ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊՏՈՅՏ ՄԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՇ ԵՒ ՊԱՐՏԻԶԱԿ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս շաբթուան սկիզբին պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Պարտիզակ եւ Արմաշ։ Դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ համակիրները մասնակցեցան այս ծրագրին։ Բազմանդամ խումբով մը կազմակերպուած պտոյտին մասնակցութիւն բերուեցաւ նաեւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն։
Ծանօթ է, որ Արմաշն ու Պարտիզակը շուրջ դար մը առաջ եղած են հայաբնակ շրջաններ։ Երկուքն ալ խորհրդանշական գիւղեր կը համարուին արեւմտահայ ժառանգութեան տեսանկիւնէն։ Արմաշի Դպրեվանքին հունձքը նախախնամական դեր կատարած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ եւ այսօրուան մեր Սուրբ Խաչ դպրեվանքը կը համարուի անոր խորհրդանշական շարունակութիւնը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պտոյտի մասնակիցները վերադարձան անմոռանալի ապրումներով։ Երկու օրերու ընթացքին իրենց ականատես եղածը իսկապէս տպաւորիչ էր խորապէս։ Այդ տպաւորութիւնը միայն զգացական հանգամանքներով կամ պատմական գիտակցութեամբ չէր պայմանաւորուած։ Արդարեւ, պտոյտի մասնակիցները ականատես եղան շօշափելի հետքերու։ Անոնց շարքին ամենավառ հետքը կը համարուէր Արմաշի երբեմնի Դպրեվանքի ջաղացքը, որ օգտագործուած է մինչեւ 1950-ական թուականները։ Իսթանպուլ վերադարձի ճանապարհին պտոյտի մասնակիցներու խումբը նկարահանուեցան այդ ջաղացքին մօտ. ջաղացք մը, որ այդ մթնոլորտին մէջ կ՚արժանանար յուշակոթողի մը վերաբերմունքին։