ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՈԼԻՍԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեան շաբաթավերջին Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած «Արմաշ» երգչախումբի հոգեւոր համերգին ժամանակ հանդէս եկաւ բովանդակալից ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայր Սուրբին խօսքը։
Բարձրաշնորհ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայր,
Գերաշնորհ, Գերապատիւ եւ Հոգեշնորհ վեղարաւոր հայրեր,
Արժանապատիւ քահանայից դաս,
Պոլսահայ թանկագին հանդիսատես,
Անսահման երջանկութիւնը այսօր համակած է իմ հոգիս։ Նոյնպիսի բերկրանք է, որ այս լուսածածան գիշերին կ՚ապրի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Անթիլիասի Դպրեվանքով։ Նոյնքան խայտանք կը տեսնեմ մեզի հետ ներկայ, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբի մեր տղոց ոսկեկրակ աչքերուն մէջ, որովհետեւ ժամանակի այս հատուածին մէջ ձեր առաջ կը պանծացնենք առաւելագոյն չափով ձե՛ր կեանքէն ներս ծառայութիւն բերած, բայց աշխատանքի իր ունեցած լայնութեամբ, երկարութեամբ ու խորութեամբ համահայկական արժէք ներկայացնող Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչներէն եւ Պոլսոյ պատրիարքներէն Երանաշնորհ Տ. Շնորհք Սրբազան Արքեպիսկոպոսին կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այս առիթով յիշատակներ կ՚ոգեկոչենք, խունկով ու աղօթքով օծուն առիթներ կը յիշենք եւ պայծառ ու փայլուն դէմքերու անմահ գործերը վերյիշելով երախտագիտական բառեր կ՚արտասանենք բոլոր այն լուսամիտ յաղթականներու հասցէին, որոնք կազմաւորուեցան կամ գործեցին ի Պոլիս, բայց նաեւ իրենց կնիքը թողուցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի պատմութեան ոսկեայ էջերուն վրայ։
Եթէ Հայոց Ոսկեդարու մայրաքաղաքը Վաղարշապատն է, եւ Արծաթէ դարու կեդրոնը՝ Կիլիկիան, ապա հոգեկան անդորրութեամբ կրնանք ըսել, որ հայերս, 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու արշալոյսին ոսկիի պէս մեր Պռոնզէ դարը կերտեցինք Պոլսոյ մէջ։ Հայկական Պոլիսը հանդիսացաւ հոգեւոր, մշակութային, գրական անզուգական գործիչներու հրաշագործութեանց այնպիսի օճախ, ուր իրենց դիւթական ստեղծագործութիւններով մեր հանճարեղ մտաւորականները զիրար գերազանցեցին։ Հոգեւորական թէ աշխարհական այդ հսկաները, իրենց իրագործած աշխատանքով եւ ստանձնած առաքելութեամբ փարոս դարձան մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս, լոյս սփռեցին ամէնուրեք, իրենք առաջնորդուեցան ու մեզ ալ առաջնորդեցին, Վարուժանի իսկ բառերով «Դէպի աղբիւրը լոյսին»։
Իսկ մեզ համախմբող այս Լոյս տաճարը, սա աստուածային օրրանը, այսօր անսահման օրհնութիւններու առիթ կը դառնայ մասնաւորաբար մեզի՝ Անթիլիասէն եկողներուս համար, որովհետեւ 1820 թուականին, ճիշդ այստեղ, Որդւոց Որոտման անունը կրող այս տաճարը իր հանդիսաւոր օծումը ունեցաւ Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռի գահակալներէն՝ Երանաշնորհ Տ.Տ. Կիրակոս Մեծագործ Կաթողիկոսին ձեռամբ, որ Պօղոս Պատրիարքին հրաւէրով, սոյն արարողութեան մասնակցելու նպատակով այդ օրերուն Պոլիս կը գտնուէր։
Ազնուական բարեկամներ,
Մայրիներու երկրէն, գեղածիծաղ Լիբանանի կանաչ բարձունքէն եկած ենք դէպի Պոլսոյ կապոյտ ափունքը, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնենք Հայկական Պոլիսին։ Երախտագիտական մեր խօսքին պատճառները զանազան ըլլալով հանդերձ, մէկ նպատակ լոյսի կը բերեն, մէկ եւ անժխտելի ճշմարտութիւն մը կը ստուերազերծեն, եւ այդ ալ՝ իրարմէ մեր անքակտելիութիւնն է։
* * *
Վանքերը հայ կեանքէն ներս գիտութեան տուն, եւ հաւատքի վառարան ըլլալու կողքին, եղած են նաեւ հայ մշակոյթի ծաղկման կեդրոններ։ Հայ կեանքէն ներս գործած բոլոր վանքերն ալ, իրենց լուման թողած են մեր ազգի անկորնչելի գանձանակին մէջ։ Անոնք մեր ժողովուրդին համար դարձած են յոյսի օրրան։ Անոնք չեն գործած պատմութեան մէջ, այլ՝ վանքերը մեր ազգին պատմութիւնը կերտած են, մեր ժողովուրդին համար ամենաէականին՝ հոգեւորին կողքին, տուած են այն ամէնը՝ որուն կարիքը ունէին Քրիստոսը Աստուած դաւանած անդրանիկ ազգի զաւակները՝ Հայերը։
Կիլիկեան շրջանը, իր զանազան երեսներով ու բնագաւառներով իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ մեր պատմութեան մէջ։ Հոն, հոգեւորականները իրենց հոգիի ուժէն, մտքի հարստութենէն ու սրտի արիւնէն լեցուցին հայ դպրութեան ազնիւ գինիի կարասին մէջ, յաւերժացնելով հայոց պատմութիւնը, ի լուսաւորութիւն գալիք բոլոր սերունդներուն։ Շնորհալիները, Լամբրոնացիները, Պլուզն ու Երզնկացին, Ռոսլինն ու Պիծակը եւ ուրիշ դէմքեր, պայծառացուցին Կիլիկեան ժամանակաշրջանի մեր պատմութիւնը։
20-րդ դարու սկիզբին, արծուեբոյն Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը՝ Սիս կը ժամանէր երիտասարդ վարդապետ մը, վարելու համար Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին տեսուչի պաշտօնը։ Այդ հոգեւորականը՝ Հայր Գարեգինն էր։ Օրմանեանական եւ Դուրեանական շունչով աճած Խաչատուրեան Վարդապետը Սիս կու գար, որպէսզի զարկ տար Սիսի Դպրեվանքին։ Պատմութիւնը իր էջերուն մէջ կ՚արձանագրէ, այդ օրերուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին ոչ այնքան փայլուն վիճակին մասին։ Նիւթականին եւ որուն պատճառով մարդուժին բացակայութիւնը, այլ հարցեր ու դժուարութիւններ եւս առիթ դարձած էին, որ տակաւ առ տակաւ հիւծի ու թուլնայ Սիսի Դպրեվանքը։ Սակայն Գարեգին Վարդապետին գալուստով, ահա նոր շունչ կու գար եւ նոր արեւ կը ծագէր Սիսի Դպրեվանքին վերեւ։ Պոլսոյ ապագայ պատրիարքը, իր ունեցած անձնուիրութեամբ եւ անսակարկ ծառայութեամբ, Կիլիկիոյ Դպրեվանքին ճամբով կը սպասաւորէր Հայ Եկեղեցին, հայ գիր ու դպրութեան։ Ահա թէ ինչու, որպէս տեսուչ Դպրեվանուց այս առիթը կ՚ուզեմ օգտագործել եւ ըսել.-
Մենք այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի՝
Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին ընդմէջէն։
* * *
19-րդ դարու աւարտին, Հայ կեանքէն ներս գործած Դպրեվանքներու ոսկեայ շղթային վրայ նոր օղակ մը աւելցաւ, մարդուժի պատրաստութեան նոր վառարան մը բացուեցաւ։ Այդ օրերուն «Թուրքիոյ 50-ի մօտ վիճակները մեծ մասով առաջնորդէ զուրկ մնացած էին, … եւ Պատրիարքարանէն ուղեցոյց եւ հովանաւորող առաջնորդ կը պահանջէին» (Փառէն Եպսկ. Մելքոնեան, Յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2006, էջ 292-3)։ Այս կացութեան մէջ էր, որ 1889 թուականին, Օրմանեան անմահանուն Եպիսկոպոսին վերատեսչութեամբ, Արմաշի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ «Կ. Պոլսոյ Հայ Պատրիարքութեան Եկեղեցական Բարձրագոյն Վարժարան»ը բացուեցաւ, որ տարի մը ետք, Մաղաքիա Սրբազանին առաջարկով եւ Պատրիարքարանի յայտարարութեամբ նուիրական անունով՝ Դպրեվանք կոչուեցաւ։ Արմաշու վանքի գերգնահատելի աշխատանքը չէ որ այստեղ կը ներկայացնենք, այլ պարզապէս անոր մայրական արգանդէն ծնած հոգեւորականներու վաստակին առջեւ կրկնակ ու կրկնակ անգամներ կը խոնարհինք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքին հիմնադիրները, նոյն այդ արմաշականներն էին։ Տառապակոծ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին շուրջ հաւաքուելով արմաշականներ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսը եւ Շահէ Եպսկ. Գասպարեանը 1930 թուականին հիմը դրին Նոր Արմաշին՝ Անթիլիասի Դպրեվանքին։ Երկուքն ալ, մեծ նուիրումով Նոր Արմաշին հետ նոյնացուցին իրենց անձը, նման եզակի Օրմանեանին եւ անկրկնելի Դուրեանին։ Եւ ցարդ նոյն ոգիով եւ նոյն հեռանկարով կը գործէ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ գործող Արմաշի շունչով վերընձիւղուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ուր այժմ կ՚ուսանին հոյլ մը պատանիներ եւ երիտասարդներ։
2002 թուականին, Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքը իր Դպրեվանք այցելութեան առիթով «Ոսկեմատեան»ին մէջ հետեւեալը կը գրէ Դպրեվանքին մասին.- «Հոգեւոր ուրախութիւն էր այցելել, երկրորդ անգամ, Պիքֆայայի Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ առիթ ունենալ աղօթել ու երգել միաբան եղբայրներուն ու սաներուն հետ։ Նոր հազարամեակի մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին սերմերը այստեղ է որ կը նետուին։ Կենդանարար Աստուած մարդասէր Հոգին միաբանական սիրով եւ ոգիով տոգորէ Դպրեվանքի բոլոր աշակերտները եւ նոր շրջանի Հայ Առաքելական Եկեղեցին լինի՝ աւելի միակամ, միախորհուրդ եւ ընդհանրապէս աւելի միացած։ Աստուած պահպանէ եւ օրհնէ ուսուցչաց կազմն ու բոլոր սաները։ Այստեղ անցուցած մէկ ու կէս ժամով խրախուսուած եմ։ Կը հաւատամ մեր Եկեղեցւոյ պայծառ ապագային»։ (Թող որ Աստուած իր սփոփարար այցելութիւնը շնորհէ Նորին Ամենապատուութեան)։
11 Նոյեմբեր 2011-ին, Դպրեվանքի օրուան տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան հրաւիրեց զիս իր տեսչարանը, որպէս խմբավար Դպրեվանքի երգչախումբին։ Սրբազան Հայրը պարզեց առաջարկ մը, եւ իմ կարծիքս ուզեց շօշափել Դպրեվանքի երգչախումբը «Արմաշ» անուանելու մասին, առ ի երախտագիտութիւն արմաշական հոգեւորականներուն մեր Աթոռէն ներս ունեցած ներդրումին։ Անմիջապէս երկրորդեցի առաջարկը եւ որպէս խմբավար իմ ամբողջական համամտութիւնս յայտնեցի անոր։ Ես սիրահարուած եմ Արմաշի վանքին եւ ցարդ ակնածանքով կ՚ընթերցեմ անկէ շրջանաւարտ հոգեւորականներուն խորիմաստ աշխատասիրութիւնները։
Անթիլիասի Դպրեվանքը իր ունեցած առաքելութեամբ կը համարուի Արմաշի Դպրեվանքին շարունակութիւնը, որ է պատրաստել նուիրեալ հոգեւորական ու աշխարհական ամբողջական հայը եւ զայն ղրկել Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն ծառայութեան։ Ա՛յս իսկ պատճառով ԱՐՄԱՇ անուանեցինք Դպրեվանքի երգչախումբը։
Մենք այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի՝
Արմաշականներուն ընդմէջէն։
* * *
1941 թուականին Անթիլիաս կը ժամանէր 28-ամեայ հոգեւորական մը։ Ժիր ու կայտառ, առաքինի ու պսակազարդ աստուածային օրհնութիւններով։ Բազմաշնորհ Հայր Շնորհքն էր ան, ինչպէս առիթով մը բերանացի պիտի արտայայտուէր իրեն ժամանակակից՝ լուսահոգի Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեանը։ Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսին տիպարով հմայուած ու Երուսաղէմի մէջ անոր լուսեղբօր՝ Երանաշնորհ Տ. Թորգոմ Ա. Պատրիարքին շունչով թրծուած աստուածային շնորհքներու շտեմարան Հայր Շնորհքը, յատուկ առաքելութեամբ կու գար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նոր կայքը՝ Անթիլիաս, լծուելու համար յատուկ առաքելութեան մը՝ որ Մարդու պատարստութիւնն էր, նուիրական պաշտօնով՝ որպէս տեսուչ Դպրեվանուց։
Երբ, այս առիթով աչքէ կ՚անցընէի Հայր Շնորհքին տեսուչ եղած շրջանի Դպրեվանքի արխիւները, այնտեղ գտնուող նամակներուն միջոցաւ հանդիպեցայ իրեն։ Մտերմացայ տեսուչ Հայր Շնորհքին, հեզահամբոյր նկարագրի տէր հոգեւորականին, հոգիի Մարդուն, որ երեք տարիներ շարունակ, 1941-44 թուականներուն վարած էր Դպրեվանքի ղեկավարի պաշտօնը։ Նամակներուն կողքին ծանօթ ըլլալով նաեւ անոր գործերուն եւ սերտելով անոր կեանքն ու գործունէութիւնը, ես պիտի ուզեմ սա պահուն մէկ, բայց ամբողջական բառով մը որակել Եկեղեցւոյ Շնորհք անուն որակաւոր սպասաւորը։ Շնորհք Պատրիարքը բառին վաւերական ու ամբողջական իմաստով Մեծ Մարդ էր, ան՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԴն էր, որ գիտէր գերադասել հոգեկանը՝ ֆիզիքականէն, ոգեղէնը՝ աշխարհէն, մնայունը՝ գնայունէն։ Իր ծառայական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, Աստուծոյ այս Մարդը՝ մոմի պէս լուսաւորեց իր շրջապատը, լոյս տալով իր հօտին եւ աւելին՝ լոյս դառնալով իր ժողովուրդին համար։ Ան որպէս հոգեւոր առաջնորդ իր անձէն չէ որ տուաւ միայն, այլ՝ ամբողջութեամբ ինքզինք ընծայեց իր ժողովուրդին։ Քրիստոսաբոյր իր կեանքի ընթացքին, իր հոգեւոր պատգամները նշխարի պէս բաժնեց իրեններուն, որոնք այնքա՜ն սիրեցին զինք եւ աւելիով սիրուեցան իրմէ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս Երանաշնորհ Հովուապետին մասին խօսելով կ՚ըսէ. «Խօսիլ Շնորհք Պատրիարքին մասին, կը նշանակէ խօսիլ 20-րդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն փայլուն դէմքերէն մէկուն մասին։ Ան իր ունեցած մտքի հարստութեամբ, սրբակենցաղ վարքով ու կեանքի որակով իւրայատուկ տեղ ունեցաւ եւ ունի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Շնորհք Պատրիարք հոգեւորական էր բառին ամբողջական իմաստով։ Հոգիի մարդ էր ան, հոգեկան արժէքները գնահատող, ոգեղէն հարստութիւնը գերադասող գլխագիր Մարդ»։
Հոգեհարազատ բարեկամներ.
Մենք այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի՝
Շնորհք Գալուստեան Պատրիարքին ընդմէջէն։
* * *
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս երգն ու երաժշտութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւեն։ Մեր տղաքը, իրենց հոգեւոր եւ ուսումնական-կրթական առօրեային կողքին արուեստով կ՚արժեւորեն իրենց ժամանակը։ Երգչախմբային փորձերը, շարականի երգեցողութիւնը, ձայնագրութիւնը, դաշնակը, տուտուկն ու կիթառը, այլ խօսքով երաժշտութիւնը, մեր ուսանողներուն հետ սենեակէ սենեակ, յարկէ յարկ կը շրջի։ Սակայն այսօրուան երաժշտական մեր ներկայացումը տարբեր է իր տեսակին մէջ։ Հանդէս մը չէ, որ այսօր Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը կը մատուցէ ձեզի, այլ՝ երախտագիտական խորին յարգանքի ընծայ մը, ազնիւ ժեստ մը, մաքուր զգացումներու արտայայտութիւն մըն է որ այսօր կը ձօնուի մեր նախկին տեսուչներէն եւ ձեր նախկին հովուապետներէն՝ Շնորհք Արք. Գալուստեանի անթառամ յիշատակին։
Այս առիթով, թոյլ տուէք, որ շնորհակալութեան իմ խօսքը ուղղեմ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ Շնորհք Պատրիարքին հետ մեր ունեցած այսօրուան ժամադրութիւնը։
Շնորհակալութեան խօսք, Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ եւ բարերար Պրն. Պետրոս Շիրինօղլուին, որ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին Պոլիս երթ ու դարձի եւ կեցութեան նիւթական բոլոր ծախսերը ապահովեց։
Շնորհակալութեան խօսք կ՚ուզեմ յայտնել նաեւ, Դպրեվանքէն հոգեպէս եւ իմացապէս վերածնած մեր բարեկամին ու եղբօր՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, մեր Պոլիս գալուն նպատակով իր բերած լայն օժանդակութեան համար։
Շնորհակալութիւն ձեզի՝ Պատրիարքութիւն Հայոց Թուրքիոյ,
Շնորհակալութիւն ձեզի՝ հայկական Պոլիս,
Շնորհակալութիւն ձեզի՝ որ ընդունեցիք մեզ, եւ
Բիւր օրհնութիւններ ձեզի, պոլսեցի Գնաճեան Սարգիսին բարերարութեամբ կառուցուած Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն։
16 Ապրիլ 2016, Պոլիս
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024