ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սահակեան սանուց միութեան թատերախումբին այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Միութեան թատերախումբը այս տարի կը բեմադրէ «Այս ալ իմ կինս է» խորագրեալ խաղը, որու բեմադրիչն է Վոլքան Սարըէօզ։ Դերակատարներն են՝ Լիանա Իւնալ, Սեւան Սելվիլէր, Գարօլին Պենլի, Գրիգոր Պալօղլու եւ Սելին Իլկէն։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները, վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ, Սամաթիոյ ընտանիքէն ծանօթ դէմքեր եւ հիւրեր։
Երկու արարներէ բաղկացալ այս զաւեշտի ներկայացման աւարտին հանդէս եկան դերակատարներէն Լիանա Իւնալ եւ միութեան վարչութեան ատենապետ Հերման Պըչաքճը։
Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին թատերախումբի անդամները՝ յղելով իրենց շնորհաւորութիւնը։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024