ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

Ե­րէկ, Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Հո­գե­գա­լուս­տը նշուե­ցաւ փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին առ­թիւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ, ո­րու հիմ­նադ­րու­թեան 209-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նեցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան եւ Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Պերճ Սրկ. Քաջ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Արտէն Գա­րի­պեա­նի։ Հան­դի­սա­դիր Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րով ո­գե­կո­չուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, բա­րե­րար­ները եւ սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Նա­րե­կեան» սրա­հին մէջ սարքուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի դի­ւա­նա­պետ Վա­ղար­շակ Չիլ­ճեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­գի­րը ըն­թեր­ցեց Նուր­հան Մե­նեք­շէ։ Հա­շուեքն­նիչ Ա­ւե­տիս Քէ­պապ­ճըն ալ ներ­կա­յա­ցուց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ելմտա­կան տե­ղե­կա­գի­րը։ Տոց. Վարդ Շի­կա­հեր ար­տա­սա­նեց սրտի խօսք մը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Լա­ռա Նա­րին, ո­րուն եր­գե­հո­նով ըն­կե­րա­ցաւ Շանթ Էս­մէր։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Մար­կա­րի­թա Սար­տա­րեան, Մե­լի­սա Քալ­տը­լը եւ Սե­սիլ Գա­րա­կէօ­զեան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։

Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նի խոր­հուր­դին։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ծա­ւալուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ հա­սա­րա­կու­թեան զա­նա­զան խա­ւե­րուն կող­մէ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հաս­ցէագ­րուած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, ըստ ո­րոնց Թո­քաթ­լեան խա­նը չ՚ար­ժե­ւո­րուիր անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ եւ այս պատ­ճա­ռով հա­մայն­քը կը զրկուի լուրջ ե­կա­մուտ­նե­րէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, թէ ի պա­տաս­խան այս բո­լո­րին թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ ու­նի իր մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը կը գի­տակ­ցին, թէ Թո­քաթ­լեան խա­նը անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէ­քով հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած մըն է Իս­թան­պու­լի սրտին վրայ։ Գի­տակ­ցե­լով ա­նոր ար­ժէ­քին՝ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը ձգտի հա­րիւր տո­կո­սով վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ, լրիւ ե­րաշ­խա­ւո­րուած պայ­ման­նե­րով գոր­ծարք մը կնքել։ Հա­կա­ռակ եր­կա­րա­տեւ ու բծա-խըն­դիր ո­րո­նում­նե­րուն, Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը տա­կա­ւին չէ կրցած գտնել գոր­ծըն­կեր­ներ, ո­րոնք յոյս կը ներշն­չեն իր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ուս­տի, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը մաղ­թեց, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը գտնէ վստա­հե­լի եւ հա­մո­զիչ գոր­ծըն­կեր­ներ՝ որ­պէս­զի Թո­քաթ­լեան խա­նը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րուի եւ ա­նոր հա­սոյ­թը յատ­կա­ցուի մեր հա­մայն­քի ծով կա­րիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու նպա­տա­կին։

Հուսկ բան­քէն վերջ հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016