ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մեր համայնքի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան համալիրէն ներս անոնք ունեցան վառ տպաւորութիւններ։ Հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ դիմաւորուեցան տղաքը, որոնք հիւանդանոցի պատմական համալիրէն ներս կատարեցին շրջայց մը։ Իրենց համար առանձնապէս հետաքրքրական էր «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը։ Շրջայցի ընթացքին աշակերտները մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան եւ ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Արամեանցիները ծանօթացան նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ անոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Աշակերտներուն տեսակէտէ եզակի փորձառութիւն մըն էր Գթութեան յարկի մնայուն բնակիչներուն հետ ծանօթութիւնը։ ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնին մթնոլորտն ալ շնչեցին արամեանցիները, որոնց համար շատ յատկանշական էր Ազգային հիւանդանոցէն ներս մատուցուած ծառայութիւններուն բազմակողմանի բնոյթը։
Այցելութեան ընթացքին աշակերտներուն ընկերացան Արամեան-Ունճեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու եւ Թամար Մանկասար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024