ՈՒՔ­ՐԱ­ՅՆԱՆ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱՑ­ՆՈՂ ԹԱ­ԹԱՐ ՀԱ­ՅՈՒ­ՀԻ՝ ՃԱ­ՄԱ­ԼԱՆ ՅԱՂ­ԹԱ­ԿԱՆ ԴՈՒՐՍ Ե­ԿԱՒ «ԵՒ­ՐՈ­ՏԵ­ՍԻ­Լ»Ի ԲԵ­ՄԱ­ՀԱՐ­ԹԱ­ԿԷՆ

Իր ա­ւար­տին հա­սաւ ար­դէն Սթոք­հոլ­մի Globe Arena-ի «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը, որ հա­կա­ռակ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գտնո­ւող­նե­րու քո­ւէար­կու­թեանց, 534 կէ­տե­րով յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րեց Ուք­րայ­նան ներ­կա­յաց­նող թա­թա­րա-հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով Ճա­մա­լան՝ Սու­սան­նա Ճա­մալ­դի­նո­վան, իր ե­տին ձգե­լով Աւստ­րա­լիա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու Ռու­սաս­տա­նը (491): 

Նախ­քան «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի հան­դի­սու­թիւ­նը, Սթոք­հոլ­մի երկ­նա­կա­մա­րին սկսած էր սա­ւառ­նիլ ինք­նա­թիռ մը, որ իր ո­լո­րապ­տոյտ­նե­րով պաս­տա­ռի վրայ կը յայտ­նէր, թէ «Ղա­րա­բա­ղը կը սի­րէ Ի­վե­թա­ն»։ Ըստ դա­տա­կազ­մին տուած գնա­հա­տա­կան­նե­րուն, Ի­վե­թան 10-րդ տե­ղը կը գրա­ւէր, իսկ երբ ա­նոնց վրայ գու­մա­րուե­ցան նաեւ հան­դի­սա­կան­նե­րու ձայ­նե­րը, Ի­վե­թան 249 միա­ւո­րով գրա­ւեց 7-րդ ­տե­ղը։  

Ու­սում­նա­սի­րե­լով Ճա­մա­լա­յի կեն­սագ­րա­կա­նը, յայտ­նա­բե­րած ենք, թէ ան ծնունդն է թա­թար հօր, եւ հայ քրիս­տո­նեայ մօր: Ճա­մա­լա­յի «1944» եր­գը ու­նէր քա­ղա­քա­կան բնոյթ եւ նուի­րուած էր ոչ միայն 1944-ին Խրի­մի թա­թար­նե­րու ար­տաքս­ման ի­րա­դար­ձու­թեան, այ­լեւ յստակ պատ­գամ մը ու­նէր Ռու­սաս­տա­նին՝ Խրի­մի նկատ­մամբ ներ­կա­յիս կի­րա­րուող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Յետ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան՝ Ճա­մա­լան յայտ­նած էր, թէ ինք խա­ղա­ղու­թեան եւ սի­րոյ պատ­գամն է, որ կը տա­րա­ծէ եւ այս սկզբունք­նե­րուն հա­ւա­տա­լով է, որ ան եր­գած է։

Ճա­մա­լան այն սա­կաւ մաս­նա­կից­նե­րէն էր, որ ե­րաժշ­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած էր. 2009-ին ան ար­ժա­նա­ցած էր «Նոր ա­լի­ք» մի­ջազ­գա­յին եր­գի մրցոյ­թի «Կրան փրի» մրցա­նա­կին, իսկ «168 Ժամ» թեր­թին տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին ան ը­սած էր, որ ի­րեն ճա­զա­յին ե­րաժշ­տու­թեան հի­մունք­նե­րը սոր­վե­ցու­ցած էր խրի­մա­հայ Կե­նա­տի Ա­սա­տու­րեա­ն, ո­րուն տան մէջ կազ­մա­կեր­պուած հայ­կա­կան ե­րե­կո­նե­րուն մաս­նա­կից ե­ղած էր նաեւ ինք։  Իր լաւ ըն­կեր­նե­րէն էր տու­տու­կա­հար Ար­մէն Կոս­տան­դեա­նը, ծա­նօթ է Ճի­ւան Գաս­պա­րեա­նին։ 2014-ին ան ե­լոյթ ու­նե­ցած է նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ինք­զինք զգա­ցած էր ինչ­պէս իր հա­րա­զատ տան մէջ։

Ուք­րա­յ­­նո­յ մր­ցա­նա­կա­կիր Ճա­մա­լան բա­ցա­յայ­տած է, որ իր մօր նախ­նի­նե­րը Ար­ցախ աշ­խար­հէն են, ուր­կէ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով պար­տադ­րուած ե­ղած են հե­ռա­նալ դէ­պի Մի­ջին Ա­սիա։ Այժմ ա­նոր ծնող­նե­րը կ­­՚ապրն Խրի­մի մէջ, ուր ան չէ կրցած վե­րա­դառ­նալ 2014 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի գրա­ւու­մէն ետք։ Այս մա­սին գրած է նաեւ անգ­լիա­կան «Կար­տիըն» օ­րա­թեր­թը։

61-րդ «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ը ար­դէն իսկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին, իր հետ ա­ւար­տե­լով նաեւ ա­րուես­տի աշ­խար­հին մէջ մղուող այն­պի­սի սին պայ­քար, ո­րուն որ­պէս ար­դիւնք կա­րե­լի է բարձ­րա­ձայ­նել ու ա­պա­ցու­ցել, թէ սոյն մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը կը կրէր միայն խիստ քա­ղա­քա­կան բնոյթ։ Ա­մէն տա­րի «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի ա­ւար­տին քու­լիս­նե­րու ե­տին, թէ մա­մու­լի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ կ­­՚ընդգ­ծուին դժգո­հանք­ներն ու ժխտա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի կա­պակ­ցու­թեամբ: Մար­դիկ նոյ­նիսկ ի­րենց ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տե­լով կը հաս­տա­տեն, թէ յե­տայ­սու Հա­յաս­տան պէտք է կե­ցուածք ցու­ցա­բե­րէ ու կա­սեց­նէ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը սոյն մրցոյ­թին...: Ե­թէ մեր յե­տա­դարձ հա­յեացք­նե­րը սե­ւե­ռենք դեռ մօ­տիկ ան­ցեա­լին, երբ Սի­րու­շոն Հա­յաս­տա­նը «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի­ն ներ­կա­յա­ցու­ցած էր 2008-ին իր «Քե­լէ Քե­լէ» եր­գով, ոչ միայն հա­մայն հա­յու­թիւ­նը խան­դա­վա­ռած էր, այ­լեւ, նոյ­նիսկ մին­չեւ օ­րս՝ յու­նա­կան եւ կիպ­րա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րէն կը հնչէ որ­պէս լա­ւա­գոյն եր­գե­րէն մին:

Մի­թէ՞ գո­յու­թիւն ու­նի ո­րե­ւէ մարզ՝ ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին, կամ ըն­կե­րա­յին, որ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուած չէ... ար­դեօք պէտք է հրա­ժա­րի՞լ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լէ ա­մէն մար­զե­րէ ներս...

Հա­յը միշտ ալ պատ­րաստ ե­ղած է իր դէմ ցցուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ճա­կա­տա­բաց դի­մա­կա­յե­լու, հե­տե­ւա­բար ա­ռայժմ գո­հա­նանք մեր ար­ձա­նագ­րած, ա­յո՛ պա­տուա­բեր յաղ­թա­նա­կով ու ձգտինք դէ­պի նո­րա­նոր բարձ­րունք­ներ:

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016