ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՍՏՐՈՒ­ԿԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԻՆՔ­ԶԻՆՔ Ա­ԶԱՏ ԿԸ ԿԱՐ­ԾԷ

Ա­մե­րի­կա­ցի մտա­ւո­րա­կան Սաուլ Ա­լինս­քի մա­հա­ցած է՝ 44 տա­րի ա­ռաջ. սա­կայն, ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը խո­րին նե­րազ­դե­ցու­թիւն դրոշ­մած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կարգ մը քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն, հո­գի­նե­րուն եւ սրտե­րուն մէջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լու ենք, թէ Ա­լինս­քիի յղա­ցած տե­սու­թիւն­նե­րը մին­չեւ այ­սօր կը կի­րար­կուին այս ժո­ղո­վուր­դին վրայ. իր տե­սու­թիւն­նե­րով ու­սա­նած, մաս­նա­գի­տա­ցած եւ թէ­զեր պաշտ­պա­նուած են քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու կող­մէ, ո­րոնք այ­սօր այս ժո­ղո­վուր­դին ղե­կա­վա­րու­թեան կո­չուած ան­ձեր են, ինչ­պէս՝ Ո­ւի­լիըմ Քլին­թըն, Հի­լը­րի Քլին­թըն, Պա­րաք Օ­պա­մա, Հեն­րի Քի­սին­ճըր, Ռահմ Է­մա­նուէլ եւ բա­զում այլ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­ներ։

Սաուլ Ա­լինս­քի մա­հա­ցաւ 12 Յու­նիս 1972-ին, Գա­լի­ֆոր­նիոյ Քար­մէլ քա­ղա­քին մէջ։ Ան շրջա­նա­ւարտ էր Շի­քա­կո­յի հա­մալ­սա­րա­նէն եւ հե­ղի­նակն է «Rules of Radicals», «Reveille for Radicals» գիր­քե­րուն, ո­րոնց ութ պա­տուի­րան­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն յա­տուկ պատ­կե­րը այ­սօ­րուան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կին։ «Ինչ­պէս կա­րե­լի է ստեղ­ծել ըն­կե­րա­յին (social), խմբա­կե­ցիկ պե­տու­թիւն մը», կ՚ը­սէ Ա­լինս­քի։

Պե­տու­թեան մը ըն­կե­րա­յին ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար, կան ութ կա­րե­ւոր հանգ­րուան­ներ, ո­րոնք ըն­կալ­ման կա­րի­քը ու­նին, ա­նոնց ըն­հան­րա­ցու­մէն ա­ռաջ։

Ա­ռա­ջին՝ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն։ Երբ կը հա­կակշ­ռես ժո­ղո­վուր­դի մը ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­րիք­նե­րը, այն ժա­մա­նակ կրնաս հսկել եւ զսպել զի­րենք։

Երկ­րորդ՝ Աղ­քա­տու­թիւն։ Ան­սահ­մա­նօ­րէն բարձ­րաց­նել չքա­ւո­րու­թեան մա­կար­դա­կը ժո­ղո­վուր­դի մը մէջ. ո­րով­հե­տեւ՝ աղ­քատ ժո­ղո­վուր­դի մը ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի հեշտ է, եւ ընդ­դի­մու­թիւ­նը կամ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կը չքա­նայ, երբ դուն կը հո­գաս ա­նոր ապ­րուս­տը։

Եր­րորդ՝ Պարտք։ Յա­ւե­լաց­նել ժո­ղո­վուր­դին պարտ­քե­րը, հասց­նե­լով անն­կա­րագ­րե­լիօ­րէն ան­կա­յուն մա­կար­դակ­նե­րու. այս կար­գով հեշ­տօ­րէն կա­րե­լի է կի­րար­կել տուր­քե­րու յա­ւե­լու­մը ա­ռանց դի­մադ­րու­թեան, որ պի­տի յան­գի ա­ռա­ւել աղ­քա­տու­թեան մա­կար­դակ­նե­րու։

Չոր­րորդ՝ Զէն­քե­րու ար­գե­լա­փա­կում եւ հա­կակ­շիռ։ Նպա­տակն է վե­րաց­նել ժո­ղո­վուր­դի մը՝ պե­տու­թե­նէն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու մի­ջոց­նե­րը. այս կար­գով պի­տի կա­րե­նաս ստեղ­ծել «ոս­տի­կան պե­տու­թիւն մը», հսկե­լու եւ ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար եր­կի­րը։

Հին­գե­րորդ՝ Walfare։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հա­յե­րէն եւ նոյ­նիսկ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րուն մէջ այս բա­ռին նշա­նա­կու­թիւնն է բա­րօ­րու­թիւն եր­ջան­կու­թիւն, դժբախ­տա­բար սա­կայն ան չա­րա­շա­հուած է տար­բեր ի­մաստ ակ­նար­կե­լով, որն է նպաստ, օգ­նու­թիւն, ո­րոնք հա­ւա­նա­բար՝ ստա­ցող էա­կը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն բա­րօ­րու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան, ա­ռատ եւ անվ­ճար ու­տես­տե­ղէ­նի դիւ­րու­թիւն­նե­րով եւ Լաս Վե­կա­սի, Սան­թա Պար­պա­րա­յի կամ այլ քա­զի­նո­նե­րու եւ սրահ­նե­րու վա­յելք­նե­րով։ Ու­րեմն, այս կեր­պով, պե­տու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նայ հսկել ան­հատ­նե­րու կեն­ցա­ղա­յին կա­րիք­նե­րուն ու ապ­րե­լա­կեր­պե­րուն վրայ, ինչ­պէս՝ ու­տես­տե­ղէ­նի, ապ­րուս­տի եւ ե­կա­մու­տի աղ­բիւր­նե­րը։

Վե­ցե­րորդ՝ Ու­սում։ Հսկո­ղու­թեան, հա­կակշ­ռի եւ զսպու­մի տակ առ­նել ժո­ղո­վուր­դի մը տե­սո­ղու­թեան եւ լսո­ղու­թեան աղ­բիւր­նե­րը. հսկել եւ հա­շուեքն­նել ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն ու­սուց­մուն­քի աղ­բիւր­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու գրա­սե­ղան­նե­րէն սկսեալ։

Եօթ­նե­րորդ՝ Կրօնք։ Վե­րաց­նել աս­տուա­ծա­յին հա­ւատքն ու կրօն­քը վար­ժա­րան­նե­րէն եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րէն։

Ու­թե­րորդ՝ Դա­սա­կար­գա­յին բա­ժա­նում (Class Welfare, այ­սինքն՝ դա­սա­կար­գա­յին բա­րօ­րու­թի՞ւն)։ Ն­պա­տակն է ստեղ­ծել հա­րուստ եւ աղ­քատ դա­սա­կար­գեր միայն, վե­րաց­նե­լով մի­ջին դա­սա­կար­գը։ Այս կեր­պով՝ պի­տի ստեղ­ծուի ժո­ղովր­դա­յին ան­հան­դարտ եւ դժգոհ կար­գա­վի­ճակ, ուր հեշ­տօ­րէն կա­րե­լի է հա­րուստ դա­սա­կար­գին պար­տադ­րել, յա­ւե­լեալ տուր­քե­րով, աղ­քատ­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նե­լու եւ հո­գա­տա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար, ի դի­մաց՝ ի­րենց շա­հար­կում­նե­րուն։

Հի­մա, կար­դա­լով այս, ինչ­պի­սի՞ մտո­րում­ներ կրնան յստա­կա­նալ մեր միտ­քե­րուն մէջ, երբ կը լսենք, կը դի­տենք եւ կ՚ապ­րինք մեր շրջա­պա­տին կամ մեր ապ­րած կարգ մը եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր գործ­նա­կա­նօ­րէն կը պա­տա­հին վե­րո­յի­շեալ ութ կէ­տե­րը։

Ա­լինք­սին յստա­կօ­րէն կը պար­զա­բա­նէ Վա­լա­տի­միր Լե­նի­նի նախ­նա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մայ­նա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րը, ուր Ստա­լին՝ «օգ­տա­կար յի­մար­ներ» կո­չած է հա­մայ­նա­վա­րու­թեան հե­տե­ւորդ­նե­րը։

Բայց, ին­չո՞ւ չյա­ջո­ղե­ցաւ այդ ըն­կեր­վա­րա­կան ծրա­գի­րը ան­ցեա­լի եօ­թա­նա­սուն տա­րի­նե­րուն եւ կարգ մը մար­դիկ տա­կա­ւին կը փոր­ձեն զայն կի­րար­կել տար­բեր կեր­պար­նե­րով։ 

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016