ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻՆ

Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ ե­կե­ղե­ցին Ապ­րիլ 24-ին կը յի­շա­տա­կէ Սուրբ Խա­չի ե­րեւ­ման տօ­նը՝ ան­գամ մը եւս յի­շե­լով Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րը, ա­նոր խա­չե­լու­թիւ­նը, եւ խա­չի վրայ ա­նոր թա­փած ան­մեղ ա­րեան շնոր­հիւ մարդ­կա­յին ցե­ղի փրկու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ այս տօ­նը պատ­մա­կան դէպ­քի մը յի­շա­տա­կու­թիւնն է, երբ 351 թուա­կա­նի Մա­յի­սին, Կիւ­րեղ Ե­րու­սա­ղէ­մա­ցի Հայ­րա­պե­տի օ­րով, օ­րուան եր­րորդ ժա­մուն, այ­սինքն՝ ժա­մը ե­րե­կո­յեան 9-ին, երկն­քի վրայ կ՚ե­րե­ւի Փրկչի խա­չին նշա­նը՝ տա­րա­ծուե­լով Գող­գո­թա­յէն մին­չեւ Ձի­թե­նեաց լե­ռը։

Այս հրա­շա­լի՜ դէպ­քին ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լան ո՛չ միայն Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ բնա­կող քրիս­տո­նեա­նե­րը, այ­լեւ՝ տար­բեր դա­ւա­նանք­նե­րու եւ կրօն­նե­րու պատ­կա­նող մար­դիկ։ Խա­չի պայ­ծառ ե­րե­ւու­մէն՝ ա­րե­գակն իսկ կը մթագ­նի, ինչ­պէս կը վկա­յէ ա­ւան­դա­կան պատ­մու­թիւ­նը։ Մար­դիկ՝ ո­րոնք ա­կա­նա­տես ե­ղած էին, բո­լորն ալ կը շտա­պեն ե­կե­ղե­ցի՝ սրտի խո­րէն ա­ղօ­թե­լու Աս­տու­ծոյ՝ գո­հու­թիւն յայտ­նե­լով Բարձ­րեա­լին՝ այս մեծ ու հրա­շա­լի շնոր­հին ար­ժա­նա­ցած ըլ­լալ­նուն հա­մար։

Երկ­նա­յին այս հրաշ­քի շնոր­հիւ շա­տեր կը հա­ւա­տան Յի­սուս Քրիս­տո­սի, կը մկրտուին Սուրբ Կիւ­րե­ղի ձեռ­քով՝ ան­դա­մագ­րուե­լով Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցիին։

Այս հրա­շա­լի՜ դէպ­քի ա­ռի­թով Կիւ­րեղ Հայ­րա­պե­տը նա­մակ մը կը գրէ Բիւ­զան­դիա­յի Կոս­տան­դին կայս­րին՝ ո­րը Մեծն Կոս­տան­դիա­նո­սի որ­դին էր։

Նա­մա­կին մէջ Սուրբ Հայ­րա­պե­տը կը պատ­մէ Ե­րու­սա­ղէ­մի խա­չի ե­րեւ­ման մա­սին՝ յոր­դո­րե­լով, որ վեր­ջինս ան­յող­դողդ՝ ան­սա­սան ու հաս­տա­տուն մնայ իր քրիս­տո­նէա­կան ճշմա­րիտ հա­ւա­տի մէջ, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­րիմ՝ Նի­կիա­կան դա­ւա­նու­թեա­նը։

Ուս­տի Հայ բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մէջ ալ քիչ չեն «խա­չի ե­րե­ւում»նե­րը։ Եւ մեր ա­մէն մէ­կուն ան­հա­տա­կան կեան­քին մէջ ալ յա­ճախ կը պա­տա­հին «խա­չի ե­րե­ւում»ներ, բա­րե­պա­տեհ եւ նպաս­տա­ւոր ա­ռիթ­ներ, ո­րոնք ազ­դան­շան­ներ են բա­րե­փո­խուե­լու, ինք­զինք սրբագ­րե­լու, կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու… եւ ե­րա­նի՜ ա­նոնց՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նան ա­նոնց։

Ե­րա­նե­լի Կո­րիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ քեր­թո­ղա­հայր Մով­սէս Խո­րե­նա­ցին, Հայ Ե­կե­ղե­ցիի ե­ռա­մե­ծար վար­դա­պետ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի մա­հուան եւ թաղ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ կ՚ար­ձա­նագ­րեն, թէ Վա­ղար­շա­պատ քա­ղա­քի մէջ օ­րեր շա­րու­նակ խա­չի լու­սա­պայ­ծառ նշա­նը փայ­լեր է այն տան վրայ՝ ուր Սուր­բը ա­ւան­դեր է իր հո­գին։ Եւ այդ նոյն նշանն ալ ա­ռաջ­նորդ է ե­ղեր բազ­մու­թեան, ամ­բողջ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, խա­չը Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ, մա­հա­պարտ­նե­րը ա­նար­գե­լու եւ նա­խա­տե­լու հա­մար էր։ Ուս­տի Հին Կտա­կա­րա­նի մէջ կը կար­դանք. «Ա­նի­ծուած է այն՝ որ կա­խուած է փայ­տէն» (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։­

Եւ Աս­տուա­ծոր­դին միա­ցաւ խա­չա­փայ­տին՝ սրբա­գոր­ծե­լով զայն եւ Իր Սուրբ Ա­րիւ­նով մարդ­կու­թիւ­նը ա­զա­տեց «չար»ին՝ սա­տա­նա­յին գե­րու­թե­նէն։

Խա­չը ե­թէ մին­չեւ Քրիս­տո­սի Խա­չը ա­նար­գան­քի ու նա­խա­տան­քի, ա­տե­լու­թեան նշան էր, ա­պա Տի­րոջ Խա­չե­լու­թեամբ ա­նոր մէջ դրուե­ցաւ «կեան­քի խոր­հուրդ»ը, եւ մարդ ա­րա­րած հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ «նոր ա­րա­րած» ըլ­լա­լու, եւ ստա­ցաւ «նոր մարդ» ըլ­լա­լու, նո­րո­գուե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կը վկա­յէ. «Ե­թէ մէ­կը Քրիս­տո­սի մէջ է, ա­պա ան նոր ա­րա­րած է» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17)։ Ք­րիս­տոս խա­չի վրայ նե­րեց մե­զի՝ ջնջեց մեր մեղ­քե­րը՝ մեղ­քե­րու պար­տա­մուր­հա­կը՝ գա­մե­լով զայն խա­չա­փայ­տին վրայ։

Մարդ­կու­թեան փրկու­թեան հա­մար մարմ­նա­ցած-մար­դա­ցած Աս­տուած խա­չուե­ցաւ, թա­ղուե­ցաւ, բայց եր­րորդ օ­րը հրա­շա­փա­ռա­պէս յա­րու­թիւն ա­ռաւ մե­ռել­նե­րէն՝ քան­դե­լով մա­հուան ու մեղ­քի կա­պանք­նե­րը։

Ա­յո՛, սի­րե­լի՜­ներ, յա­րու­թիւն ա­ռաւ Տէ­րը, քա­նի որ Լոյ­սը չէ՛ր կրնար գե­րազ­մա­նի մթու­թեան մէջ մնալ։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով է որ Սուրբ Կիւ­րեղ Ե­րու­սա­ղէ­մա­ցին կ՚ը­սէ. «Կը դա­ւա­նիմ խա­չը, քան­զի գի­տեմ Յա­րու­թիւ­նը»։ Հե­տե­ւա­բար խա­չը մե­զի հա­մար յոյ­սի, սի­րոյ, յաղ­թա­նա­կի եւ փրկու­թեան նշա՛նն է, ո­րու վրայ Աս­տուա­ծոր­դին պար­տու­թեան մատ­նեց «չար»ը՝ սա­տա­նան՝ մեր առ­ջեւ բա­ցուե­ցան եր­կին­քի դռնե­րը, որ մինչ այդ փա­կուած էին մեր նա­խած­նող­ներ՝ Ա­դա­մի եւ Ե­ւա­յի անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, դժբախ­տա­բար։ Ուս­տի Յի­սուս խա­չի վրայ ցոյց տուաւ իր ան­հո՜ւն սէրն ու ան­բաւ ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը ա­դա­մոր­դի­նե­րուս նկատ­մամբ։

Տէ­րը իր փրկա­գոր­ծու­թեան խոր­հուր­դով խա­չը վե­րա­ծեց յաղ­թու­թեան ու փառ­քի նշա­նի։ Ուս­տի Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Քա՛ւ լի­ցի, որ ես պար­ծե­նամ ու­րիշ բա­նով, քան մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի խա­չով» (ԳԱՂ. Զ 14)։ Ա­յո՛, սի­րե­լի՜­ներ, Տէ­րու­նա­կան նշա­նը ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեա­նե­րուս հա­մար պար­ծանք­նե­րուն պար­ծա՛նքն է եւ Աս­տու­ծոյ ան­սահ­ման սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ ան­կեալ մար­դուն նկատ­մամբ։

Ճի՛շդ է, ան­հա­ւատ ու Տէ­րը չճա­շա­կած մար­դոց հա­մար խա­չի վրայ Քրիս­տո­սի այս զո­հո­ղու­թիւ­նը ա­նի­մաստ է եւ ան­հասկ­նա­լի՛ կը թուի, բայց մե­զի հա­մար, որ մեր սիր­տե­րուն մէջ ըն­դու­նած ենք ճշմա­րիտ Աս­տուա­ծը՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սը, խա­չը դար­ձած է փրկու­թեան գրա­ւա­կա­նը։

Ան­գի­տու­թեան խա­ւա­րին մէջ խար­խա­փող այս մար­դոց է Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի խօս­քը. «Քա­նի որ, ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­սէի եւ հի­մա եւս լա­լով կ՚ը­սեմ, մեր մէջ կան շա­տեր՝ ո­րոնց կեան­քը թշնա­մանք է Քրիս­տո­սի խա­չին։ Ա­նոնց վեր­ջը կո­րուստ է, քա­նի որ ի­րենց Աս­տուա­ծը ի­րենց փո՛րն է։ Ա­մօ­թա­լի բա­նե­րով կը հպար­տա­նան եւ միայն երկ­րա­ւոր բա­նե­րու մա­սին կը խոր­հին» (ՓԻ­ԼԻՊ. Գ 18-19)։­

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ կ՚անդ­րա­դառ­նան եւ կրնան օգ­տա­գոր­ծել ա­ռիթ­նե­րը՝ որ միշտ կան ու պի­տի ըլ­լա՛ն…։

Սկզբնաղ­բիւր՝ «Ա­յուն­յաց Կան­թեղ»։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 18, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016