ՆԱԽԱՆՁԸ ԹՈ՛ՅՆ ՄԸՆ Է
Ի՞նչ է նախանձը։ Նախանձը բացատրել, գիտնալ կարելի չէ։ Այո, զգացում մըն է, ունի իր տառացի իմաստը, բայց կարելի չէ իմաստ տալ այդ զգացումին մարդկային յարաբերութիւններու նկատմամբ։ Արդարեւ, ի՞նչ է նախանձը հարցումին կը յաջորդէ երկրորդ հարցում մը՝ թէ ինչո՞ւ համար մարդ նախանձի որեւէ պատճառաւ, քանի որ նախանձէն որեւէ բարիք կամ շահ ապահովել կարելի չէ, եւ նախանձի միջոցաւ շահող չէ տեսնուած մինչեւ այսօր։ Բայց նախանձին պատճառած վնասը ստո՛յգ է, մե՛ծ՝ նախանձողին համար։
Մարդուս սրտին նախանձը ահաւոր թոյն մըն է, եւ թոյն մը՝ որ միշտ կը թունաւորէ ինքզինք՝ նախանձողը։ Երբեք տեսնուա՞ծ է որ նախանձի առարկայ մէկը որեւէ կերպով վնասուի, եթէ ո՛չ միայն նախանձողը՝ ենթակա՛ն։ Ուստի գիտակից, վեհանձն եւ ողջամիտ մարդը երբեք չի նախանձիր, իրաւ «մեծ» մարդը չի նախանձիր մէկը՝ որ իրմէ գերազանց կարողութիւններով օժտուած է։ Ահաւասիկ ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը հո՛ս է. ինքնագիտակից մարդը «ինքնավստա՛հ մարդ» է եւ ինքնավստահ մէկը երբեք չի՛ նախանձիր, այլ գիտէ ինքզինք՝ իր դիրքը, իր աստիճանը եւ վերջապէս իր տեղը ընկերութեան մէջ։ Ողջախոհ մարդը գիտէ նաեւ թէ՝ նախանձով որեւէ շահ ու բարիք կարելի չէ ապահովել, բայց միա՛յն՝ վնաս՝ թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան…։
Աւելի օգտակար, աւելի արդիւնաւոր ծառայութիւն մատուցող, աւելի բարի եւ աւելի սիրուն մէկը պէտք չէ նախանձի առարկայ ըլլայ, այլ պէտք է «տիպար» նկատուի եւ անոր նմանելու աշխատուի։
Երբեմն «բարի նախանձ» ասացուածքը կը գործածուի։ Կարծեմ նախանձի զգացումին պատրուակ փնտռելու ջանք մըն է ասիկա։ Մինչդեռ նախանձը ըստ էութեան միշտ չա՛ր է եւ կարելի չէ զայն յիշել «բարի»ին հետ։ Նախանձը քանի որ ատելութեան պատճառ կ՚ըլլայ, սէրը կ՚ոչնչացնէ եւ թշնամութիւն կը ստեղծէ։ Եւ հոն ուր ատելութիւն կայ, հոն ուր սէրը կը պակսի, եւ հոն ուր թշնամութիւն կայ, հոն կարելի՞ է որ բարին, բարիքը տեղ ունենայ։ «Բարի նախանձ»ի պատրուակը կը նմանի «ճերմակ» կամ «վարդագոյն» գոյներով արդարացնելու աշխատուած սուտին։ Սուտը միշտ սո՛ւտ է եւ վնասակար, այլապէս վնասակար բան մը կարելի՞ է արդարացնել զայն գոյնզգոյն ներկելով։ Պարզապէս՝ ինքնախաբէութի՛ւն…։
Եւ երբ «նախանձ»ը թո՛յն մըն է, կարելի՞ է որ անկէ օգուտ սպասուի։ Թերեւս ոմանք ըսեն եւ օրինակ տան, թէ բնութեան մէջ երբեմն թոյնն ալ կրնայ օգտակարութիւն ունենալ, զոր օրինակ՝ բժշկութեան մէջ որպէս դեղ գործածուի։
Կարելի է այդ մասին խորհիլ, բայց մենք այդպիսի արդարացում մը համոզիչ չենք գտներ, քանի որ նախանձը վատ զգացում մըն է եւ անկէ որեւէ օգուտ քաղելու աշխատիլ ժամանակի վատնում է։ Ուստի երբ կա՛յ սէրը, իրերօգնութիւնը, գնահատելու եւ քաջալերելու բարի արարքը, ապա ուրեմն ի՞նչ պէտք կայ նախանձին, ինչո՞ւ օգուտ ու բարիք սպասել նախանձէն, ինչո՞ւ ջանալ արդարացնել զայն, փոխանակ զօրացնելու եւ քաջալերելու իսկական բարիքի աղբիւրը՝ սէ՛րը…։
Բայց մարդկային բնաւորութիւնը կարծես կը դժուարացնէ սիրելու զգացումին գործադրութիւնը, սէրը օգտագործելը, սէրը վայելելը եւ ասոր փոխարէն կը քաջալերէ, աւելի դիւրութիւն կ՚ընծայէ վատ զգացումներու՝ նախանձի, ատելութեան, հակառակութեան, թշնամութեան, վէճի եւ բարկութեան։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ իրենց փոխյարաբերութիւններուն մէջ աւելի շատ տարուած կ՚երեւին վատ զգացումներով՝ միշտ ինքնամոլութեան, անձնասիրութեան, միայն իրենց շահը հետապնդելու տենչին իրենք զիրենք գերի դարձնելով։ Այս ուղղութեամբ նախանձը կարելի է համարել յօժարութեամբ ինքզինք գերի դարձնելու՝ կիրքերու եւ չար զգացումներու։ Մինչդեռ ամենածանր եւ մարդկային արժանապատուութիւնը ամենէն շատ վիրաւորող գերութիւնը՝ ինքնակամ, յօժարութեամբ ընդունուած գերութի՜ւնն է։
Եւ մարդու մը համար աւելի նուաստացուցիչ բան չկա՛յ, քան ինքն ի՛ր կամքովը, յօժարութեամբ գերի դառնալը ինքն իրեն՝ իր «Ես»ին, իր կիրքերուն։ Եւ ահաւասիկ, «նախանձ»ը, այս վատ զգացումը՝ մարդուս ինքն իր արժանապատուութիւնը վիրաւորող կի՛րք մըն է։ Ազատիլ կարելի՞ է անկէ։ Կարելի է անշուշտ։ Դժուար բայց ո՛չ երբեք անկարելի։ Սակայն կը պահանջէ զօրաւոր կամք, հաստատ նկարագիր եւ վճռականութիւն։ Նախանձի զգացումէ ազատելու համար մարդ, նախ պիտի համոզուի, թէ նախանձը միա՛յն նախանձողին վնաս կը պատճառէ, իսկ ան որ նախանձի առարկայ է, թերեւս տեղեկութիւն իսկ չ՚ունենար որ նախանձող մը ունի եւ թէ նախանձի առարկայ հանդիսացած է։
Ապա ուրեմն ինչո՞ւ նախանձիլ, երբ յայտնի է, որ ապարդիւն պիտի մնայ անոր հետեւանքը, այլապէս ինքն իրեն մարմնական եւ հոգեկան վնաս պիտի պատճառէ։ Ուրեմն նախանձը խոհեմ, ողջամիտ մարդու գործ չէ՛։ Խելացի մարդը չ՚ըներ այն բանը՝ որ ի վերջոյ որեւէ օգուտ չի պատճառեր ո՛չ իրեն եւ ոչ ալ իր շուրջիններուն եւ մանաւանդ թէ վնաս պատճառելու հաւանականութիւնն ալ շատ է, եւ միա՛յն ինքն իրեն…։
Արդարեւ նախանձը հակառա՛կ է նաեւ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին, քանի որ Աստուած մարդը ստեղծեց սիրով եւ զիրար սիրելու համար, մարդը ստեղծեց որպէսզի իր նմանին՝ մարդուն օգնէ, զիրար լրացնեն, եւ զիրար ամբողջացնեն մարդիկ։ Եւ ա՛յս իսկ պատճառով մարդս կոչուած է սիրելու եւ իրերօգնութեա՛ն։ Եւ երբ կ՚ըսենք. «մա՛րդ կատարեալ չէ…», ըսել կ՚ուզենք որ իւրաքանչիւրը պարտաւո՛ր է միւսին պակասը լրացնելու, կատարելագործելու եւ զօրացնելու, փոխանակ նախանձելու եւ զիրար ատելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11, 2016, Իսթանպուլ