ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ վեր­յի­շեց թա­ղի վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր ող­բա­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը, ո­րու Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան շիր­մին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Իր մա­հուան տա­րե­լի­ցին առ­թիւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը կա­տա­րուե­ցաւ, թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ներ­կայ էին՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ, թա­ղի բո­լոր յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն դէմ­քեր եւ ե­րախ­տա­շատ թա­ղե­ցի­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին ե­րախ­տա­շատ ու կրթա­սէր բա­րե­րա­րին՝ հան­գու­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ։ Ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը այս­պէ­սով նաեւ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց ե­ռան­դը՝ կա­յուն թա­փով յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016