ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ՅԱՋՈՂ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց վերջերս Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած Համաեւրոպական խաղերուն մասնակցած իսթանպուլահայ մարզիկները։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Հայկարամ Գարասու, Շահնուր Գազանճը, Սեւան Տեւլէթեան, Պուրակ Էլվան, Հերման Պիպէռեան, Առէն Օլկունտեմիր, Արման Խուպեսէրեան, Արտա Տօնիկօղլու եւ Ռոպին Միրզախանեան։
Հարկ է նշել, որ այս մրցաշարքի արդիւնքին ֆութսալի մէջ Իսթանպուլի խումբը նուաճեց երկրորդ կարգը ու քաղաքս վերադարձաւ բաժակով մը։ Մարզիկները Գումգաբու փութացին իրենց հետ տանելով նաեւ այդ բաժակը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւնը, հայրաբար ուրախակից եղաւ անոնց ու փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Խումբի անդամները բաժնեցին նաեւ իրենց տպաւորութիւնները Ամսթերտամի օրերէն։
Մարզիկները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբազնութեան գօտեպնդիչ վերաբերմունքին համար։