ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։ Այս առթիւ Հրանոյշ Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ան կրկնեց նաեւ իր երախտագիտութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերուն եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ աշխատանքին կապակցութեամբ։ Այդ աշխատանքի թիրախը կը հանդիսանան յատկապէս հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման վերաբերեալ խնդիրները։ Հրանոյշ Յակոբեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ հոգեւորականները ամէնուրեք իրենց խօսքով ու գործով կը նպաստեն Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան ամրապնդման։
Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնն ու Հրանոյշ Յակոբեան քննարկեցին 2015-ի տարելիցին վերաբերեալ ձեռնարկներու կազմակերպչական աշխատանքին շուրջ հարցեր։ Առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառին հետ «Հայ հոգեւորականութեան հայանպաստ գործունէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներս հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն» խորագրեալ գիտաժողովի իրականացման առընչուող շարք մը հարցերու շուրջ։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետն ու սփիւռքի նախարարը անդրադարձ կատարեցին նաեւ արեւմտահայերէնի ուսուցման հիմնախնդիրներուն։
Տեսակցութեան աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց իր գլխաւորած նախարարութեան պատուէրով գիտնականներուն կողմէ կատարուած հետազօտութիւններէն նմոյշներ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024