ՈՒՐՈՅՆ «ԵՐԿՈՒ ՀԱՅԵԱՑՔ»

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ հայ ար­դի նկար­չու­թեան եր­կու յայտ­նի ա­նուն­ներ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ թուրք ա­րուես­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նան «Եր­կու հա­յեացք» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սով մը։ Այս­պէս, IMOGA գե­ղա­րուես­տաս­րա­հը, որ կը գոր­ծէ Քը­զըլ­թոփ­րա­քի մէջ, կազ­մա­կեր­պած է Հա­յաս­տա­նէն եր­կու ծա­նօթ նկա­րիչ­նե­րու՝ Ա­շոտ Եա­նի եւ Արծ­րուն Ապ­րե­սեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Այս Հինգ­շաբ­թի յետ­մի­ջօ­րէին պի­տի բա­ցուի «Եր­կու հա­յեացք» խո­րագ­րեալ ձեռ­նար­կը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ամ­սա­վերջ։

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ա­շոտ Եա­նը եւ IMOGA գե­ղա­րուես­տաս­րա­հի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­շոտ Եան մե­զի յայտ­նեց, թէ ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Իր կար­գին, IMOGA-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­հի Է­տա Թեք­ճանն ալ ընդգ­ծեց, թէ Ա­շոտ Եա­նի եւ Արծ­րուն Ապ­րե­սեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­նին շատ բարձր ո­րակ եւ նկար­չա­սէր շրջա­նակ­նե­րը իս­կա­պէս խո­րա­պէս կը տպա­ւո­րուին ա­նոնց գոր­ծե­րէն։

Հարկ է նշել, որ Ա­շոտ Եա­նի եւ Արծ­րուն Ապ­րե­սեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով IMOGA գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին հետ կը գոր­ծակ­ցի մեր հա­մայն­քէն Պայ­քար Տե­միր, որ լուրջ ե­ռանդ կը ներդ­նէ այս ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016