ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնէն ներս կազմակերպուած առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնին առթիւ։ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու բերումով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն բաժիններէ բաղկացեալ ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին առաջին դասարանի փոքրիկները։ Այս հանդէսը լաւագոյն առիթն էր իրենց տարուան մը աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնելու տեսակէտէ։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, թատերակներով, խմբերգներով եւ պարերով։ Հանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ տարուած էին դասարանի ուսուցչուհիներուն՝ Գարին Աքալի եւ Մերի Եաստանկաչքոլի հսկողութեան ներքեւ։ Դպրոցէն այլ կրթական մշակներ ալ աջակցած էին անոնց։
Յայտագրի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, որ ուրախութիւն յայտնեց փոքրիկներու արձանագրած յաջողութեան համար, մաղթելով յարատեւութիւն։
Աւելի վերջ բաժնուեցան փոքրիկներուն ընթերցման վկայականները։ Անոնք ստացան նաեւ նուէրներ եւ իրենց համար հատուեցաւ կարկանդակ մը։