ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ ե­ռու­զեռ կը տի­րէ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ներ­կայ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին։ Տղա­քը ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը կը ներ­կա­յաց­նեն տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։ Վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին օ­րե­րուն հան­դէս ե­կան այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք պա­րի եւ խմբերգ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­նին։ Դպրո­ցի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Պա­րու­սոյց Նա­րօտ Կիւ­լէ­չի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին շարք մը պա­րեր՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու։ Հան­դի­սա­վարն էր Ա­րամ Կոս­տա­նեան։

Ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ խմբերգ­ներ։ Ա­նոնց հա­յե­րէն եր­գե­րու փուն­ջը խան­դա­վա­ռեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց հա­մակ­րան­քին ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին տղա­քը։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին բարձր գնա­հա­տեց Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի եւ Նա­րօտ Կիւ­լէ­չի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րու շնոր­հիւ տղոց մօտ հուն­տեր կը սեր­մա­նուի՝ մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը ճանչ­նա­լու եւ սի­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն դէմ­քեր եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016