ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ 2015-2016 տարեշրջանի աւարտին միջնակարգը տուաւ իր 57-րդ ընթացաւարտները։
Վարժարանին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Յայտագրին մաս կազմեցին հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն զանազան ելոյթներ։ Նախապատրաստութիւնները վերահսկած էին ուսուցչուհիներ՝ Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Եուսուֆ Տեմիրթաշ եւ Մելիսա Կիւնտողտու։ Տղոց խմբերգները տեղի ունեցան Գարին Քիւչիւքօղլուի հսկողութեան ներքեւ։ Աշակերտներու ստեղծագործութիւններով պատրաստուած էր նաեւ մեծ ցուցահանդէս մը՝ Սումրու Էքշիօղլուի հսկողութեամբ։
Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ փոխ-տնօրէնուհի Հաթիճէ Ատանըր հանդէս եկան շնորհաւորութեան ելոյթներով։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանն ալ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ յանձնելով նուէրներ։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ շրջանաւարտներուն համար պատրաստած էր յիշատակներ, զորս յանձնեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք։
Տղաքը յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հետեւեցան հրաժեշտի արարողակարգին՝ ծափահարութիւններու տարափի մը մէջ։ Սա անոնց համար մեծագոյն քաջալերանքն էր՝ կրթական կեանքի նոր հանգրուանի մը սկիզբի սեմին։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին վարժարանի ծնողներուն կողմէ բացօթեայ սարքուած ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ շարունակուեցաւ արամեանցիներուն ուրախութիւնը։ Մինչ շրջանաւարտները կը զուարճանային՝ բոլորը անոնց փոխանցեցին ապագայ յաջողութեան մաղթանքներ եւ շնորհաւորութիւններ։