ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

Սուրբ Հո­գիին աս­տուա­ծա­յին գա­լուս­տը քա­րո­զուած է բո­լոր մար­գա­րէ­նե­րու կող­մէ, բայց կա­տա­րե­լա­պէս ա­նոր գալս­տեան մա­սին ա­ռա­քեալ­նե­րուն պատ­մեց Յի­սուս Քրիս­տոս, մեր Փրկի­չը, մինչ իր տնօ­րի­նա­կան փրկա­րար չար­չա­րանք­նե­րը կը կրէր, որ­պէս­զի ճանչ­ցուի Հո­գիին էու­թիւ­նը եւ ա­նով մխի­թա­րուին ա­նոնք։ Իսկ երբ կը մօ­տե­նար գրա­ւոր Հին Օ­րէն­քին հին­նա­լու եւ Նոր Ուխ­տին հաս­տա­տուե­լու ժա­մա­նա­կը, Յի­սուս ը­սաւ. «Ով որ կը սի­րէ զիս՝ խօս­քերս կը գոր­ծադ­րէ, Հայրս ալ պի­տի սի­րէ զայն եւ ես ու Հայրս ա­նոր պի­տի գանք եւ ա­նոր հետ բնա­կինք։ Եւ ով որ չի սի­րեր զիս՝ խօս­քերս չի գոր­ծադ­րեր։ Այս ը­սած­ներս որ լսե­ցիք՝ իմ խօս­քերս չեն, այլ խօս­քե­րը Հօրս, որ զիս ղրկեց։ Այս բո­լո­րը խօ­սե­ցայ ձե­զի, քա­նի տա­կա­ւին ձե­զի հետ եմ։ Բայց Մխի­թա­րի­չը՝ Սուրբ Հո­գին, որ Հայրս ձե­զի պի­տի ղրկէ իմ ա­նու­նովս, ա­նի­կա ձե­զի ա­մէն ինչ պի­տի սոր­վեց­նէ եւ յի­շեց­նէ ի՛նչ որ ես ձե­զի ը­սի» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23-26)։

­Յի­սուս այս ը­սե­լէ ա­ռաջ խոս­տա­ցած էր Հօր­մէն խնդրել՝ որ Մխի­թա­րիչ մը ղրկէ. «Ե­թէ կը սի­րէք զիս՝ պի­տի գոր­ծադ­րէք իմ պա­տուի­րան­ներս։ Եւ ես Հօրս պի­տի ա­ղա­չեմ՝ որ ու­րիշ Մխի­թա­րիչ մը տայ ձե­զի, որ­պէս­զի յա­ւի­տե­նա­կան կեր­պով, յա­ւի­տեան ձե­զի հետ ըլ­լայ։ Ա­նի­կա Սուրբ Հո­գին է, որ ճշմար­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 15-17)։

­Յի­սուս, այս խօս­քե­րով կը յայտ­նէ, թէ Սուրբ Հո­գին Հօր­մէն պի­տի գար։ Յի­սուս ը­սաւ. «Ձե­զի հա­մար լա՛ւ է որ ես եր­թամ, քա­նի որ ե­թէ չեր­թամ՝ Մխի­թա­րի­չը պի­տի չգայ ձե­զի. իսկ ե­թէ ես եր­թամ՝ զայն պի­տի ղրկեմ ձե­զի» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 7-8)։ Եւ յա­րու­թե­նէն յե­տոյ, Որ­դին փչե­լով նա­խա­ճա­ռեց Սուրբ Հո­գիի մա­սին՝ ը­սե­լով. «Ա­ռէ՛ք Սուրբ Հո­գին…» (ՅՈՎՀ. Ի 22)։­

Իսկ համ­բար­ձու­մէն ա­ռաջ պա­տուի­րեց նստիլ Ե­րու­սաղ­է­մի մէջ՝ մին­չեւ եր­կին­քէն զօ­րու­թիւն ստա­նա­լը։

Յի­սուս իր հրա­շա­փառ Յա­րու­թե­նէն քա­ռա­սուն օր վերջ համ­բար­ձաւ եւ ինն օր հրեշ­տակ­նե­րու ի­նը դա­սե­րուն մէջ պաշ­տուե­լէ յե­տոյ տաս­նե­րորդ օ­րը նստաւ Հօր աջ կող­մը եւ ա­ռա­քեալ­նե­րու դա­սին վրայ ու­ղար­կեց խոս­տա­ցած «Պար­գեւ»ը՝ Սուրբ Հո­գին, որ­պէս­զի ա­ռա­քեալ­նե­րը, Սուրբ Հո­գիի կա­րօ­տով եւ զգու­շու­թեամբ ըն­դու­նե­լով, ա­նով ա­ռաջ­նոր­դուին դէ­պի Ա­ւե­տեաց եր­կիր, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն Դա­ւիթ.

«Քու բա­րի Հո­գին զիս պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ար­դար եր­կիր» (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 10)։

­Թէ­պէ­տեւ ա­ռա­քեալ­նե­րը տիե­զեր­քի Փրկի­չէն ստա­ցան Քա­հա­նա­յա­պե­տու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ռանց Սուրբ Հո­գիի ըն­դու­նե­լու­թեան տա­կա­ւին ան­կա­տար էին, չնա­յած այն նշան­նե­րը, որ ա­նոնք կը գոր­ծէին, քա­նի դեռ ի­րենց հետ էր Քրի­սոտս, ա­ռանց Սուրբ Հո­գիի չէին ըլ­լար։ Ա­ռա­քեալ­նե­րը ա՛յ­սօր կա­տա­րե­լա­պէս ըն­դու­նե­ցին Սուրբ Հո­գին. ո՛չ թէ ազդ­մամբ, ինչ­պէս մար­գա­րէ­նե­րը, այլ ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէ՛ն ա­նոնց միա­ցաւ։ Սուրբ Հո­գին չե­կաւ ծա­ծուկ եւ ա­նե­րե­ւոյթ, այլ իբ­րեւ «սաս­տիկ հով» եւ լե­ցուց բո­լո­րը։

Սուրբ Հո­գին իր էջ­քով նոր սքան­չե­լիք գոր­ծեց՝ կեան­քի հոտ եւ ան­մա­հու­թեան բոյր հո­սեց­նե­լով, թա­փե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի վրայ եւ լիաց­նե­լով քա­ղա­քը։ Եւ ա­ռա­քեալ­նե­րու մի­ջո­ցով Սուրբ Հո­գիի ա­նու­շա­հո­տու­թիւ­նը տա­րա­ծուե­ցաւ ամ­բողջ տիե­զեր­քի մէջ, ինչ­պէս եւ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Փրկու­թեան ճամ­բուն վրայ գտնուող­նե­րուն մէջ ապ­րինք, թէ՝ կո­րուս­տի ճամ­բուն մէջ գտնուող­նե­րուն, մեր կեան­քը Քրիս­տո­սի ձեռ­քով Աս­տու­ծոյ ըն­ծա­յուած ա­նու­շա­հոտ խուն­կի պէս ի­րենց բոյ­րը կը տա­րա­ծեն» (Բ ԿՈՐՆԹ. Բ 15)։

­Հո­գե­գա­լուս­տի տօ­նը լրումն է տէ­րու­նա­կան տօ­նե­րու։

Ինչ­պէս տնօ­րի­նու­թեան սկիզ­բին Սուրբ Հո­գին ե­կաւ Կոյս Մա­րիա­մի մօտ, այդ­պէս ալ այ­սօր Սուրբ Հո­գին ե­կաւ Վեր­նա­տուն եւ հու­րով զի­նեց ա­ռա­քեալ­նե­րը։ Ուս­տի այս տօ­նը ա­զա­տա­րար է եւ պար­գե­ւիչ, քա­նի որ մեզ ա­զա­տեց ա­պա­կա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թե­նէն եւ վե­րա­դար­ձուց մեր հայ­րե­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ Դրա՛խ­տը։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Հո­գիի գա­լուս­տը կը տօ­նենք ութ օր շա­րու­նակ, սա­կայն պահ­քով, քա­նի որ երբ Յի­սուս մկրտուե­ցաւ, Հո­գին զԱյն տա­րաւ ա­նա­պատ, եւ այն­տեղ Ան քա­ռա­սուն օր ու քա­ռա­սուն գի­շեր պահ­քի մէջ էր, այդ պատ­ճա­ռով ալ մենք Հո­գե­գա­լուս­տը պահ­քով կը տօ­նենք։

Քա­նի դեռ Հո­գին չէր ի­ջած, զու­գա­պա­տիւ Եր­րոր­դու­թեան մեր խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը թե­րի էր, քա­նի որ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րը միայն Հայ­րը գի­տէին Աս­տուած, ինչ­պէս եւ կ՚ը­սէին, թէ մէ՛կ է մեր Հայր Աս­տուա­ծը, ըստ Մով­սէ­սի խօս­քին. «Լսէ՛, Իս­րա­յէ՜լ, մեր Տէր Աս­տուա­ծը մէ՛կ Տէր է» (Բ Օ­ՐԷՆՔ Զ 4)։­

Ար­դա­րեւ Մով­սէս, ժո­ղո­վուր­դը «բազ­մաս­տուա­ծու­թե­նէ» ետ պա­հե­լու պատ­ճա­ռով այդ­պէս ը­սաւ, որ­պէս­զի մէ՛կ իշ­խա­նու­թեամբ գրա­ւէ զա­նոնք, թէ­պէ­տեւ ան­գէտ չէ՛ր Եր­րոր­դու­թեան խոր­հուր­դին, քա­նի որ. «Աս­տուած ը­սաւ.- Մարդ ստեղ­ծենք Մե՛ր կեր­պա­րան­քով ու նմա­նու­թեամբ» (ԾՆՆԴ. Ա 26)։ Այս խօս­քե­րով Մով­սէս յայտ­նեց, որ Հայ­րը Որ­դիի եւ Սուրբ Հո­գիի մա­սին խօ­սե­ցաւ։ Ուս­տի Աս­տու­ծոյ Հո­գին բա­նա­կան է՝ մտա­ւոր, կեն­դա­նի եւ կեն­դա­նաց­նող, ո­րով կը զար­դա­րուին եւ կը կա­ռա­վա­րուին բո­լոր բա­նա­կան­նե­րը, երկ­նա­ւոր­ներն ու երկ­րա­ւոր­նե­րը։

Ան «Սուրբ Հո­գի» կո­չուած է, որ­պէս­զի խօս­քի ա­տեն զա­նա­զա­նուի հրեշ­տակ­նե­րէն եւ մար­դոց հո­գի­նե­րէն։ Թէ­պէտ հրեշ­տա­կնե­րը սրբու­թիւն ու­նին, ինչ­պէս եւ մեր հո­գի­նե­րը՝ որ Ա­րար­չէն բա­րի՛ ստեղ­ծուե­ցան, սա­կայն կը տար­բե­րի ա­րա­րած­նե­րու սրբու­թիւ­նը Սուրբ Հո­գիին սրբու­թե­նէն։ Քա­նի որ Աս­տու­ծոյ Հո­գին բնու­թեամբ սո՛ւրբ է, իսկ հրեշ­տակ­նե­րը եւ մեր հո­գի­նե­րը՝ դրու­թեա՛մբ։ Ըստ ո­րուն Սուրբ Հո­գին ա­նեղ է՝ ինք­նա­գոյ, որ ու­րի­շէ չէ՛ ստեղ­ծուած ու ա­մե­նե­ւին սո՛ւրբ, եւ յստակ ու պարզ է ա­նոր էու­թիւ­նը, իսկ մեր հո­գին ե­ղա­կան է՝ ստեղ­ծա­կան, ստեղ­ծուած եւ կա­պուած է մար­մի­նին։

Մէկ է ա­նու­շա­բոյր Ա­րա­րիչ Սուրբ Հո­գին՝ որ ա­րար­չու­թեան օ­րե­րուն կը շրջէր ջու­րե­րու վրայ, եւ ա­նով բա­ցուե­ցան ու փա­կուե­ցան եր­կին­քի սահ­ման­նե­րը, եւ բաժ­նուե­ցան լե­զու­նե­րը աշ­տա­րա­կա­շի­նու­թեան ժա­մա­նակ։ Ան հա­նեց Իս­րա­յէ­լը Ե­գիպ­տո­սէն եւ ա­ռաջ­նոր­դեց Ա­ւե­տեաց եր­կիր, լե­ցուց Մով­սէ­սը եւ տա­րա­ծուե­ցաւ եօ­թա­նա­սու­ներ­կու ծե­րե­րու վրայ. (ԹՈ­ՒՈՑ ԺԱ 25-29)։

­Սուրբ Հո­գին հո­վիւ­նե­րը մար­գա­րէ­նե­րու դար­ձուց, տգէտ­նե­րը՝ ա­ւե­տա­րա­նիչ­ներ, ձկնորս­նե­րը՝ քա­րո­զիչ­ներ, իսկ հե­թա­նոս­նե­րը՝ վար­դա­պետ­ներ, ո­րոնք ա­ռա­քեց ամ­բո՜ղջ աշ­խար­հի վրայ։

Եւ Սուրբ Հո­գին բաժ­նուած լե­զու­նե­րը կրկին միա­ւո­րեց եւ վերս­տին նո­րո­գեց։ Ա՛ն է որ խու­լե­րուն լսել տուաւ եւ համ­րե­րուն՝ խօ­սի՛լ։

Ան է որ ան­միտ­նե­րը ի­մաս­տո՛ւն դար­ձուց…։

- Մեծ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Ա­րամ Դի­լա­նեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 14, 2016