ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ապ­րուե­ցաւ խտա­ցեալ եր­թե­ւեկ մը, ո­րու շրջագ­ծով ըն­դու­նուե­ցան բազ­մա­թիւ հիւ­րեր, ո­րոնք փու­թա­ցած էին Ս. Զատ­կի տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ ի­րենց ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը յղել թրքա­հա­յու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը միշտ մեծ լրջու­թեամբ ու կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ այս ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հիւ­րե­րը ըն­դու­նեց իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը եւ այլ հո­գե­ւոր հայ­րեր։

Ս. Զատ­կի առ­թիւ Գում­գա­բու այ­ցե­լե­ցին քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ զա­նա­զան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն գոր­ծիչ­ներ։ Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ փու­թա­ցած բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, օ­րուան ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին Հրէից րա­բու­նա­պետ Ռաւ Ի­սհաք Հա­լե­ւա, Ա­սո­րի­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թին, Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Քո­րե­պիս­կո­պոս Եու­սուֆ Սաղ, Լա­տին Կա­թո­լիկ­նե­րու Վի­ճա­կա­ւոր Մոնս. Լուի Փե­լաթր, Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան եւ այլք։

Բաց աս­տի Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցին Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար եւ իր խորհր­դա­կա­նը՝ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, ո­րոնք Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ս. Զատ­կի առ­թիւ։ Յա­նուն Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պա­շի բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­լու փու­թա­ցած էր նաեւ իր խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րա­սի­րեց բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րը, ո­րոնց հետ ու­նե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյց։ Տօ­նա­կան շար­ժա­ռի­թով բո­լո­րին հա­սա­րա­կաց մաղ­թանքն էր խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ մեր երկ­րի ան­դոր­րու­թիւ­նը։

Ս. Զատ­կի շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն շար­ժա­ռի­թով Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու կող­քին էին նաեւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016