ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րը, սա­տա­րող­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներն ու բո­լոր սա­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ սկսաւ շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան հան­դի­սու­թիւ­նը։ Զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­ներ հա­մախմ­բուե­ցան բա­ցօ­թեայ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ զու­գա­դի­պե­ցաւ լի­սէի բաժ­նի հիմ­նադ­րու­թեան յիս­նա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ա­նի Տե­լի­մել­քո­նօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Սե­դա Սէ­մէր­ճեան՝ որ­պէս ե­րի­ցա­գոյն, իսկ Տա­րօն Տեւ­լէ­թօղ­լու որ­պէս կրտսե­րա­գոյն բա­ժակ բարձ­րա­ցու­ցին Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին հա­մար։ Ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ յա­նուն սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան Ա­րա Քուր­տօղ­լու։ 25-ա­մեայ եւ 40-ա­մեայ շրջա­նա­ւարտ յո­բե­լեար դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։ 40-ա­մեայ յո­բե­լեար­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Նա­տիա Սե­րո­բեան, իսկ 25-ա­մեայ յո­բե­լեար­նե­րուն ա­նու­նով՝ Լեռ­նա Եա­ղեա­զան եւ Ղու­կաս Ար­զու­ման։ Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան դպրո­ցի այժ­մու սա­ներն ալ խմբերգ­նե­րով հան­դէս ե­կան՝ Ա­նի Քուր­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր եւ վար­ժա­րա­նի զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ ապ­րին զի­րար վե­րագտ­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016