ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Իւնէօնիւն։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Ինէօնիւին կ՚ընկերանար իր նորանշանակ խորհրդականը՝ Սիրան Սուրքի։ Քաղաքապետը Պատրիարքարան փութացած էր շնորհաւորելու համար հայ համայնքին Ս. Զատկի տօնը։ Ընդհանուր Փոխանորդի անձին մէջ քաղաքապետը շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց տաղաւարին կապակցութեամբ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց Հայրի Իւնէօնիւի այցելութեան համար ու փոխադարձեց իր բարեմաղթութիւններուն։ Ան ողջունեց նաեւ Սիրան Սուրքիի խորհրդական նշանակուիլը եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց անոր։