Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼԸ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ անգլերէնով ստեղծագործելու ուղղեալ միջվարժարանային փառատօն մը։ Հետաքրքրական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երեք հանգրուանով։ Խառն խումբերու ձեւաչափին մէջ՝ առաջին փուլին տղաքը կարճ հէքեաթներ յօրինեցին իրենց տրուած անգլերէն բառերով։ Երկրորդ փուլին այդ հիման վրայ նկարներ ստեղծագործեցին, իսկ երրորդ փուլին՝ ներկայացուցին թատերակներ։
Այս փառատօնը առիթ հանդիսացաւ խրախուսելու թէ՛ անգլերէնով ստեղծագործութիւնը եւ թէ մեր աշակերտներուն միջեւ համատեղ արտադրութիւնը։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016