ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Սիվրիհիսարի քաղաքապետ Համիթ Եիւզիւկիւլլիւն։ Ան Գումգաբու փութացած էր Սիվրիհիսարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն կապակցութեամբ տեսակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորոգութեան աշխատանքները ներկայիս աւարտած են մեծամասնութեամբ։ Դժբախտաբար, վերջին շրջանի տեղատարափներուն հետեւանքով ստուգուած է, որ եկեղեցին ջուր կ՚առնէ տանիքէն։ Այս հարցի լոյսին տակ անհրաժեշտ դարձած է տանիքի վերանորոգութեան աշխատանքները իրականացնել նորովի։ Զրոյցի տեւողութեան քաղաքապետը այս ծրագրին համար խնդրեց թրքահայ ճարտարապետներու աջակցութիւնը։
Իր կարգին Նորին Սրբազնութիւնը յոյս յայտնեց, թէ նորոգութեան այս ծրագիրը ի կատար կ՚ածուի յաջողութեամբ։ Այս հին սրբավայրը վերջին շրջաններուն անմիջականօրէն առարկայ կը դառնայ մեր համայնքի հաւատացեալներու ուշադրութեան՝ աշխարհագրական մօտիկ դիրքին բերումով։
Տեսակցութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Քաղաքապետը Սիվրիհիսարի ժամացոյցի աշտարակի կրկնատիպը նուիրեց Ընդհանուր Փոխանորդին։ Փոխադարձաբար՝ Նորին Սրբազնութիւնն ալ քաղաքապետին յանձնեց Հայ Եկեղեցւոյ բնորոշ կերպասներու վերաբերեալ գիրք մը։