ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ
Գալֆաեան Տան աւարտական դասարանի աշակերտներուն տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան, մինչ աւարտական դասարանի աշակերտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ կ՚առնեն իրենց վարժարանէն։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Այտա Գայաէր, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Գալֆաեանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն ուրախակից ըլլալու փութացած էին նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին՝ Հերիքնազ Աւագեանի։
Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր աւարտական դասարանի ուսուցչուհի Սիրանոյշ Էօզնիկոլեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ծրագիրը պատրաստուած էր «Սէր» կարգախօսով։ Տղաքը հանդէս եկան խմբերգներով, պարերով, արտասանութիւններով ու զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Հանդիսութեան աւարտին Այտա Գայաէր հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին անոնց յաջողութիւն մաղթեց ապագայի համար։ Ան միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատեց կրթական մշակներուն կողմէ աշակերտներուն համար ի գործ դրուած եռանդը։
Հանդէսէն վերջ բոլորը համախմբուեցան կէսօրուան ճաշասեղաններուն շուրջ, մինչ շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024