ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՈՒՏԻԻ ԹԱՆԱԳԱՐԱՆ
Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքի իշխանութիւնները կը պատրաստուին 2017 թուականին զբօսաշրջային այցելութիւններու համար բանալ հանճարեղ ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտիի ամենաառաջին գլուխգործոցը՝ հանրայայտ Վիսենսի տունը:
Ներկայիս այդ մէկը կարելի է ուսումնասիրել միայն դուրսէն. մուտքը արգիլուած է։ Հետաքրքրական է, որ ամէն օր շուրջ հինգ հարիւր հոգի կու գայ Վիսենսի տունը տեսնելու եւ ուսումնասիրելու համար։
Կ՚ենթադրուի, որ բացումէն յետոյ հոն կ՚այցելէ օրական դրութեամբ շուրջ չորս հարիւր հոգի։ Այնտեղ կը տեղադրուին պաստառներ ու տեղի կ՚ունենան կրթական դասախօսութիւններ։
Միւս կողմէ, 2005 թուականին Վիսենսի տունը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024