ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ մանուկներու զարգացման գործընթացին վերաբերեալ մասնագիտական հերթական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս հաւաքոյթի նիւթն էր՝ ծնողներու կողմէ մանուկի մը առողջ զարգացման համար նպաստը եւ նպատակասլաց հաղորդակցութեան եզրերը։ Գիտական այս զրոյցներու շարքը Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողներուն տեսակէտէ եզակի հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ, որպէսզի անոնք կարենան աւելի դիւրին կողմնորոշուիլ՝ իրենց փոքրիկները կեանքի պատրաստելու ճանապարհին։
Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ էին վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ուսուցչական կազմէն դէմքեր եւ բազմաթիւ ծնողներ։ Դպրոցի ուղեցոյց-ուսուցչուհի Գարօլին Չանքըրըի ողջոյնի խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ հոգեբան Նեսլիհան Եաման։ Այս վերջինը «Փսիքոմէր» հոգեբանական խորհրդատուութեան կեդրոնի աշխատակիցներէն մին է։ Տեսողական առարկաներու ցուցադրութեան զուգահեռ ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ օրուան նիւթին շուրջ, նաեւ պատասխանեց ներկաներու բազմաբնոյթ հարցումներուն։