«ԻՒՉԿԷՆ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄՕՏ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ, Պո­մոն­թիի «Իւչ­կէն» գե­ղա­րուես­տից աշ­խա­տա­նո­ցին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­վեր­ջի խառն ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ Այս ա­շխատանոցի մօտ հինգ տա­րե­կա­նէն սկսեալ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ան­ձե­րու հա­մար կը կազ­մա­կեր­պուին դա­սըն­թացք­ներ։ Նկար­չու­թեան ա­ռըն­թեր յախ­ճա­պա­կիի եւ ա­պա­կիի վրայ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ուղ-­ղու­թեամբ պատ­րաս­տու­թիւն կը տես­նեն աշ­խա­տա­նո­ցի մաս­նա­կից­նե­րը։ Պա­տաս­խա­նա­տու­ներն են՝ մեր յայտնի արուեստագիտուհիներէն Ժա­նին Փա­փա­զեան, Ա­նի Չի­մէն, Մել­թեմ Ե­նի­կիւն, ինչ­պէս նաեւ Ռու­բէն Է­րօլ Քիւրք­ճի­ւօղ­լու։

Տա­րե­վեր­ջի ցու­ցա­հան­դէ­սի շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են աշ­խա­տա­նո­ցի փոք­րիկ մաս­նա­կից­նե­րուն գոր­ծե­րը, ինչ­պէս նաեւ չա­փա­հաս­նե­րու նկար­չու­թեան եւ յախ­ճա­պա­կիի աշ­խա­տանք­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ եւս ե­րեք օր։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016