ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԸ
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ երաժշտական մարաթոն մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Բեմը քեզի կը սպասէ… դո՛ւն ալ մասնակցէ՛» կարգախօսով։ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ այս առթիւ տողանցեցին 154 փոքրիկ կամ պատանի երաժիշտներ։
Երեք տարբեր երաժշտահանդէսներու ձեւաչափին մէջ, Շաբաթ, ամբողջ օրուան տեւողութեան իրերայաջորդ հանդէս եկան փոքրիկ կամ պատանիներ, որոնք նուագարանի մը կրթութիւնը կը ստանան։ Անոնք բեմի այս անգնահատելի փորձառութեան ուրախութիւնը բաժնեցին իրենց ընտանիքներուն, ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ այս առթիւ նշեց, թէ երաժշտութեան կրթութիւնը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի պատանիի մը ինքնավստահութեան եւ ստեղծագործութեան զարգացման առումով։ Արուսեակ Մոնէ շնորհակալութիւն յայտնեց Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին եւ քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընին, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերած էին՝ որպէսզի քաղաքապետութեան հովանիին տակ գործող «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնը յատկացուի այս ձեռնարկին համար։
Երաժշտութեան ուսուցիչներ՝ Անիթա Քուրտօղլու, Գարին Սուսմաք, Գարին Քիւչիւքօղլու, Յակոբ Մամիկոնեան, Արթիւր Պաղտասարեան եւ Աւետիս Արզուման իրենց նպաստը բերած էին այս ծրագրին։ Հանդիսավարներն էին Մարալ Պալ եւ Էլիզապէթ Քապէ։ Նախ հանդէս եկան 5-9 տարեկան փոքրիկները։ Երկրորդ երաժշտահանդէսի յայտագիրը բաղկացած էր 10-11 տարեկաններու ելոյթներէն։ Երրորդ փուլին նուագեցին 13-16 տարեկանները։
Յայտագրի տեւողութեան տղաքը նուագեցին դաշնակ, կիթառ, մանտոլին, ջութակ, ֆլիւթ, պաթերի, պոմպօ, երգեհոն, քոնկա, թրոմփէթ եւ մեթալոֆոն։
Բոլոր ներկաներուն համար վերապահուած անակնկալ մըն էր երաժըշտանոցի ուսանողուհի Ճուլիա Դաւիթի դաշնակի նուագը եւ երկու աշակերտներու մեներգը։ Նոյն առթիւ հանդէս եկաւ նաեւ Գարակէօզեանի, Էսաեանի եւ Սահակեան-Նունեանի աշակերտներէն բաղկացեալ խումբ մը։
Երաժշտութեան մարաթոնին մասնակցութիւն բերին Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն ներկայացուցիչներ, աշակերտներու ծնողները եւ հիւրեր։ Աւարտին բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայականներ։
Գարակէօզեանի կազմակերպած այս վիթխարի ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն արդիւնքով՝ համախմբած ըլլալով մեր նոր սերունդի բազմատասնեակ ներկայացուցիչները։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024