ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու նոր շար­քով մը։ Պուր­ճու Թո­քու­չի բե­մադ­րու­թեամբ խում­բը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Չըլ­կըն տիւ­նեա» խա­ղը, որ եր­կու ա­րար­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ զա­ւեշտ մըն է։ Դե­րա­կա­տար­ներն են՝ Քրիս Տինչ­քա­յըք­ճը, Խա­չիկ Ին­կի­լի­զօղ­լու, Փե­րին Քո­լու­քը­սաեան, Այ­լին Քէ­շի­շօղ­լու, Ա­նի Սիւր­մէեան, Փո­լին Սա­հա­կեան, Սե­լին Չա­վու­շօղ­լու, Գա­րին Թահ­մին­ճիօղ­լու, Յա­կոբ Քիւ­փե­լի եւ Ար­թօ Ար­սէ­նեան։ Թա­տե­րա­խում­բը ներ­կա­յիս թա­փով կը շա­րու­նա­կէ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Այս ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քը կը զու­գա­դի­պի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը միու­թե­նէն դուրս բե­մի մը վրայ հան­դէս պի­տի գայ, ո­րով­հե­տեւ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան շէն­քը ներ­կա­յիս քան­դուած է։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, խա­ղը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի «Ա­լի Փոյ­րա­զօղ­լու» բե­մին վրայ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, մխի­թա­րեան­ցի­նե­րը կը վեր­յի­շեն նո­րոգ հան­գու­ցեալ թատ­րո­նի վար­պետ Պերճ Ֆազ­լըեա­նը, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ եօ­թա­նա­սուն տա­րի ա­ռաջ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ սկսած էր թա­տե­րա­կան շար­ժու­մը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016