ալ փոքրիկներուն նուիրուեցան զատկուան կարմիր հաւկիթներ եւ խմորեղէններ։
Այս խրախճանքին առընթեր, Արամեան-Ունճեան վարժարանի աշակերտները թաղիս Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան նաեւ Տասը կուսանաց յիշատակին ձօնուած արարողութեան, ուր ստացան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի օրհնութիւնները։