ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ու­տա­հար Ա­րա Տինք­ճեան, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կը գտնուէր Իս­թան­պու­լի մէջ, նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան Իս­թան­պուլ այ­ցե­լած էր նուա­գե­լու հա­մար «Որ­պէս նուռ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նար Իս­թան­պու­լի Թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Պուր­ճու Եըլ­տըզ, որ ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած է Ա­րա Տինք­ճեա­նի սա­նե­րէն։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­րա Տինք­ճեան մե­զի բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իր ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Պուր­ճու Եըլ­տըզն ալ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր հե­ղի­նա­կած գիր­քին շուրջ, որ լոյս պի­տի տես­նէ մօտ օ­րէն։ Մինչ այդ, Տինք­ճեան մե­զի յանձ­նեց նաեւ ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ե­րաժշ­տա­գէտ Գրի­գոր Փի­տէ­ճեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած ու թեր­թիս հա­մար մա­կագ­րուած եր­կու գիր­քեր, ո­րոնց ա­ռանձ­նա­պէս պի­տի անդ­րա­դառ­նանք յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016